Որոնել

Ամենասուրբ Երրորդութիւնը`Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի Ամենասուրբ Երրորդութիւնը`Հայր, Որդի, Սուրբ Հոգի 

Կիրակնօրեայ Աւետարան. Տօն Ամենասուրբ Երրորդութեան

Քրիստոնեաներս կ՛ապրինք Սուրբ Երրորդութիւնը երբ իրար կը սիրենք, ինչպէս որ Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերը զիրար կը սիրեն եւ իրարու կապուած կը մնան յաւիտեան այս սիրոյն ընդմէջէն։

Այսօրուայ Աւետրանին մէջ՝ Յիսուս յստակօրէն կը խօսի առաքեալներուն երրորդ աստուածային անձի մը մասին, զոր կը կոչէ Սուրբ Հոգի եւ զայն կ'որակէ Մխիթարիչ։ Հանդիսաւոր խոստում մը կը կատարէ անոնց թէ` որբ պիտի չթողու զիրենք իր մեկնելէն ետք այս աշխարհէն։ Մինչ առաքեալները միշտ կ'երազէին թէ Յիսուս պիտի հռչակուէր թագաւոր եւ իրենք ալ պիտի ըլլային մէկական իշխաններ, ահա Յիսուս կը մեկնի տալով իրենց խոստում մը, որ պիտի ղրկէ իրենց Սուրբ Հոգին:

Մինչեւ Սուրբ Հոգւոյ գալստեան օրը, Սուրբ Երրորդութեան երրորդ այս անձը, որուն մասին կը խօսի Յիսուս, տակաւին անյայտ կը մնայ, մինչեւ այն օրը երբ առաքեալները իսկապէս կը զգան անոր զօրութիւնը եւ կը համարձակին դուրս ելլել իրենց պահուըտած տեղէն, քարոզելու համար Քրիստոսի աւետարանը, պատմելու համար ներկայ ժողովուրդին, եւ ապա` բոլոր աշխարհին այն մեծ անձնաւորութեան խօսքերն ու սքանչելի գործերը, այն երեք տարիներու ընթացքին որ անոնք ապրեցան իր հետը եւ վայելեցին իր խօսքերը։

Սուրբ Հոգին ուժ մըն է որ կու գայ ամբողջացնելու աստուածութեան էութիւնը: Անով ամէն ինչ կարելի կ՛ըլլայ. Յիսուս կ՛ըսէ` ես Հօրս մէջն եմ եւ դուք իմ մէջս եւ ես` ձեր մէջ։ Այս բոլոր յարաբերութիւնները կարելի կ՛ըլլան Սուրբ Հոգւոյ միջոցաւ։ Ինչպէս որ Հոգին կ՛երթայ Որդիէն դէպի Հայրը եւ փոխադարձաբար` Հօրմէն դէպի Որդին, նոյնպէս ալ ան կ՛երթայ Որդիէն դէպի մեզ եւ մեզմէ դէպի Որդին։ Ան կը նմանի կեդրոնական ելեկտրակայանի մը, որ ամբողջ ցանցին կը բաշխէ ելեկտրական ուժ մը. բաւական է որ կապուած մնանք այս ցանցին, որպէսզի ստանանք լոյսը։ Եթէ մեր կապը չկորսնցնենք մեղքով, Սուրբ Հոգւոյն ուժը կ՛անցնի մեր մէջէն, մեզ կը զօրացնէ դժուարութիւններուն դիմաց եւ կը փարատէ ոխը, քէնը եւ բոլոր հակառակութիւնները։

Գործնականին մէջ, այս կապը հաստատ կը մնայ եթէ սիրենք Քրիստոսը եւ հաւատարիմ մնանք անոր խօսքերուն, զանոնք գործադրելով մեր կեանքի ընթացքին։ Ով որ զիս կը սիրէ, իմ խօսքերս կը պահէ, կ՛ըսէ Յիսուս իր աշակերտներուն. Յիսուսի պատգամին հանդէպ հաւատարմութիւնը` երաշխիքն է մեր սիրոյն իր անձին հանդէպ, որ կը դրսեւորուի երբ կը կատարենք իր կամքը եւ կ՛ապրինք իր դրած սիրոյ նոր օրէնքին համաձայն։ Սուրբ Երրորդութիւնը չի բացատրուիր, ան կ՛ապրուի, կարելի չէ զայն սահմանել խելքով եւ տրամաբանութեամբ մակարդակին, ան կը գտնուի մեր սրտերուն մէջ եւ հոգեւոր մակարդակի վրայ։

Քրիստոնեաներս կ՛ապրինք Սուրբ Երրորդութիւնը երբ իրար կը սիրենք, ինչպէս որ Սուրբ Երրորդութեան երեք անձերը զիրար կը սիրեն եւ իրարու կապուած կը մնան յաւիտեան այս սիրոյն ընդմէջէն։ Իսկ ով որ կը բաժնուի այս սէրէն, նովին գործով` իքզինք կը զրկէ այս աստուածային հաղորդակցութենէն, Սուրբ Հոգւոյ ներկայութենէն իր սրտին ու հոգիին մէջ։

Սուրբ Պատարագի ընթացքին, երբ պատարագիչը կը կատարէ Կոչումն Սուրբ Հոգւոյ աղօթքը, հացին եւ գինիին սրբագործումէն անմիջապէս ետք, կը նշանակէ թէ կը խնդրէ Ամենասուրբ Երրորդութեան երրորդ անձէն որ գայ ընծաներուն վրայ եւ լրացնէ այն պակասը որ մեր մարդկային բնութիւնը չի կրնար ամբողջացնել առանց Աստուծոյ։ Եթէ տկար ենք հաւատքի մէջ, Հոգին է որ մեզ կը զօրացնէ, Հոգին է որ մեզ կը քաջալերէ։ առանց Հոգիին ոչինչ ենք, Հոգիով` ամէն բանի կարող ենք։ Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

04/06/2023, 07:50