Որոնել

Cookie Policy
The portal Vatican News uses technical or similar cookies to make navigation easier and guarantee the use of the services. Furthermore, technical and analysis cookies from third parties may be used. If you want to know more click here. By closing this banner you consent to the use of cookies.
I AGREE
2021.02.18 Cardinal Gregorio XV Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (32)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի բարերարութեամբ Զմմառու Դպրեվանքի Կառուցման:

ԼԲ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի բարերարութեամբ Զմմառու Դպրեվանքի Կառուցման: 

Աղաճանեան Հոգեւոր Տէրը Զմմառեան Միաբանութեան շարունակութիւնը ապահովելու մեկնակէտէն մղուած՝ ինչպէս նաեւ նորընծայարանի սաներուն լաւագոյն կրթութիւն ջամբելու նապատակաւ և ապագայ միաբաններու կազմաւորման մտահոգութեամբ՝ 1961 թուին կը յղանայ նոր դպրեվանքի մը շինութեան ծրագիրը Զմմառու դարաւոր վանքի կողքին, ի յիշատակ տիրամայր Իսկուհի Աղաճանեանին: Այնպէս որ մերօրեայ ընդարձակ, յարմարաւէտ ու հոյակապ Զմմառու դպրեվանքի շինութիւնը (1963թ.) կը պարտինք մեծանուն Ծիրանաւոր Կարդինալ Աղաճանեանի առատաձեռնութեան: Իրականութեան մէջ, այս մէկը շարունակութիւնը եղաւ Աղաճանեանի նախաձեռնութեամբ՝ Ճունիի մէջ կառուցուած Զմմառու Կաթողիկոսական Միաբանութեան նորընծայարանի ձմեռնային շէնքին (1949թ.): Արդ, 28 Մայիս 1961-ին, Աստուածամօր նուիրուած ամսոյն վերջին կիրակին, Արհի. Ալոզիոս Արք. Պաթանեան՝ տեղապահը Աղաճանեան Կաթողիկոսի, յիշատակի պապիրոսը կը զետեղէ նոր Դպրեվանքի հիմերուն մէջ և կը կատարէ Զմմառու Նորընծայարանի հիմնարկէքը:  Կարդինալ Աղաճանեան ներկայ չէր Նորընծայարանի հիմնարկէքի արարողութեան, քանի որ 1960-ին կանչուած էր Վատիկան ստանձնելու «Հաւատոյ Տարածման Ժողովի» նախագահի պատասխանատուութիւնը: Նորընծայարանի շինութիւնը կը տեւէ երեք տարի և կ'աւարտի վերջնականապէս 1963 Յունիսին: Բացման  օրը կը նշանակուի Կիրակի 7 Յուլիս 1963: Այդ օրը Զմմառու վանքին համար յիշատակելի օր մը կ'ըլլայ. բազմահարիւր ազգայիններ կը փութան Զմմառու հինաւուրց վանքը, ներկայ գտնուելու նորակառոյց դպրեվանքի հանդիսաւոր բացման և Ընծայարանի Ս. Յովսէփի մատրան օծման արարողութեան, ձեռամբ՝ Պաթանեան Կաթողիկոս Պատրիարքին (1962-1976): Արդարեւ, պատմութեան ընթացքին, Հայ Եկեղեցին եկեղեցականներու պատրաստութեան նուիրուած հաստատութիւնները յատուկ ուշադրութեան և հոգածութեան առարկայ դարձուցած է: Ընծայարանը կոչուած է նաեւ կղերանոց, դպրեվանք, հոգեւոր ճեմարան և դպրութեան կեդրոն: Այս դպրեվանքները դասական հասկացողութեամբ ուսումնարաններ են, ուր կը պատրաստուին հայ քրիստոնեայ տիպար վարդապետներ և քաջակորով հովիւներ, որոնք  քրիստոնէական վարդապետութեան կատարեալ գիտակցութեամբ օժտուելով՝ ժողովուրդին կը մատուցանեն այդ արժէքները: Անտարակոյս, քրիստոնէութեան առաջին իսկ դարերէն մինչեւ այսօր՝ Հայոց պատմութեան էջերը լեցուն են հայ կղերականին կատարած վճռորոշ դերակատարութեան վկայութիւններով, ի խնդիր հայ մշակութային, քրիստոնէական և հոգեմտաւոր արժէքներու պահպանումի գոյերթին: Եզրակաբար, դպրեվանքի կառուցումը թելադրուած էր Ծիրանաւոր Հայրապետի այն համոզումէն՝ որ նորընծայարանները նախախնամական մեծ նշանակութիւն և կարեւորութիւն ունին և գրաւականն են Եկեղեցւոյ առաքելութեան անյողդողդ շարունակութեան: Տեղին է յիշել թէ անցեալին, 1791-ին, Գրիգոր Պետրոս Ե. Քիւբելեան (1788-1812) Կաթողիկոս Պատրիարքի ջանքերով և Ս. Աթոռին անվերապահ քաջալերանքով՝ բարձրացած հին ընծայարանը որպէս ամբողջացուցիչ մաս Զմմառու վանական վիթխարի համալիրին ներքոյ, մեծ սատար հանդիսացած է հայ ժողովուրդին ի նպաստ տարուած առաքելական գործին, մանաւանդ երբ Անտոնեան հայ միաբաները հետզհետէ թիւով կը նուազէին և տակաւ կը քաշուէին իրենց առաքելական վայրերէն: Այդ օրերուն, Պատրիարք Հօր ամենամեծ մտահոգութինն եղած է Միաբանութեան Նորընծայարանը: Ի մի բան, 1812-ին, ան իր կտակին մէջ յիշած է. «Ամէնքը պարտաւոր են ամէն բանով Նորընծայարանին յառաջդիմութեան օգնել՝ Պատրիարքները, Աթոռին Եպիսկոպոսները և բոլոր ուխտեալ քահանաները, որովհետեւ այդ միջոցաւ ժողովուրդին արժանընտիր պաշտօնեաներ նուիրելով մեր հօտին՝ մեծապէս օգտակար եղած կ'ըլլանք»:  

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/07/2023, 07:47
Prev
March 2025
SuMoTuWeThFrSa
      1
2345678
9101112131415
16171819202122
23242526272829
3031     
Next
April 2025
SuMoTuWeThFrSa
  12345
6789101112
13141516171819
20212223242526
27282930