Մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսի համբարձումը երկինք
Վատիկան Նիուզ - Հայկական Բաժանմունք
Յինանց վեցերորդ շաբաթը մեզ կը հասցնէ Քրիստոսի գլխաւոր տօներէն մէկուն, որ է Համբարձման տօնը, որ կը յիշատակուի յարութենէն ճիշդ 40 օր ետք, եւ որ կը տօնուի հինգշաբթի օրը ու այս տարի 18 մայիսին։
Համբարձման դէպքին նկարագրուիւնը կը գտնենք Ղուկասի աւետարանին մէջ մինչ միւս աւետարանները կը վերջանան Քրիստոսի պատգամովը աշակերտներուն, որպէսզի երթան քարոզեն իր աւետարանը աշխարհիս բոլոր կողմերը։
Ղուկասի Աւետարանին մէջ Յիսուսին Համբարձման դրուագը ներկայացուած է այսպէս. «Յետոյ Յիսուս տարաւ զանոնք Բեթանիա եւ ձեռքերը բարձրացնելով օրհնեց զանոնք, եւ մինչ կ'օրհնէր, բաժնուեցաւ անոնցմէ եւ վերացաւ դէպի երկինք: Անոնք երկրպագութիւն ըրին առջեւը եւ ուրախութեամբ վերադարձան Երուսաղէմ: Անոնք Տաճարն էին շարունակ կը գովէին ու կ՛օրհնէին զԱստուած»։ (Ղուկաս 24, 50-53):
Շարականները
Քրիստոսի աշխարհէս հրաշալի վերացումը Ժամամուտի մէջ մեկնաբանուած է սքանչելիօրէն։ Իսկ շարականագիրը կը նկարագրէ հիացմունքը վերնականներուն, այսինքն երկնքի բնակիչներուն, որոնք կը տեսնեն թէ ինչպէս անձ մը կը բարձրանայ երկրէն եւ կու գայ դէպի երկինք. Անոնք կը բացագանչեն. «Ո՞վ է սա որ դիմեալ գայ յերկրէ, այսինքն ո՞վ է այս անձը որ երկրէն կու գայ դէպի մեզ։ Սա մարդացեալ Քրիստոսն է որ, կու գայ վերագրաւելու իր փառքի աթոռը, սակայն ան զգեցած է մարդկային մարմին եւ զայն փառաւորելու համար է որ կը վերանայ դէպի երկինք, պահելով իր մէջ երկու բնութիւնները, մարդկայինն ու աստուածայինը, յաւիտենականօրէն»։
Ժողովրդական տօն
Համբարձման տօնը է նաեւ հայկական շատ ժողովրդական տօն. Ան կը պատահի ընդհանրապէս գարնան կէսերուն եւ առիթ կու տայ ժողովուրդին երթալու դէպի դաշտերն ու լեռները եւ զանազան խաղեր, մրցումներ ընելու, արական խումբերու համար, իսկ կիներուն ու աղջիկներուն սովորութիւնն է Համբարձման վիճակ քաշել եւ անով զուարճանալ, ինչպէս նաեւ զանազան երգեր ու պարեր կատարել։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ