Որոնել

2022.10.27 Napoli, i mosaici del Battistero di San Giovanni in Fonte

Մտաւորական-Կաթողիկոսներ եւ հոգեւորականներ` լուսարձակի տակ։ Ներածական (բ)

Հաղորդաշար (2) նուիրուած Միջնադարեան Հայաստանի հոգեւոր պատմութեան մէջ իրենց նշանակալի աւանդը բերած մտաւորական-Կաթողիկոսներուն եւ հոգեւորականներուն։ Հաղորդաշարը պատրաստած են` Գեր. Հ. Մաշտոց Վրդ. Զահթերեանի եւ Սօսէ Փիլաւճեան
Ունկնդրէ լուրը

Գրիգոր Դ. Տղայի յաջորդը, Գրիգոր Ե. Քարավէժ Կաթողիկոսը հակահռոմէական դիրքորոշման պատճառաւ, պաշտօնանկ կ'ըլլայ Հայոց Լեւոն Իշխանապետի կողմէ, վերջինս ամէն գնով կ'ուզէր պահպանել լատիններու հովանաւորութիւնը եւ անոնցմէ թագադրուիլ:

1187-ին, Լեւոնի թագադրութենէն ետք, թագաւորն ու օրուան Կաթողիկոս՝ Գրիգոր Զ. Ապիրատ, շնորհակալագրեր յղեցին Իննոկենտիոս Գ. Պապին, որ քաղաքական միութեան եւ հպատակութեան շուրջ կը ծաւալէր: Ուրեմն, Գրիգոր Ապիրատի օրով հիմը դրուեցաւ լատինասէր ընթացքին, սակայն ոչ ամբողջական Հռոմէադաւանութեան, որը շարունակուեցաւ յաջորդ Կաթողիկոսներու եւ թագաւորներու օրօք: Երկու ազդակներ նպաստեցին սոյն գործընթացի ամրապնդմանը, նախ լատիններու գերակշռութիւնը Կիլիկիոյ եւ շրջակայքի մէջ, ապա Հայոց միջմիութենական ձգտումներու զօրանալը, ինչպէս եւ քաղաքական կառավարութեան լատինասէր ընթացքը, ենթահողը պատրաստեց հետագայ հոլովոյթին: Եկեղեցական եւ քաղաքական առումներով՝ հայալատին մերձեցման գլխաւոր ռահվիրաները կը համարուին՝ Լեւոն թագաւորի յաջորդ՝ Հեթում Ա. թագաւորն ու օրուան Կաթողիկոս՝ Կոստանդին Ա. Բարձրաբերդցին: Վերջիններս, 1243-ին, Սիսի մէջ ժողով մը գումարեցին, ըստ որուն՝ 25 կանոններ սահմանուեցան, ինչպէս վերջին օծումը կիրառել նաեւ Հայ եկեղեցւոյ մէջ: Իսկ Լատին եկեղեցւոյ պահանջքներուն լիովին հաւանութիւն տուաւ Հեթում Բ. թագաւորը, վերջինս նոյնիսկ Ֆրանչիսկեան միաբանութեան անդամակցելով կրեց Յովհաննէս եղբայր անունը, ի հարկին գործեց որպէս հոգեւորական եւ ի հարկին որպէս քաղաքական գործիչ՝ թագաւոր:

1293-ին, Հեթում Բ. իր համախոհներէն Գրիգոր Է. Անաւարզեցիին, որ լատինամէտ ուղղութեան եռանդուն քարոզիչ էր, Կաթողիկոս ընտրեց եւ երկուստեք փորձեցին Հայ եկեղեցւոյ ծէսը յարմարցնել ըստ Լատինաց ծէսին: Քաղաքականօրէն բարբարոս սելճուկ, մոնկոլ, թաթար, թուրք ցեղերու լուծին տակ ապրող հայը, այնուամենայնիւ իր մէջ գտաւ այդ մեծ ուժը մոխրակոյտերու մէջէն դարձեալ առկայծելով կառուցել, արարել, մշակել եւ կերտել. ինչպէս եւ մերձենալ այլ դաւանանքներու հետ եւ օգտուիլ անոնց ընձեռած բարիքներէն:

Պատմական իրադարձութիւնները ընդհանուր գիծերուն մէջ ամփոփելէ ետք, անհրաժեշտ է առանձնացնել տուեալ ժամանակահատուածի լատինադաւան Հայ Կաթողիկոսներէն իւրաքանչիւրին վարքը:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/07/2023, 08:23