«Այս Քարաշէն Եկեղեցիէն Ներս...». Մոնթրէալի Հայ կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 40 ամեակը
Ամեակները կ'ընձեռեն առիթը յետադարձ ակնարկ մը սեւեռելու ու խոկալու Աստուծոյ նուիրած բարիքներուն մասին:
Այդ բարիքներէն մին մեզի կը յիշեցնէ, թէ քառասուն տարի առաջ օծումը կատարուեցաւ Տիրամայր Նարեկի մեր այս գեղեցիկ ու քարաշէն եկեղեցիին:
Չքնաղ տարեդարձ, որ զիս կը հետապնդէ անդրադառնալու Համայնքի մը ողնահար՝ վերոյիշեալ կառոյցին նշանակութեան եւ անփոխարինելի դերի մասին:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Քրիստոնէականը մեզի կը թելադրէ, թէ «Ժողովրդապետութիւնը հաւատացեալներու յատուկ հասարակութիւն մըն է, մնայուն կերպով հաստատուած տեղական Եկեղեցիի մը մէջ, որուն հովուական պաշտօնը յանձնուած է հովիւ ժողովրդապետի մը, թեմական եպիսկոպոսին իշխանութեան ներքեւ: Ժողովրդապետութիւնը այն վայրն է, ուր բոլոր հաւատացեալները կրնան համախմբուիլ կիրակնօրեայ Պատարագին մասնակցելու համար:
Ժողովրդապետութիւնը կը վարժեցնէ քրիստոնեայ ժողովուրդը ծիսական կեանքի եւ կը համախմբէ համայնքի անդամները՝ ծիսակատարութիւններու ընթացքին: Ան կը սորվեցնէ նաեւ Քրիստոսի փրկարար վարդապետութիւնը եւ կը կիրարկէ Տիրոջ սէրը՝ բարի եւ եղբայրական գործերով» (ԿԵՔ 2179):
Իւրայատուկ բնորոշում մը կը գտնենք, նաեւ, Ս. Յովհաննէս Պօղոս Բ. Քահանայապետի խոհերուն մէջ. «ժողովրդապետութիւնը այն վայրն է, ուր Ընդհանրական Եկեղեցին կը գտնէ իր ամէնէն անմիջական եւ տեսանելի արտայայտութիւնը»:
Կրնանք անվարան ըսել, հետեւաբար, թէ ժողովրդապետական եկեղեցին այն վայրն է՝
-Ուր Քրիստոսի ներկայութիւնը իրական է.
-Ուր Մեր Տիրոջ կեանքն ու սէրը կը յիշատակուին ու զգալի կը դառնան.
-Ուր աստուածային Վարդապետի աւետարանական ճշմարտութիւնները կը հռչակուին, կեանքի կը վերածուին ու կը փոխանցուին սերունդէ սերունդ.
-Ուր Մարդացեալ Բանին ողորմութիւնն ու կարեկցութիւնը կը յայտնուին:
Այլ խօսքով, շնորհիւ ժողովրդապետութեան, Ընդհանրական Եկեղեցին գործնականապէս եւ տեսանելիօրէն կը ներկայանայ իբրեւ Խորհրդական Մարմինը Քրիստոսի:
Իւրաքանչիւր ժողովրդապետական եկեղեցի Աստուծոյ սուրբ տաճարն է. Տիրոջ եւ Իր ժողովուրդին սրբազան բնակավայրը: Այդ քարաշէն եկեղեցիէն ներս, Հաւատացեալները՝
• Շնորհիւ Մկրտութեան Ս. Խորհուրդին Աստուածային կեանքի կը կոչուին ջուրով եւ Ս. Հոգիով.
• Շնորհիւ Դրոշմի Ս. Խուրհուրդին կը զօրանան ու Քրիստոսի վկաներ կը դառնան.
• Շնորհիւ Ս. Հաղորդութեան Խորհուրդին կը սնանին Քրիստոսի Մարմինով եւ Արիւնով.
• Շնորհիւ Խոստովանանքի կամ Ապաշխարութեան Ս. Խորհուրդին կ'ընդունին թողութիւնը Իրենց մեղքերուն.
• Շնորհիւ Ս. Պսակի Խորհուրդին կը դառնան մէկ մարմին.
• Տապանակին մէջ ճշմարտապէս ներկայ Քրիստոսի հետ դէմ դիմաց կը գտնուին, եւ
• Հաւատքի հոգիով հրաժեշտ կ'առնեն այս աշխարհէն, յուղարկաւորութեան աղօթքներով:
Ժողովրդապետական եկեղեցիէն ներս, հետեւաբար, հաւատքով, յոյսով եւ սիրով մտնող հաւատացեալներու հոգին կը լուսաւորուի եւ կը պայծառակերպուի:
Եկեղեցիէն ներս, ժողովրդապետութեան բարոյական շէնքը կազմող հաւատացեալները կը միանան իրարու, ըստ միութեան Ամենասուրբ Երրորդութեան՝ Հօր, Որդւոյ եւ Ս. Հոգւոյ:
Տասնվեց դար առաջ, Եկեղեցւոյ Ս. Հայրապետներէն Յովհաննէս Ոսկեբերան կը պատգամէր. « Դուն չես կրնար աղօթել տան մէջ, ինչպէս կ'աղօթես եկեղեցւոյ մէջ, ուր հաւաքուած կայ մեծ բազմութիւն, ուր աղերսները կը բարձրանան դէպի Աստուած մէկ սրտէ ...: Հո'ն աւելին կայ: Կայ միութիւնը մտքերուն, համերաշխութիւնը հոգիներուն, կցորդութիւնը սիրոյ, աղօթքները քահանաներուն»:
Հո'ն, ուր
«Խորանէն մխացող քուլայ-քուլայ խունկերով
Եւ իր պատերը ցնցող աղօթքներով ալեխռով...» (Վահան Թէքէեան, Եկեղեցին Հայկական),
Եկեղեցին կը դառնայ իսկական ծննդավայրը մեզմէ իւրաքանչիւրին համար:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ