Որոնել

Սէուլի Արքեպիսկոպոսին մամուլի ասուլիսը Սէուլի Արքեպիսկոպոսին մամուլի ասուլիսը 

ԵՀՕ 2027ը Սէուլի մէջ․ Քորէացի երիտասարդները պիտի դառնան առաջնորդներ Եկեղեցւոյ եւ հասարակութեան մէջ․ Սէուլի Արքեպիսկոպոս

Ֆրանչիսկոս Քահանայապետին յայտարարութեան առթիւ, առ այն, որ ԵՀՕ յաջորդ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ Սէուլի մէջ (Հարաւային Քորէա) 2027 թուականին, Արքեպիսկոպոս Չանկը շեշտած է, որ այդ իրադարձութիւնը «պիտի հանդիսանայ շնորհքի պահ եւ հնարաւորութիւն՝ վերսկսելու երիտասարդական հովուական ծառայութիւնը մեր Եկեղեցւոյ մէջ: Պիտի խնդրենք ողջ հասարակութեան՝ նաեւ հարեւան երկիրներու ներդրումը»
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Երիտասարդութեան յաջորդ Համաշխարհային Օրը պիտի նշուի 2027 թուականին եւ իր պատմութեան մէջ երկրորդ անգամ՝ Ասիոյ մայրցամաքին մէջ։ Առաջինը կազմակերպուած էր 32 տարի առաջ՝ 1995ին Ֆիլիփինի մայրաքաղաք Մանիլայի մէջ, որուն մասնակցած էին չորս միլիոն երիտասարդներ։ Յովհաննէս Պօղոս Բ Պապը բացումի օրը ստիպուած եղած է ուղղաթիռէն օգտուիլ խորան հասնելու համար։ Յիշեցնենք, որ ԵՀՕ ծնունդ տուած է Քարոլ Վոյթիլան 1985ին։

Եւ ահա, երեկ 6 Օգոստոսին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը Լիզպոնի մէջ ԵՀՕ նուիրուած եւ այս հաւաքը եզրափակող Սուրբ Պատարագի ընթացքին յայտարարեց, որ յաջորդ՝ հաւաքը տեղի պիտի ունենայ 2027ին՝ Հարաւային Քորէայի մայրաքաղաք Սէուլի մէջ ։

Սէուլի թեմի Արքեպիսկոպոս Փիթեր Չանկ Սուն-թայգը Փորթուկալի մէջ՝ Պապի յայտարարութեան յաջորդած մամուլի ասուլիսի ընթացքին, պատասխանած է լրագրողներու հարցերուն։

Սէուլի ԵՀՕ միսիոներական հնարաւորութիւն

Ան նախ նշած է, որ Հարաւային Քորէայի համար, որ կը հանդիսանայ աշխարհի մէջ ծնելիութեան ամենէ նուազ ցուցանիշը ունեցող երկիրը, ԵՀՕ «կարող է հիանալի առիթ դառնալ երիտասարդներն համախմբելու նախագիծի մը շուրջ, որուն գլխաւոր հերոսները ճիշտ իրենք երիտասարդները դառնան, (…) եւ պիտի հանդիսանայ միսիոներական հնարաւորութիւն՝ կիսելու Աւետարանի արժէքները մեր հասարակութեան մէջ»։

Արքեպիսկոպոսը շեշտած է ապա, որ ԵՀՕ նաեւ լաւ հնարաւորութիւն է՝ զգալու որ բոլորս ալ Աստուծոյ նոյն ժողովուրդին կը պատկանինք՝ մեր տարբեր մշակոյթներով ու լեզուներով։ Քորէա այցելութիւնը, ըստ անոր, կարելիութիւնը պիտի ընձեռէ զգալու Քրիստոսի միասնութիւնը, որ կարող է շնորհքի հիանալի պահ եւ հնարաւորութիւն դառնալ, ինչպէս նաեւ յարմար առիթ` բարելաւելու երիտասարդական հովուական ծառայութիւնը Քորէայի Եկեղեցւոյ մէջ՝ ուղեկցելով երիտասարդներուն որպէսզի դառնան երիտասարդ առաջնորդներ։

Արքեպիսկոպոսը Չանկը համոզմունք արտայայտած է, որ Քորէայի մէջ ԵՀՕ հիւրընկալութեամբ ուրախ պիտի ըլլան ոչ միայն քորէացիները, այլեւ ասիական բոլոր ժողովուրդները։ Նպատակն է ներգրաւել ողջ հասարակութիւնը, ինչպէս նաեւ հարեւան երկիրները՝ համագործակցելու ԵՀՕ աշխատանքներուն քորէացի եպիսկոպոսներուն հետ։

Սէուլի Արքեպիսկոպոսը ի վերջոյ շեշտած է, որ 2014 թուականին Հարաւային Քորէայի մէջ տեղի ունեցած Ասիայի Երիտասարդութեան Օրը, որուն իր մասնակցութիւնը բերած էր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, ամուր հիմք է 2027ի ԵՀՕ հաւաքին նախապատրաստուելու համար։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

07/08/2023, 12:13