Որոնել

Յիսուսի սրբանկարը Յիսուսի սրբանկարը 

«Համբերութեան անհրաժեշտութիւնը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Սուրբ նահատակները Քրիստոսի սիրոյն համար համբերեցին ամէն տեսակ հալածանքներու: Անոնք ոչ միայն դիմացան դժուարութիւններու, այլեւ տեսակ-տեսակ տաժանելի չարչարանքներու:
Ունկնդրէ լուրը

Վշտերն ու դժբախտութիւնները մարդկային կեանքի անբաժանելի իրականութիւններն են: Վիշտն ու ցաւը մարդուն կեանքի ուղեկիցներն են անոր ծնունդէն մինչեւ մահ: Չկայ մարդ մը, որ կրնայ ըսել՝ որ ամէն բանէ օրհնուած ու գոհ է։ Ան կամ հիւանդութիւններէն սպառած է. կամ հարազատի մը կորստէն՝ վշտացած. կամ նախանձի ու ատելութեան հետեւանքով՝ հալածուած. կամ բնական աղէտներէ ու պատուհասներէ՝ հարուածուած. կամ քաղաքական եւ տնտեսական տագնապներէ՝ վրդովուած: Մէկ խօսքով, մարդկային կեանքն առանց վշտի ու աղէտի գոյութիւն չունի:

Ի՞նչ պէտք է ընենք այս բոլոր դժբախտութիւններու մէջ, որպէսզի յաղթական դուրս գանք մեզ շրջապատող չարիքներէն:
Ասոր համար պէտք ունինք համբերութիւն։ Կարելի չէ առանց համբերութեան շրջանցել դժբախտութիւն մը կամ որեւէ այլ վիշտ մը:

Վիշտը վայրկեանի մը ծնունդը չէ, այլ ընդհակառակը. ան տուեալ աղէտի մը սկիզբէն մինչեւ անոր վերջաւորութիւնը, մեզի ընկերակցող զգացումն է: Այս ընթացքը, սիրենք կամ չսիրենք, միայն համբերութեամբ կրնանք դիմակալել եւ գոյատեւել: Համբերութիւնը պէտք է երկարի մարդու կեանքի բոլոր ընթացքին, որպէսզի ան կարողանայ ձեռք ձգել բարի բաներ եւ պահել զանոնք:

Եկեղեցւոյ հայրերը նոյնիսկ կ'ըսեն, թէ երանական դրախտին մէջ իսկ պէտք էր համբերութիւն: Նախամայրը Եւան, ոչ թէ դժուարութիւններու պահուն ընկրկեցաւ եւ չցուցաբերեց համբերութիւն, այլ սատանային հրապոյրին դիմաց: Անոր հետ սակարկութեան մէջ մտաւ եւ անհամբեր եղաւ համտեսելու իրէն հրամցուածը. իսկոյն մեղանչեց եւ այդ իսկ պատճառաւ վտարուեցաւ դրախտէն: Հետեւաբար կրնանք եզրակացնել, թէ ոչ միայն դժուարութիւններու մէջ, այլեւ բոլոր ժամանակներու մէջ պէտք ունինք համբերութեան:

Սուրբ նահատակները Քրիստոսի սիրոյն համար համբերեցին ամէն տեսակ հալածանքներու: Անոնք ոչ միայն դիմացան դժուարութիւններու, այլեւ տեսակ-տեսակ տաժանելի չարչարանքներու:
Առաւել եւս կան ճգնաւորներն ու մենակեացները, որոնք դժուար ծոմապահութիւններով համբերեցին եւ ճգնեցան, պարզապէս որպէսզի արքայութիւնը ձեռք ձգեն:

Դուն ալ այսօր՝ կը փափաքիս նման համբերութիւն մը ունենալ:
Կը փափաքիս աստուածային սէր ձեռք ձգել:
Կը փափաքիս հնազանդութեան հոգին ունենալ:

Այս բոլորը կարելի է Քրիստոսով, որ մեզ «ստեղծեց իրէն համար. եւ միայն իրմով է որ կրնանք մեր խաղաղութիւնը գտնել» ( Ս. Օգոստինոս):

Կարեւոր է միշտ ի մտի ունենալ ինչու հոս ենք՝ այս աշխարհի մէջ: Ամէն ինչ մեր շուրջը մեզի կը պատգամէ, որ հոս ենք որպէսզի միայն մեր անձերու փափաքները իրականացնենք եւ մեր հաճոյքները փնտռենք: Սակայն Աստուած մեզի կ'ըսէ, որ մեր նպատակը երկինքն է. եւ եթէ աշխատինք անոր համար, « միւս բաները աւելիով պիտի տրուին մեզի» (Մտթ. 6:33):

«Երկնքի թագաւորութիւնը ուժով կ՚առնուի եւ ուժեղները կը յափշտակեն զանիկա» (Մտթ. 11:12)։ Ինչ վիճակի մէջ, որ ալ ըլլանք, պէտք է միշտ աղօթքով եւ ծոմապահութեամբ համբերութիւն խնդրենք Աստուծմէն, որպէսզի մենք ալ յաղթական ըլլանք՝ նման սուրբերուն եւ ճգնաւորներուն:
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/08/2023, 07:30