Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կլայեցի Կաթողիկոս – «Թուղթ ընդհանրական»ը - Ե մաս

Հաղորդաշար (17) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Աշ­խար­հա­կան դա­սին ան­ցնե­լով Ս. Ներ­սէս Հայ­րա­պե­տը խօս­քը նախ կ՚ուղ­ղէ իշ­խան­նե­րուն, յանձ­նա­րա­րե­լով հնա­զան­դու­թեամբ ծա­ռայել Աս­տու­ծոյ, ինչ­պէս իրենք իսկ կը պա­հան­ջէին իրենց ծա­ռա­նե­րէն: Ապա կը յորդորէ չկատարել խոր­շե­լի արարք­ներ՝ ծանր հար­կե­րու չեն­թար­կել, աղ­քատն ու տնան­կը չզր­կել, անխիղճ գոր­ծա­կալ­ներ չնշա­նա­կել, անի­րաւ դա­տաս­տան­ներ տես­նել, կա­շա­ռա­կե­րու­թեամբ եւ աչա­ռու­թեամբ անի­րաւը չար­դա­րաց­նել, որ­բե­ւայ­րիի իրա­ւունք­նե­րը չոտ­նա­հա­րել, պահ­քը չլու­ծել, զի­նուոր­նե­րը ռո­ճի­կէ չզր­կել, երդմ­նա­զանց չըլ­լալ, բար­կու­թե­նէ մղուած պա­տու­հա­սել կամ մա­հա­պատ­ժի չեն­թար­կել, յիշեցնելով իշխաններուն, որ «ոչ թէ իրենց բնու­թիւ­նը տար­բեր է ձե­րի­նէն, այլ միեւ­նոյն կա­ւէն եւ խառ­նուած­քէն կազ­մուած էք: Ար­դա­րեւ տէ­րե­րու եւ ծա­ռա­նե­րու, հա­րուստ­նե­րու եւ աղ­քատ­նե­րու աշ­խարհ գա­լը եւ աշ­խար­հէ ել­լե­լը միեւ­նոյնն է»: «Աս­տուած դա­տաս­տա­նին օրը սպան­նուած­նե­րու արիւ­նը եւ պատ­ժուած­նե­րու հա­տուած ան­դամ­նե­րը ձեզ­մէ պի­տի պա­հան­ջէ»: Եզ­րա­կաց­նե­լով Շնոր­հա­լի կը յոր­դո­րէ. «Ք­րիս­տո­սի հրա­մա­նին հա­մա­ձայն՝ նե­րող եւ եր­կայ­նա­միտ եղէք բո­լո­րին հան­դէպ որ ձեր դէմ յան­ցանք գոր­ծած ըլ­լան, որ­պէս­զի դուք եւս Իր­մէ քաղց­րու­թիւն եւ բա­րե­րա­րու­թիւն ստա­նաք»:

­Խօս­քը զի­նուո­րա­կան դա­սին ուղ­ղե­լով՝ Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի նախ եւ առաջ Ս. Պօ­ղոս առա­քեալի խօս­քե­րով կը յանձ­նա­րա­րէ զի­նուո­րա­կան­նե­րուն «ա­մէն ին­չի մէջ հնա­զանդ ըլ­լալ ձեր տէ­րե­րուն», նշե­լով որ Աս­տուած է ար­դար դա­տա­ւորը որ վար­ձա­հա­տոյց պի­տի ըլ­լայ իրենց հա­ւա­տար­մու­թեան կամ նեն­գու­թեան, տի­րա­սի­րու­թեան կամ տի­րադ­րոյժ արարք­նե­րուն։ Այս իսկ պատճառով կը յոր­դո­րէ որ­պէս քրիս­տո­նեայ՝ հա­ւա­տա­րիմ ըլ­լալ տի­րոջ՝ նոյ­նիսկ եթէ այ­լազգ իշ­խա­նի մը են­թա­կա­յու­թեան գտ­նուին, որ­պէս­զի քրիս­տո­նէու­թեան անու­նին որե­ւէ արատ կամ բիծ չպատ­ճա­ռեն։

­Միայն իշ­խա­նի ան­ձը ապա­հո­վե­լով, բեր­դե­րու եւ ինչ­քե­րու պահ­պա­նու­թեամբ չի սահ­մա­նա­փա­կուիր զի­նուո­րա­կան­նե­րու պար­տա­կա­նու­թիւ­նը, այլ Շնոր­հա­լի կը յանձ­նա­րա­րէ որ իրենց վս­տա­հուած վե­րա­կա­ցու­թեան գոր­ծե­րու ընթացքին բո­լո­րին հետ վա­րուին ար­դա­րու­թեամբ եւ օրէն­քի պահ­պա­նու­թեամբ, առանց զր­կե­լու­կամ հարս­տա­հա­րե­լու, այլ ողոր­մա­ծու­թեամբ եւ սի­րով, առանց բիրտ ոյժ կի­րա­ռե­լու եւ սե­փա­կան շա­հեր հե­տապն­դե­լու։

­Միեւ­նոյն հպա­տա­կու­թիւ­նը պէտք է ցու­ցա­բե­րեն նաեւ եկե­ղեց­ւոյ առաջ­նորդ­նե­րուն, առանց իրենց զի­նուո­րա­կան կար­գի պատ­րուա­կով քրիս­տո­նէական պար­տա­կա­նու­թիւն­նե­րէն խու­սա­փե­լու եւ ու­րիշ­նե­րը կե­ղե­քե­լու, միշտ յի­շե­լով որ Աս­տու­ծոյ հա­շիւ պի­տի տան եւ թէ ամէն­քէն աւե­լի իրենք պէտք է վախ­նան Աս­տուծ­մէ՝ «քա­նի որ ամէն վայր­կեան թշ­նա­միի սու­րին դէմ պար­տա­կան էք պա­տե­րազ­միլ»։ Շնորհալի այս­պի­սի չա­րա­գու­շակ ազ­դա­րա­րու­թեամբ չէ որ կը փա­կէ իր խօս­քը, այլ որ­պէս բա­րեխ­նամ հայր կը քա­ջա­լե­րէ որ «նիւ­թա­կան զէք­նե­րէ աւե­լի զի­նուին հա­ւատ­քով, աս­տուած­պաշ­տու­թեամբ, ար­դա­րու­թեամբ, սր­բու­թեամբ, պահ­քով եւ աղօթ­քով, եւ ողոր­մու­թեամբ, որ­պէս­զի պա­տե­րազ­մի մէջ Աս­տուած ըլ­լայ ախոյեանը եւ ձեր առ­ջե­ւէն վա­նէ թշ­նա­մի­նե­րը»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/06/2023, 07:59