Որոնել

cq5dam.thumbnail.cropped.1500.844.jpeg

Սուրբ Ներսէս Դ Շնորհալի Հայրապետի վախճանման 850 ամեակին առիթով Արամ Ա Կաթողիկոսի Հայրապետական սրբատառ Կոնդակը

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակը յիշեցում մըն է մեզի, մեծ Հայրապետին հիասքանչ վաստակը արժանի վեհութեամբ ու շքեղութեամբ արժեւորելու մեր հաւաքական կեանքէն ներս, անոր անձէն ու գործէն ճառագայթող հաւատքով ու շնորհներով շաղախելով մեր համայնական ու անհատական կեանքը

Ներկայ տարին Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակն է։ Իր հարուստ իրագործումներով եւ հոգեմտաւոր մեծ վաստակով Սուրբ Ներսէս Շնորհալին եղած է հայ եկեղեցւոյ մեծագոյն ու բազմաշնորհ հայրապետներէն մէկը։ Իր եզակի արժանիքներով, Շնորհալին առանցքային ներկայութիւն դարձած է յատկապէս մեր եկեղեցւոյ ծիսական, աստուածաբանական, դաւանաբանական, միջ-եկեղեցական ու երաժշտական մարզերէն, եւ ընդհանրապէս, հայ մշակոյթի անդաստանէն ներս։ Ծանօթ են մեզի իր հոգեւոր ստեղծագործութիւնները՝ աղօթքներ, հոգեւոր բանաստեղծութիւններ, քառեակներ, առակներ, հանելուկներ ու մեկնողական գործեր։ Ծանօթ են մեզի իր յօրինած բազմաթիւ ու բազմերանգ երաժշտական կտորները՝ մեղեդիներ, տաղեր, գանձեր ու շարականներ։ Տակաւին ծանօթ են մեզի հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական, ծիսական ու դաւանաբանական ուսուցումները ու տեսակէտները պարզող իր նամակները ու հաւատոյ գիրերը։ Հոգեմտաւոր հսկայ հարստութիւն մը ժառանգած է մեր եկեղեցին Սուրբ Ներսէս Շնորհալիէն. անկրկնելի ժառանգ մը, որ իր կարեւորութիւնը, իւրայատկութիւնն ու թարմութիւնը կը շարունակէ պահել մինչեւ մեր օրերը։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալին մեր պատմութեան այն բացառիկ հոգեւորականներէն մէկն է, որ իր սրբակենցաղ կեանքով ու հայ եկեղեցւոյ առաքելութեան ամբողջական նուիրումով, նոյնիսկ իր կենդանութեան մեր ժողովուրդին կողմէ «Սուրբ» որակուած է։ Բազմավաստակ Հայրապետին տրուած է «Շնորհալի» կոչումը, ո՛չ միայն իր ստեղծագործական վաստակի քանակին ու տեսակին, այլ մանաւանդ որակին համար։ Ան եղած է մեր եկեղեցւոյ ծէսը հարստացնողը, ժողովրդականացնողը ու արդիականացնողը։ Եղած է եկեղեցիներու բաժանման հիմնական պատճառ դարձած քրիստոսաբանական հարցերու շուրջ մեր եկեղեցւոյ դաւանաբանական կեցուածքը պարզողը ու պարզաբանողը։ Եղած է նախարարական տոհմերու միջեւ յառաջացած հակամարտութիւններու լուծման կարեւոր նպաստ բերողը։ Տակաւին Շնորհալին եղած է Յոյն, Լատին եւ Ասորի եկեղեցիներուն եւ հայ եկեղեցւոյ միջեւ յարաբերութիւնները ծաւալող հոգեւորականը։

Կիլիկեան աշխարհի քաղաքական ու կրօնական դժուար պայմաններու մէջ ծառայած է Շնորհալին։ Սակայն, շնորհիւ իր զօրեղ հաւատքին, ճկուն քաղաքականութեան, նուիրեալ ծառայութեան ու օրինակելի լայնախոհութեան, կրցած է բիւրեղ պահել մեր ժողովուրդի ինքնութիւնը, ամուր՝ միասնականութիւնը եւ պայծառ՝ մեր եկեղեցւոյ դիմագիծը։

Այսօր, երբ մեր եկեղեցւոյ զաւակները եկեղեցի յաճախեն, հաղորդակից կը դառնան Շնորհալիի «Յիշեսցուք», «Զարթիք, Որդիք Լուսոյ», «Առաւօտ Լուսոյ», «Հաւատով Խոստովանիմ» եւ այլ բազմաթիւ հոգեզմայլ երաժշտութեան ու աղօթքներուն։ Երբ հոգեւորականը հայ եկեղեցւոյ աստուածաբանական ու դաւանաբանական տեսակէտները կ՚ուզէ ուսումնասիրել, կը դիմէ Շնորհալիին։ Երբ բանասէրը կ՚ուզէ իրազեկ դառնալ Կիլիկեան «Արծաթէ Դար»ու մատենագրութեան ու ընդհանրապէս հայ մշակոյթի իւրայատկութիւններուն, կը դառնայ Շնորհալիին։

Կիլիկիոյ մէջ ապրած, ծառայած ու ստեղծագործած մեծանուն Հայրապետը յատուկ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ մասնաւորաբար Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան համար, յատկապէս հետեւեալ պատճառներով.-

1) Միջ-եկեղեցական յարաբերութիւններու գծով մեր Սուրբ Աթոռին ունեցած յատուկ հետաքրքրութիւնը, առանց հեռանալու եկեղեցիներու միութեան նկատմամբ մեր եկեղեցւոյ սկզբունքէն, կը պարտինք Շնորհալիին։

2) Քրիստոնեայ-իսլամ երկխօսութեան գծով մեր Սուրբ Աթոռին վաստակած հարուստ փորձառութիւնը, միշտ կառչած մնալով քրիստոնէական սկզբունքներուն, դարձեալ կը պարտինք Կիլիկիոյ բազմամշակոյթ, բազմակրօն ու բազմացեղ պայմաններու մէջ գործած ու ստեղծագործած Շնորհալի Հայրապետին։

Յարաբերաբար կարճ եղած են Ներսէս Շնորհալիին երկրաւոր կեանքին տարիները, սակայն անմահանուն Հայրապետը իր կեանքը հարստացուցած է իր ժամանակը անդրանցնող անկրկնելի ստեղծագործութիւններով ու բազմերանգ իրագործումներով։ Շնորհալին իր անջնջելի դրոշմը ձգած է մեր ազգին ու եկեղեցւոյ պատմութեան վրայ, դառնալով մեր կեանքի երկնակամարին վրայ փայլող անմար աստղերէն մէկը։

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին վախճանման 850-ամեակը յիշեցում մըն է մեզի, մեծ Հայրապետին հիասքանչ վաստակը արժանի վեհութեամբ ու շքեղութեամբ արժեւորելու մեր հաւաքական կեանքէն ներս, անոր անձէն ու գործէն ճառագայթող հաւատքով ու շնորհներով շաղախելով մեր համայնական ու անհատական կեանքը։ Այս սպասումէն մեկնած, կը թելադրենք՝

ա) Մեր թեմերուն՝ յատուկ նախաձեռնութիւններու ճամբով արժանավայել կերպով նշելու յիշեալ կարեւոր յոբելեանը։

բ) Մեր հոգեւոր հայրերուն՝ մօտէն հաղորդ դառնալու Շնորհալիի դաւանաբանական ու միջ-եկեղեցական տեսակէտներուն, եւ շեշտելու անոնց կարեւորութիւնը, յատկապէս միջ-եկեղեցական շրջանակներէն ներս։

գ) Մեր մտաւորականներուն՝ լուսարձակի տակ բերելու բանասիրական ու գրական յատուկ կարեւորութիւն ներկայացնող Շնորհալիի հարուստ գրիչին արգասիքը։

Մեր ջերմ մաղթանքն է, որ հայ եկեղեցւոյ ծէսին ու առաքելութեան ժողովրդականացման իր կարեւոր ներդրումը բերած Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի վախճանման 850-ամեակի նշումը մեր եկեղեցւոյ համար դառնայ վերանորոգման առիթ ու մարտահրաւէր։

Կ՚աղօթենք առ Բարձրեալն Աստուած, որ Սուրբ Ներսէս Շնորհալի Հայրապետի բարեխօսութեամբ պահէ ու պահպանէ մեր ազգը, հզօրացնէ մեր հայրենիքը եւ պայծառացնէ մեր եկեղեցին իր հաւատքի առաքելութեամբ ու ազգանուէր ծառայութեամբ։

Հայրապետական օրհնութեամբ եւ հայրական ջերմ սիրով,

 

Աղօթարար՝

ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍ

ՄԵԾԻ ՏԱՆՆ ԿԻԼԻԿԻՈՅ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/06/2023, 08:00