Որոնել

Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալ Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալ 

Հայաստանի առաքեալ Ս. Բարթողոմէոս առաքեալի տօնը` ըստ Լատինաց

Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբ է։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին առաքեալի յիշատակը կը տօնէ 12 առաքեալներու հետ և տարեվերջին՝ Թադէոս առաքեալի հետ միասին՝ Տօն Առաջին լուսաւորիչներու անուամբ, Յիսնակի առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը։ Յոյն Եկեղեցին զԱյն կը տօնէ Յունիսի 11-ին և օգոստոսի 25-ին, Լատին Եկեղեցին՝ օգոստոսի 24-ին։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Այսօր` 24 Օգոստոսին Լատին Եկեղեցւոյ տօնացոյցի համաձայն տօնն է Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալին, որ Սուրբ Թաթէոսի հետ միասին նկատուած է Հայաստանի մէջ քրիստոնէութիւնը ներդրող առաքեալը։

Բարթողոմէոսի կոչումը

Ըստ Նոր Կտակարանի՝ Բարթողոմէոս առաքեալը, որ կոչուած է նաեւ Նաթանայել, Գալիլեայի Կանա քաղաքէն էր (հմմտ. Յովհ. 21։2)։ Անոր կոչումը պատմուած է Յովհաննէս առաքեալի աւետարանին մէջ .

Փիլիպպոս կը գտնէ Նաթանայէլը եւ կ’ըսէ անոր. «Ա՛ն, որուն համար Մովսէս օրէնքին մէջ գրեց եւ մարգարէներն ալ, զանիկա գտանք, այսինքն Յիսուս Նազովրեցին, Յովսէփին որդին»։ Ու Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Նազարէթէն կարելի՞ է որ աղէկ բան մը ելլէ»։ Ըսաւ անոր Փիլիպպոս. «Եկուր ու տես»։ Յիսուս, երբ տեսաւ Նաթանայէլը, որ իրեն կու գար, ըսաւ անոր համար. «Ահա իրաւցնէ Իսրայելացի մը, որուն ներսը նենգութիւն չկայ»։ Նաթանայէլ ըսաւ անոր. «Ուրկէ՞ կը ճանչնաս զիս»։ Պատասխան տուաւ Յիսուս ու ըսաւ անոր. «Դեռ Փիլիպպոս քեզ չկանչած, դուն որ թզենիին տակն էիր, ես քեզ տեսայ»։ Պատասխան տուաւ Նաթանայէլ ու ըսաւ անոր. «Ռա՛բբի, դուն ես Աստուծոյ Որդին, դուն ես Իսրայէլի թագաւորը»։ Յիսուս պատասխան տուաւ եւ ըսաւ անոր. «Անո՞ր համար՝ որ քեզի ըսի թէ քեզ թզենիին տակ տեսայ, կը հաւատաս։ Ասկէ աւելի մեծ բաներ պիտի տեսնես»։ Ու ըսաւ անոր. «Ճշմարիտ ճշմարիտ կ’ըսեմ ձեզի. ‘Ասկէ յետոյ պիտի տեսնէք երկինքը բացուած եւ Աստուծոյ հրեշտակները՝ որ կ’ելլեն ու կ’իջնեն Որդի մարդոյ վրայ’»։

Հայաստանի առաքեալը

Քրիստոսի մահէն ետքը միւս առաքեալներուն նման Բարթողոմէոս եւս կը մեկնի առաքելութեան` արեւելքի որոշ շրջաններ հասնելով մինչեւ հնդկաստան։ Հնդկաստանէն վերադարձին կը ժամանէ Հայաստան ուր քարոզութիւնը կը սկսի Գողթան գաւառէն եւ ուր կը կառուցէ Տեառնընդառաջի Եկեղեցին: Ըստ աւանդութեան, ան Հայաստան բերած է Տիրամօր սրբապատկերը եւ Անահիտ դիցուհիի մեհեանին տեղ կառուցած է Ս. Աստուածածին եկեղեցին, ինչպէս նաեւ կուսանոց:

Բարթողոմէոսի քարոզութեան հետեւանքով Սանատրուկ թագաւորի քոյրը կը դառնայ քրիստոնեայ եւ կը մկրտուի Տերենտիանոս հազարապետին հետ միասին։ Զայրացած Սանատրուկը երեքն ալ կը դատապարտէ մահուան ու անոնք կը նահատակուին Աղբակի մէջ, 66 թուականին։ Առաքեալի գերեզմանը կը գտնուի Աղբակի Սուրբ Բարթողոմէոս վանքին մէջ իսկ անոր մասունքները հասած են նաեւ Հռոմ ու կը հանգչին Սուրբին նուիրուած Թիպերինա Կղզիին վրայ կառուցուած Եկեղեցւոյ մէջ, ուր կը պահպանուին նաեւ քսաներորդ եւ քսանմէկերորդ դարերու նոր նահատակներու մասունքները։

Սուրբ Բարթողոմէոս առաքեալը Ընդհանրական Եկեղեցւոյ սուրբ է։ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին առաքեալի յիշատակը կը տօնէ 12 առաքեալներու հետ և տարեվերջին՝ Թադէոս առաքեալի հետ միասին՝ Տօն Առաջին լուսաւորիչներու անուամբ, Յիսնակի առաջին կիրակիին յաջորդող շաբաթ օրը։ Յոյն Եկեղեցին զԱյն կը տօնէ Յունիսի 11-ին և օգոստոսի 25-ին, Լատին Եկեղեցին՝ օգոստոսի 24-ին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/08/2023, 07:30