«Տարածենք եղբայրութեան պատգամը. Արցախի հայերը մի մոռնաք». Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Այսօր շաբաթ 24 Յունիսին, Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորչի «Գիւտ Նշխարաց» տօնին օրը, Նափոլիի աշխարհածանօթ Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ Եկեղեցիէն ներս հնչեցին Մեծն Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի հայկական շարականները եւ աղօթք բարձրացաւ առ Աստուած` վասն Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ.ին, Անոր քահանայական ձեռնադրութեան յիսուն ամեակին առիթով։
Արդարեւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը այս ուրախալի յոբելեանը ուզեց նշել ուխտագնացութեամբ դէպի Նափոլիի Սուրբ Գրիգոր Լուսաւորիչ տաճար, այնտեղ իր երախտագիտական պարտքը յայտնելու Աստուծոյ, իրեն պարգեւած շնորհքներուն համար, ու միեւնոյն ժամանակ հայցելու հայոց Սուրբ Հայրապետին բարեխօսութիւնը։
Այս Յոբելենական տօնակատարութեան ծիրէն ներս ուրբաթ 23 Յունիսի երեկոյեան տեղի ունեցաւ բանախօսութիւն մը նուիրուած Սուրբ ներսէս Շնորհալի հայրապետին, զոր իտալերէն լեզուով ներկայացուց Հայր Գրիգորիս Վրդ. Սերնեանը, մինչ այսօր առաւօտեան ժամը 11-ին տեղի ունեցաւ յատուկ արարողութիւն մը, որուն իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Նափոլի քաղաքի Արքեպիսկոպոս Գերապայծառ Տոմենիքօ Պաթթալիա, որուն ընթացքին Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ պատրիարքը վկայութիւն ներկայացուց իր կեանքին ու առաքելութեան մասին, անդրադարձ կատարելով նաեւ Միջին Արեւելքի ու Հայաստանի մէջ քրիստոնեաներու ապրած իրողութեան մասին։
«Եւրոպայի մէջ ձեր հայեացքն ու միտքը ուղղուած են Ուքրանիոյ պատերազմին ու այս մէկը չի կրնար տարբեր ըլլալ, սակայն գոյութիւն ունին բազմաթիւ այլ պատերազմներ եւ թշուառութիւններ, որոնց մասին ոչ մէկը կը խօսի» ըսաւ ի միջի այլոց Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը, խօսելով Միջին Արեւելքի մէջ քրիստոնեաներուն ապրած մեծ դժուարութիւններուն մասին, մասնաւորապէս Լիբանանի մէջ, ուր տագնապը հետզհետէ կը վատանայ եւ ուր «ամէն բան կը պակսի ու նոյնիսկ յոյսը», ըսաւ Հայ Կաթողիկէներու Պատրիարքը։
Ան ապա ուզեց յատուկէն շեշտը դնել եւ անդրադառնալ Արցախահայութեան ապրած ծանր տագնապին վրայ դատապարտելով Բերձորի միջանցքի փակումը եւ Արցախի ժողովուրդին ամբողջական շրջափակումը։
«Կ՛ուզեմ ի վերջոյ ձեզի ներկայացնել սրտիս խօսող ու սիրտս յուզող կարեւոր հարց մը» ըսաւ Մինասեան պատրիարքը, «Այսօր 120 հազար հայ ազգի զաւակներ, մանուկներ, տարեցներ, կիներ ու այր մարդիկ, վեց ամիսէ աւելի կը գտնուին շրջափակման մէջ, որովհետեւ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները փակած են միակ ճանապարհը` որ զանոնք կը միացնէ Հայաստանին ու աշխարհին»։
Ասկէ մեկնելով Կաթողիկոս Պատրիարքը դատապարտեց մեղսակից լռութիւնն ու անշարժութիւնը անոնց` որոնք «շահը կը գերադասեն արժէքներուն վրայ»։ Արժէքներ ինչպիսիք են յարգանքը, ազատութիւնը, արժանապատւութիւնը, հաւասարութիւնը, մարդկային իրաւունքն ու եղբայրութիւնը» յարեց Ան կոչ ուղղելով չմոռնալ Արցախի Հայերը եւ հաստատելով, թէ ինք եկած է Նափոլի քաղաք, Սուրբ Գրիգոր Եկեղեցի, որպէս ուխտաւոր, այս սուրբ վայրէն հայցելու համար Հայոց Սուրբին եւ Նափոլի քաղաքի պաշտպան սուրբերուն բարեխօսութիւնը, որպէսզի «մեզի օգնեն միասին տարածելու եղբայրութեան պատգամը` որուն այսօր մեծ կարիք ունի աշխարհը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ