Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելութիւն մը տուաւ Լեռնալիբանանի շրջան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Տէր Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Կաթողիկոս Պատրիարքը այցելութիւն մը տուաւ Լեռնալիբանանի շրջան, ընկերակցութեամբ՝ նախկին նախարար Ռիշար Գույումճեանի, Պէյրութի պատրիարքական թեմի օգնական եպիսկոպոս Արհի. Գէորգ Եպս. Ասատուեանի, Տէր Րաֆֆի քհնյ. Յովհաննէսեանի, Հայր Արամ վրդ. Աբրահամեանի, Հայր Կարապետ վրդ. Գլընճեանի եւ Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութեան՝ հասարակութեան հետ կապերու պատասխանատու Շարպէլ Պասթուրիի:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նախ այցելեց Շանէյ շրջան, ուր հանդիպում ունեցաւ Տիւրզի համայնքապետ՝ Շէյխ տոքթոր Սամի Ապի ըլ-Մունային հետ, ներկայութեամբ՝ Տիւրզի համայնքի բարձրագոյն խորհուրդի անդամներուն, Արֆան Տիւրզի հաստատութեան ներկայացուցիչներուն, համայնքապետ շէյխի լրատուական խորհրդատուին, Շանէյի քաղաքապետին եւ շրջանի պատկան մարմիններուն:
Այս առիթով, Հոգեւոր Տէրը շնորհակալական խօսք մը ուղղեց Տիւրզի համայնքապետին՝ անոր ջերմ ընդունելութեան համար, եւ այս առիթով վերահաստատեց համակեցութեան ու համագործակցութեան անկեղծ ազգային ոգին: Ան նաեւ անդրադարձաւ սիրոյ խորհրդանշական շնորհքին, զոր բոլորս կ'ապրինք համախոհութեամբ այս երկրին մէջ, վերյիշելով անցեալի փայլուն հանգրուանները: Հոգեւոր Տէրը իր խօսքը եզրափակեց նշելով, թէ նախապէս Քըսըրուանի մէջ հայերը սերտ յարաբերութիւններ հաստատած էին Լեռնալիբանանի իրենց եղբայրակիցներուն հետ, յոյս յայտնելով որ Լիբանանի բոլոր զաւակները աւելի լաւ ապագայ մը կերտեն միասնաբար, ամենայն համերաշխութեամբ ու հաւասարութեամբ:
Տիւրզի համայնքապետը իր կարգին բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց, որուն մէջ ողջունեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տիրոջ այցելութեան ու ջերմ խօսքերուն համար: Ան կոչ ուղղեց համերաշխութեան ու համամիութեան համար, զանոնք նկատելով որպէս Աստուածային կոչում՝ միասին համախմբուելու, ազգային ու համամարդկային եղբայրութեամբ ու սիրով: Ան յայտնեց թէ «մեզ շատ բան կը միացնէ, որովհետեւ մեր առաքելութիւնը մէկ է՝ սիրոյ ու եղբայրութեան առաքելութիւնն է, համակեցութեամբ ապրելու որպէսզի կերտենք մարդը, ընկերութիւնն ու հայրենիքը: Ապա ան անդրադարձաւ այն զանազան մարտահրաւէրներուն, որ կը դիմագրաւէ ներկայիս հայրենիքը, շեշտելով որ ան պէտք ունի մեր միասնական խօսքին ու աղօթքներուն, ինչպէս նաեւ մեր միասնական առաջադրանքներուն ու կոչերուն, որպէսզի յարմար լուծումներ յառաջանան ի նպաստ ժողովուրդին ու երկրին:
Տիւրզի համայնքապետը նաեւ ընդգծեց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը, անդրադառնալով այն բոլոր բարեացակամ նախաձեռնութիւններուն, որոնք կը նպաստեն այս ուղղութեամբ, փրկելու համար երկրի տագնապալի իրավիճակը:
Այնուհետեւ, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին Շուֆ շրջանի մէջ գտնուող մայրիներու բնապահպանական անտառը, ուր անոնց դիմաւորեցին շրջանի ներկայացուցիչներն ու պատկան մարմինները: Այս առիթով խօսք առաւ Պարուքի քաղաքապետը, որ բարձր գնահատեց Հոգեւոր Տիրոջ այցելութիւնը, որ կ'ամբողջացնէ նախկին պատրիարքներու այցելութիւնները: Այլ խօսքերէն ետք, տեղի ունեցաւ ընդհանուր ծանօթացում մը այս բնական տեսարժան վայրին մասին:
Աւարտին, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը յատուկ խօսք մը ուղղեց, անդրադառնալով այս այցելութեան կարեւորութեան մասին, որ կը միացնէ անցեալը ներկային եւ կը վերահաստատէ նախկիններէն մնացած ժառանգը, զայն պահելով եւ համերաշխութեամբ ապրելով՝ որպէս մէկ Աստուծոյ զաւակներ եւ մարդկութեամբ եղբայրներ: Ան նաեւ գնահատեց անոնց, որոնք կը ծառայեն մեծ նուիրումով ի սպաս տառապեալ ժողովուրդին երկրի մէջ տիրող ներկայ դժուար պայմաններուն, յուսալով որ կարելի կ'ըլլայ մասամբ ամոքել այդ ցաւերը ինչպէս էր անցեալին, այդ լաւ բարգաւաճ օրերուն, երբ բոլորը համերաշխութեամբ ու սիրով կ'ապրէին Լիբանան հայրենիքի հողին վրայ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը ապա իր անունով մայրի ծառ մը տնկեց, անտառի յատուկ տարածքի մը մէջ, ուր նաեւ կը գտնուին Տիւրզի համայնքապետի, Նասրալլա Սֆէյր ու Րահի պատրիարքներու անուններով տնկուած ծառերը, ապա այցելեց տեղւոյն բնութեան ու անտառի մասին նկարչութեան ցուցասրահը:
Շուֆի մայրիներու անտառէն ետք, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ անոր ընկերացող պատուիրակութիւնը այցելեցին Տիւրզի համայնքին պատկանող Արֆան մարդասիրական հաստատութիւնը, ուր անոնց դիմաւորեցին Շէյխ Նազիհ Րաֆէ եւ Շուֆ շրջանի Ընկերվար Յառաջդիմական կուսակցութեան ներկայացուցիչ՝ տոքթոր Օմար Ղաննամ:
Շէյխ Նազիհ Րաֆէ նախ բարի գալուստի խօսք մը արտասանեց եւ ընդհանուր ծանօթացում մը կատարեց Արֆան հաստատութեան մասին 1971-էն ի վեր, ներկայացնելով անոր մարդասիրական, կրթական ու ընկերային ծառայութիւններուն մասին: Ապա ողջունեց հայ ժողովուրդը եւ անոր գոյապայքարը անցեալէն մինչեւ օրս, բարձր գնահատելով անոնց ժառանգած աւանդութիւնները եւ մարդկային ու մշակութային արժէքները, որ կը բաժնեկցին այլ համայնքներուն հետ, գլխաւորապէս Տիւրզի համայնքին հետ:
Հոգեւոր Տէրը իր կարգին շնորհակալական խօսք մը ուղղեց ջերմ ընդունելութեան համար, յայտնելով իր եղբայրական սէրն ու մօտեցումը բոլոր ներկաներուն՝ անհատներ թէ հասարակութիւններ, եւ ըսաւ. «Սէրը անկեղծութեան, բարի մօտեցումի եւ նոր կեանքի ազդանշանն է, որ նոր խինդ ու յոյս կը ներշնչէ, ինչպէս նաեւ ներում ու համախոհութիւն կը պարգեւէ»: Ան եզրափակեց իր խօսքը բարեմաղթութիւններ կատարելով ի սպաս ընկերային համերաշխութեան ու փոխադարձ սիրոյ ամրապնդման:
Այնուհետեւ, Հոգեւոր Տէրը եւ պատուիրակութիւնը շրջագայեցան հաստատութեան մէջ, այցելելով անոր թանգարանը: Ապա մասնակցեցան այս առիթով պատուոյ սիրոյ սեղանին՝ Տիւրզի համայնքապետի ներկայութեամբ:
Այցելութեան ծիրէն ներս, Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը եւ ընկերակցող պատուիրակութիւնը անցան դէպի Պէյթ Ըլ Տինի մարոնի առաջնորդարանը, ուր անոնց դիմաւորեցին մոնսէնիոր Մարուն Քիուան եւ խումբ մը քահանաներ եւ շրջանի ներկայացուցիչներ: Այս առիթով, անոնք այցելեցին առաջնորդարանի եկեղեցին եւ շրջագայեցան կեդրոնին մէջ:
Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը իր այցելութիւնը աւարտեց Տէյր ըլ-Քամարի մէջ, ուր հանդիպում ունեցաւ Յոյն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ առաջնորդի ներկայացուցիչին հետ, ներկայութեամբ՝ Տէյր ըլ-Քամարի քաղաքապետին, քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամներուն եւ շրջանի թաղապետներուն ու պատկան մարմիններուն:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ