«Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ` Անսասան յոյս» վերտառութեամբ ուսումնաժողով Կիպրոսի մէջ։
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Պենետիկտոս ԺԶ երջանկայիշատակ Քահանայապետի «Ecclesia in Medio Oriente» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի 10րդ ամեակին առիթով, Կիպրոսի մայրաքաղաք Նիկոսիայի մէջ` 20էն 23 ապրիլին, կազմակերպուած է «Եկեղեցին Միջին Արեւելքի մէջ` անսասան յոյս» վերտառութեամբ ուսումնաժողով մը, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Միջին Արեւելքի Եկեղեցիներու պատրիարքներն ու իրենց ներկայացուցիչները ինչպէս նաեւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան Վերատեսուչ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթին եւ Վերատեսչութեան քարտուղար` Հայր Միշել Ժալախը։
Ուսումնաժողովին բացման արարողութիւնը նախատեսուած է 20 ապրիլի կէսօրէն ետք ժամը չորսին, Երուսաղէմի Լատիններու Պատրիարք` Գերերջ. Փիերպաթթիսա Փիցցապալլային կատարած աղօթքով, որուն կը յաջորդէ Գերապայծառ Քլաուտիօ Կուճերոթթիին եւ Կիպրոսի մէջ Պապական Նուիրակ Գերապայծառ Ճան Փիեթրօ Տալ Թոզոյին բացման խօսքերը, մինչ Երուսաղէմի Լատինաց պատրիարք Փիցցապալլան զեկոյց կ՛ունենայ «Ecclesia in Medio Oriente» յետ սիւնհոդոսական յորդորագիրի 10րդ ամեակի մասին։
Երեք օր տեւող ուսումնաժողովի ընթացքին ելոյթ կ՛ունենան զանազան Եկեղեցական անձնաւորութիւններ ու մասնագէտներ, որոնք պիտի զեկուցեն տարբեր նիւթերու մասին, ինչպէս` «քրիստոնէական կազմաւորումը», «Իսլամական Պետութենէն մինչեւ Մարդկային եղբայրութիւնը», «Ազատութիւն եւ իրաւունք» ապա «Քրիստոնեաներու յանձնառումը» եւ «Միջին Արեւելքի մէջ կաթողիկէ հաստատութիւններու մարտահրաւէրներն ու հնարաւորութիւնները»։
Ուսումնաժողովի ընթացքին ամէն առաւօտուն նախատեսուած Արեւելեան մէկ ծէսով պատարագ մինչ երեկոյեան արեւելածէս աղօթք։
հաւաքներուն կը մասնակցի նաեւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ հայոց Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ կաթողիկոս պատրիարքը եւ Պէյրութի Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքական Թեմի օգնական եպիսկոպոս` Գերապայծառ Գէորգ Եպիսկոպոս Ասատուրեան։ Հինգշաբթի 21 ապրիլի երեկոյեան նախատեսուած է հայկական ծէսով աղօթք։
Ժողովը կ՛աւարտի 23 ապրիլի առաւօտեան Գերապայծառ Քլուատիօ Կուճերոթթիի զեկոյցով, որուն կը յաջորդէ եզրափակիչ Սուրբ Պատարագ, զոր կը նախագահէ Մարոնիներու Պատրիարքը Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ալ Ռային։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ