Որոնել

Տիրամայրը Տիրամայրը 

«Մարեմեան ամսուայ աւարտը» Հայր Գէորգ եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Ո՜վ երկնքի փառքերու մէջ բնակող Մայր, շնորհակալ ենք, որ միշտ կը խոնարհիս, մեզի հետ ըլլալու համար եւ մեզ պաշտպանելու ու առաջնորդելու:
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Ահաւասիկ ո՜վ մեր սիրելի Տիրամայր Մայիսեան ջերմեռանդութեան ամիսը իր աւարտին կը հասնի:
Մեր բոլոր սրտէն շնորհակալութիւն կը յայտնենք քեզի ո՜վ Ս. Կոյս, որ միշտ քու զաւակներուդ կողքին կը կենաս քու մայրական սիրովդ եւ բարեխօսական աղօթքներովդ:
Ի՜նչ մեծ օրհնութիւն եւ պատիւ է մեզի համար, որ մարեմեան այս ամսուան ընթացքին կրցանք վայելել մեր Տիրոջ՝ Յիսուսին մօր այցելութիւնը:

Մայիս ամսուայ այս վերջին օրուան մէջ, մեր սրտերը ուրախութեամբ լեցուած է. մեր բերաններէն շնորհակալութեան աղօթքներ կը բարձրացնենք քեզի ըսելով՝ Ո՜վ երկնքի փառքերու մէջ բնակող Մայր, շնորհակալ ենք, որ միշտ կը խոնարհիս, մեզի հետ ըլլալու համար եւ մեզ պաշտպանելու ու առաջնորդելու:

Դուն քու զաւակներդ երբեք մինակ չես ձգեր, այլ քու մայրական սիրոյ աղօթքներով միշտ կը բարեխօսես իրենց համար:
Մեր մարդկային բառերը բաւարար չեն մեր երախտագիտութիւն յայտնելու քեզի: Միայն երկնքի մէջ պիտի կարենանք գիտնալ, որ քու աղօթքներդ մեզ ի՜նչ փորձանքներ փրկած են եւ ի՜նչ հզօր օրհնութիւններու աղբիւր եղած են:
Սորվեցուր մեզի, որ չձանձրանանք քեզի վարդարան աղօթելէ եւ մեր կեանքերը միշտ քեզի նուիրելէ:

Լսէ մեր խնդրանքները, որ դժուարութեան մէջ կը գտնուինք, ու մեզ ազատէ ամէն չարէ, ո՜վ փառաւորեալ եւ օրհնեալ Կոյս։
Սորվեցուր մեզի, որ զօրաւոր ըլլանք տկարութեան ժամանակ. սորվեցուր՝որ սիրենք երբ մեր շուրջը ատելութիւն կը տիրէ. սորվեցուր՝որ վստահինք քու առաջնորդող լոյսին, երբ աշխարհի խաւարը մեզ կը պատէ. սորվեցուր՝որ քեզի աղաղակենք, որովհետեւ դուն ես մեր ապաւէնը. սորվեցուր՝որ ունենաք քու սէրդ եւ աղօթենք քեզի նման. սորվեցուր, որ մեր բոլոր սրտի խնդրուածներ ամէն օր քեզի բարձրացնենք:

Սորվեցուր, որ միշտ փառաբանենք Հայրը, Որդին Եւ Ս. Հոգին, այժմ եւ միշտ եւ յաւիտեանս յաւիտենից. ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/06/2023, 07:00