Որոնել

INDIA RELIGION ASH WEDNESDAY

Օդիշայի հնդիկ քրիստոնեաներու անսասան հաւատքը՝ հալածանքներու եւ խոշտանգումներու դէմ

2008ին վայրագ բռնութեան թատերաբեմ դարձած Քանտամալ մարզի տեղական համայնքները ուրախութեամբ ողջունեցին Նոր նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու յանձնաժողովի ստեղծման լուրը՝ ի տես 2025ի Յոբելենական Սուրբ տարուայ։
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Արեւելեան Հնդկաստանի Օդիշա (նախկին Օրիսսա) Նահանգի Քանտամալ մարզի քրիստոնեաները իրենց հաւատքը վկայած են դաժանութիւններու եւ հետապնդումներու մէջ, որոնց դէմ 2008ին իրականացուած ջարդը միջազգային  իրաւապաշտպան  կազմակերպութիւնները որակած են որպէս Հնդկաստանի պատմութեան մէջ Քրիստոսի հաւատացեալներու դէմ «էթնիկ զտումներու» ամենադաժան, համասփիւռ եւ կազմակերպուած արշաւ։

Այսօր Քանտամալ մարզի տեղական համայնքները ուրախութեամբ ընդունած են՝ ի տես 2025ի Յոբելենական Սուրբ տարուայ, Նոր նահատակներու եւ հաւատքի վկաներու Վատիկանի յանձնաժողովի ստեղծման լուրը։

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի նախաձեռնութիւնը՝ Հայր ԱՃայ Քումար Սինկը «ճիշտ ուղղութեամբ քայլ» որակած է։ Հայր Սինկը բռնութիւններուն յաջորդած օրերուն ստեղծուած Ազգային զօրակցութեան ատեանի (National Solidarity Forum, ընկերակցութիւն որ կը համախմբէ աւելի քան 70 կազմակերպութիւններու եւ քաղաքացիական հասարակութեան խումբերու), համակարգողն է, ինչպէս նաեւ 7 անձերէն կազմուած կոմիտէի մը անդամ, որ պատրաստած եւ Սուրբ Աթոռ առաքած է «Քանտամալի ջարդը 2008ի հակաքրիստոնէական բռնութիւններու ատեն» տիտղոսով մանրակրկիտ զեկոյց, ուր առնուազն 36 անձեր բնութագրուած են որպէս «կաթողիկէ նահատակներ»:

Նշենք, որ Քանտամալ մարզի քրիստոնեաներու դէմ իրականացուած վայրագութիւններուն, որ տեղի ունեցած են վարչական իշխանութիւններու անկարողութեան եւ ոստիկանութեան անտարբերութեան ներքեւ, զոհ գացած են 100էն աւելի անձեր, առնուազն 64 հազար արտահանուած են, 360 եկեղեցիներ ու աղօթավայրեր քանդուած են, 6 հազար տուներ՝ աւերուած, 12 հազար մանուկներ՝ մնացած առանց ուսումի։

25 Օգոստոսը տեղի Եկեղեցին կը յիշատակէ որպէս Օրիսսայի քրիստոնեայ նահատակներու օր։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/07/2023, 11:33