Որոնել

2019.03.16 trasfigurazione di Gesù

ՏՕՆ ՊԱՅԾԱՌԱԿԵՐՊՈՒԹԵԱՆ Տէր, լաւ է մեզի հոս մնալ (Մատթէոս 17, 1-13)

Սուրբերու կեանքը միշտ չէ եղած լի մխիթարութիւններով. Յաճախ անոնք քալած են թանձր խաւարին մէջէն եւ յուսալքուած են, կարծելով թէ Աստուած զիրենք կը լքէ. Բարեբախտաբար Տէրը երբեմն երբեմն իրենց տուած է լուսաւորման ու մխիթարութեան զմայլելի պահեր, որպէսզի դարձեալ զօրանայ իրենց մէջ հաւատքն ու սէրը դէպի Փրկիչը։ Մենք որ կը դիմենք սրբութեան, խնդրելու ենք ու թախանձագին աղօթելու որպէսզի Տէրը շնորհէ մեզի ալ լոյսի պահեր, որպէսզի չյուսահատինք, այլ հաւատարմօրէն քալենք իր ետեւէն։
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

Տօնն է Այլակերպութեան, կոչուած նաեւ Վարդավառ: Թափօր լերան վրայ Քրիստոս իր փառքը կը յայտնէ առաքեալներուն. Իր նպատակն է սակայն պատրաստել զիրենք ուրիշ յայտնութեան մը, աւելի տխուր, իր չարչարանքներու եւ խաչելութեան յայտնու-թեանը. Որպէսզի անոնք չյուսալքուին երբ ականատես ըլլան իր չարչարանքներուն եւ մահուան,  ցոյց կու տայ իր փառքը եւ այն փառաւորութիւնը որուն պիտի հասնի իր մարմինը, նման Եղիայ մարգարէին, որ վերացաւ դէպի երկինք առանց մահը ճաշակելու։

Իբրեւ Մեսիա մարդկութեան, ու մասնաւորապէս Հրէայ ժողովուրդին, Յիսուս պէտք ունի երեւնալու Հրէայ մարգարէներուն հետ. Մովսէս եւ Եղիա կը վկայեն իր աստուածութեան եւ փառաբանութիւն կը մատուցանեն իրեն։  Անոնք կը պատուեն զինք կենալով իր աջ ու ձախ կողմը, նման թագաւորի մը իշխաններուն կամ արարողութեան մը սպասաւորներուն։ Անոնք մտերմօրէն կը խօսին Յիսուսի հետ եւ կը դիտեն անոր պայծառացած դէմքը։ Առաքեալները որոնք լեցուած են զմայլանքով, չեն յաջողիր իրենց աչքերը հեռացնել այս երկնային տեսարանէն ու Պետրոս, իր ընկերներուն զգացումը յայտնելով` կը բացագանչէ. Տէր, բարուօք է մեզ աստ լինել, այսինքն ինչ լաւ է մեզի համար հոս մնալը. Կ՛ուզենք միշտ այստեղ կենալ եւ այս զմայլելի տեսարանին ականատես ըլլալ. Կը խնդրենք, թող չհեռանայ մեզմէ այս տեսիլքը։

Մեզմէ շատերը արդէն արձակուրդի մէջ են. մեր հեռախօսները արդէն լեցուեցան իրենց ղրկած նկարներով: Անշուշտ գեղեցիկ ու տեսարժան վայրեր կ՛ընտրեն, ինչպէս նաեւ հանգստաւէտ շրջաններ կազդուրման համար. պիտի ուզենային երկարել արձակուրդները եւ շարունակել մնալ ու վայելել հաճոյալի այդ դրախտները. Եւ սակայն առօրեայ պարտականութիւնները կը կանչեն զիրենք. Հարկ է դառնալ իրականութեան եւ կեանքի դժուարին պայմաններուն. այդ հաճելի ժամերն ու օրերը զոր կ՛անցնենք արձակուրդի ատեն` մեզ պիտի կազդուրեն եւ մեզի ուժ պիտի տան դիմագրաւելու մեր առօրեայ այնքան միապաղաղ կեանքը, մեզ լեցնելով նոր շունչով ու նոր եռանդով։

Երեք ընտրեալ առաքեալները, Պետրոս, Յակոբ եւ Յովհաննէս, վայելելէ ետք պայծառակերպութեան լուսաւոր ու փառապանծ վայրկեանները, պիտի կարենան դիմակալել այլեւս իրենց Տիրոջ` Քրիստոսի դաժան ժամերը. Եթէ անոնք լիացած չըլլային այլակերպութեան լոյսով եւ Յիսուսի փառաւորութեան պատկերով, կրնային գայթակղիլ տեսնելով անոր անարգ խոնարհեցումը եւ այնուհետեւ կորսնցնել իրենց յոյսն ու ապաւէնը իրենց Տիրոջ հանդէպ, ինչ որ վստահաբար պիտի առաջնորդէր զիրենք դէպի կորուստը հաւատքի եւ ժխտումը իրենց առաքելական պաշտօնին։

Սուրբերու կեանքը միշտ չէ եղած լի մխիթարութիւններով. Յաճախ անոնք քալած են թանձր խաւարին մէջէն եւ յուսալքուած են, կարծելով թէ Աստուած զիրենք կը լքէ. Բարեբախտաբար Տէրը երբեմն երբեմն իրենց տուած է լուսաւորման ու մխիթարութեան զմայլելի պահեր, որպէսզի դարձեալ զօրանայ իրենց մէջ հաւատքն ու սէրը դէպի Փրկիչը։ Մենք որ կը դիմենք սրբութեան, խնդրելու ենք ու թախանձագին աղօթելու որպէսզի Տէրը շնորհէ մեզի ալ լոյսի պահեր, որպէսզի չյուսահատինք, այլ հաւատարմօրէն քալենք իր ետեւէն, վստահ ըլլալով որ մեզ ալ պիտի դարձնէ յաւիտենապէս երջանիկ իր անվերջ արքայութեան մէջ. Ամէն։

Հայր Յովսէփ Քէլէկեան

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

16/07/2023, 07:50