Զմմառու մէջ Աստուածամօր Անարատ սուրբ Սրտին Նուիրագործումին 70 ամեակը
Կիրակի 31 Մայիս 1953 թուականը կը զուգադիպէր Զմմառու վանքի ուխտագնացութեան օրուան:
Այս տարի 70-ամեակն է պատմական այդ դէպքին:
Ծիրանաւոր Աղաճանեան Կաթողիկոս Կարդինալը, Հայ Կաթողիկէ Արքեպիսկոպոսներն ու եպիսկոպոսները, բարձրաստիճան եկեղեցականներ, Զմմառու Պատրիարքական Միաբանութեան և Մխիթարեան Ուխտի Հայրերը, Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերը, Զմմառու վանքի ընծայարանի սաները, ինչպէս նաեւ Պէյրութէն և շրջակայ գիւղերէն ուխտաւոր հաւատացեալներ 70 տարիներ առաջ, Կիրակի 31 Մայիս 1953-ին, կը ժամանեն Զմմառու վանք:
Արարողութիւնը կը սկսի թափօրով՝ Զմմառու վանքի մուտքէն, որուն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն նաեւ Հ. Կ. Սկաուտները և շեփորախումբը:
Զմմառու վանքի Ուխտի օրուան Սուրբ և Անմահ Պատարագը կը մատուցանէ Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը մեծ շուքով, իսկ Պատարագի երգեցողութիւնը կը կատարէ Հ. Կ. Պատրիարքարանի Կիլիկիա երգչախումբը:
Ս. Աւետարանի ընթերցումէն ետք, Հոգեւոր Տէրը իր հայրական պատգամը կը փոխանցէ ներկաներուն, որուն հիմնական մասերը կը մէջբերենք. «Այսօր, Զմմառու վանքին մէջ, յիշատակելի օր մը կ'ապրի մեր հասարակութիւնը:
Հաւաքուած են մեր Նուիրապետութեան վիճակաւորները, մեր Միաբանութեանց Աբբահայրերը, մերձաւոր և հեռաւոր առաքելութեանց Մեծաւորները. Հաւաքուած էք և դուք՝ հաւատացեալներդ, նուիրման համար՝ մեր հասարակութեան, և անոր ընդմէջէն՝ ամբողջ Ազգին, Ս. Աստուածամօր Անարատ Սրտին:
Դարերը հռչակեցին Ս. Աստուածամօր սիրտը՝ խորհրդանիշ, յայտարար, և սրբարա՛ն մարդկային զգացումներուն և սիրոյն:
Սէր մը՝ անսահմա՛ն, աննմա՛ն:
Այսօր, Տիրամօր Անարատ Սրտին կը նուիրենք մեր հասարակութիւնը և մեր Ազգը:
Արդարեւ, մեր վերանորոգ Պատրիարքութիւնը իր հիմնադրութեան օրէն իսկ՝ դրուած է Ս. Աստուածամօր հովանիին ներքեւ:
Մեր զոյգ Մխիթարեան Միաբանութիւններուն անդամները եւս որդեգիր զաւակներն են Ս. Կոյսին՝ Մխիթար Աբբահօր կտակով:
Անարատ Յղութեան Քոյրերու Միաբանութիւնը իր կարգին նուիրուած է Աստուածամօր Անարատ Սրտին:
Մեր Նուիրապետութիւնը, մեր ամբողջ հասարակութիւնը, ուրեմն, շո՛ղ մըն է Աստուածամօր Անարատ Սրտէն բխած:
Առաջին համաշխարհային Պատերազմի վաղորդայնին, Աստուածամայրը Ֆաթիմայի մէջ ի Փորթուկալ, երեւնալով երեք անմեղունակ հոգիներու (հովիւներու), անոնց միջոցով յանձնարարեց որ մարդիկ ջերմեռանդութիւն տածեն իր Անարատ Սրտին հանդէպ:
Այդ ջերմեռանդութիւնը ցոյց տրուեցաւ մեծ նախանձախնդրութեամբ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ կողմէ. Համայն Կաթողիկէ համայնքները ընծայելով Աստուածամօր Անարատ Սրտին:
Այսօր, մենք եւս ընծայելով մեր համայնքը Աստուածամօր Անարատ Սուրբ Սրտին՝ այդ ջերմեռանդութեան մասնակից կ'ըլլանք:
Ֆաթիմայի Տիրամայրը կը մատնանշէր մեծ երկիր մը, Ռուսիան՝ Խորհրդային միութիւնը, ուր կը խմորուէր վարդապետութիւն մը կրօնամերժ. Ան կը պահանջէր որ իր Անարատ Սրտին նուիրուի նաեւ ա՛յդ երկիրը, որուն դարձով - հետեւաբար Տիրամօր Սրտին յաղթանակով- պիտի փրկուի խաղաղութիւնը:
Տարիներ անց, 1991-ին, Խորհրդային միութիւնը կը փլուզուի:
Ֆաթիմայի երեւումներու 25-ամեակին, 31 Հոկտեմբեր 1942-ին, Պիոս ԺԲ. Հռոմի խաղաղասէր Սրբազան Քահանայապետը (1938-1958), Տիրամօր խնդրանքին ընդառաջելով՝ երկրորդ համաշխարհային պատերազմէն տառապած աշխարհը նուիրեց Մարիամի Անարատ Սրտին:
Նոյն Քահանայապետը՝ 7 Յուլիս 1952-ին, Աստուածամօր Անարատ Սրտին նուիրեց ամբողջ Ռուսաստանը. այդ նուիրման մասնակի՛ց եղանք նաեւ մենք, քանի որ քաղաքական տեսակէտով Հայաստանը կցուած է Ռուսիոյ:
Տա՜յր Աստուած որ այս նուիրումը զոր կը կատարենք այստեղ, ունենալով մեր սրտին մէջ մեր բովանդակ Ազգը, կատարէինք օր մը, Հայրենիքին մէջ: Մինչ այդ՝ ջանանք ունենալ կեանք մը արժանաւոր և Աստուածահաճոյ»:
Կիրակի 31 Մայիս 1953-ին, Զմմառու վանքին մէջ Աղաճանեան Կարդինալ Կաթողիոսին Աստուածամօր Սուրբ Սրտին հայ ազգին նուիրագործումը՝ պատմական նշանակութիւն ունեցաւ:
Աստուածամօր Անարատ Սրտի նուիրման պատմական օրը յետագային նուիրականացաւ Յուշավէմով մը, զոր կանգուն է ցայսօր վանքի մուտքին, հայցելով Տիրամօր հզօր պաշտպանութիւնը մեր կղերին և ժողովուրդին և համօրէն Ազգիս Հայոց:
70 տարիներէ ի վեր Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Պատրիարքութիւնը ամէն տարի հաւատարմօրէն կը տօնախմբէ Երէց Կարդինալին թողած աւանդը:
Կարդինալի Աղաճանեանի կողմէ Հ. Կ. Նուիրապետութեան և հասարակութեան Աստուածամօր սուրբ Սրտին նուիրումէն 70 տարիներ ետք, 28 Մայիս 2023-ին, Զմմառու վանքի Ուխտի օրը, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ և Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ Պետրոս 21 Կաթողիկոս Պատրիարքը, Սուրբ և Անմահ Պատարագի ընթացքին, հայրապետական պատգամի պահուն՝ նորոգեց հայազգի մեծ Կարդինալին կատարած ուխտը:
Այս դժուարին օրերուն կրկին անգամ յանձնելով Հ. Կ. Նուիրապետութիւնը և համայն հայութիւնը ի Հայաստան, յԱրցախ և ի Սփիւռս Տիրամօր Սուրբ Սրտի հովանաւորութեան և պաշտպանութեան:
Տիրամօր Անարատ Սրտի նուիրագործման 70-ամեակի յիշատակութեան առթիւ՝ աղօթենք առ Ամենաբարի՛ն Աստուած, որ Տիրամօր բարեխօսութեամբ օրհնէ՛ հայ ժողովուրդը և բոլոր քրիստոնէութիւնը. հեռու պահէ՛ ամէն տեսակ փորձութենէ և դժուարութիւններէ, և աշխարհիս խաղաղութիւն պարգեւէ:
Ս. Կոյս Մարիամի հովանին յաւերժ ներկայ ըլլայ մեր ժողովուդին և բոլորին վրայ, մանաւան՛դ այս օրերուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ