Որոնել

Վերափոխման տօնը Զմմառու դարաւոր մայրավանքին մէջ

Հայրապետական պատարագը մատուցեց` Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առընթերակայութեամբ` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ` Գեր.Գրիգոր Վրդ.Պատշահի եւ փոխտեսուչ` Գեր.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի, 13 Օգոստոս 2023-ի, առաւօտեան ժամը 10:30-ին, Կաթողիկոսական թափօրի շքախումբը` վեհարանէն ուղղուեցաւ դէպի Զմմառու Վանքի Երանելի Իգնատիոս Մալոյեանի անուան ամփիթատրոն, ուղեկցութեամբ Լիբանանի չորս ծագերէն ժամանած ուխտաւորներու։

Հայրապետական պատարագը մատուցեց` Ամեն.եւ Գերերջ.Տ.Տ. Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարք Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց, առընթերակայութեամբ` Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի Տեսուչ` Գեր.Գրիգոր Վրդ.Պատշահի եւ փոխտեսուչ` Գեր.Կարապետ Վրդ.Գլընճեանի։

Ամեն.եւ Գերերջ.Հոգեւոր Տէրը` ամենայն մանրամասնութեամբ եւ խորիմաստ կերպով մեկնաբանեց օրուան խորհուրդը` վեր առնելով Տիրամօր առաքինութիւններն ու արժանիքները եւ թէ ինչո՞ւ համայն քրիստոնեայ աշխարհը կը մեծարէ Զինք եւ իր բարեխօսութիւնը կը հայցէ։

Հայրապետը շնորհաւորեց Տիրամօր Վերափոխման տօնը եւ հոգեպարար արարողութեան աւարտին` օրհնեց օրուան խաղողները։

Խաղողօրհնէք
Խաղողօրհնէք

Ըստ հայկական սովորութեան, հաւատացեալները օրհնուած խաղողները իրենց բնակարանները տանելով կ'աւելցնեն իրենց տան բերքին վրայ, որ ան եւս օրհնուի։

Յաւարտ Սուրբ եւ Անմահ պատարագին, Դպրեվանքի սեղանատան մէջ տեղի ունեցաւ Եղբայրական ագապ, ուր բեկանուեցաւ Մեծաւոր Հօր քահանայական ձեռնադրութեան 25-ամեայ յոբելեանի կարկանդակը։

Աղբիւրը` Զմմառու միաբանութեան դիմատետեր

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/08/2023, 14:00