Որոնել

2020.07.03 Vangelo del giorno san Tommaso apostolo Gesù risurrezione

Եկեղեցական գիտելիքներ Բ. շաբաթ Վերափոխումէն ետք (27 Օգոստոս _ 3 Սեպտեմբեր 2023)

Շաբաթ օրը` 2 Սեպտեմբերին, կը տօնենք Սուրբ Թովմաս առաքեալը. Ան թերահաւատի անուն ստացած է մանաւանդ երբ Քրիստոսի յարութենէն ետք յայտարարած է թէ ինք չի հաւատար յարութեան մինչեւ չտեսնէ ու չշօշափէ Յիսուսի վէրքերը. Թովմաս` առաքեալը եղած է Սուրիոյ, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի 27 Օգոստոսին` կը սկսինք սովորական կիրակիներու շարքը, այսինքն յարութեան կիրակիները. Սուրբ Աւետարանը մեզ տարաւ Տիբերիատ լճին մէջը, ուր առաքեալներու նաւակը, որուն մէջ Յիսուս եւս տեղ գրաւած էր ու կը քնանար, կատաղի փոթորիկի մը կը բռնուի։ Բնութեան վրայ Քրիստոսի կատարած հրաշքները քիչ են, սակայն երբ գործուին մեծ հիացման կ՛արժանանան. Ուրեմն Յիսուս միայն հիւանդութիւններու բուժիչ յատկութիւններ չունի այլ իսկական կարողութիւններ ունի եւ նոյնիսկ բնութեան տարրերը, հովը, ծովը, ջուրը, հացը իրեն կը հնազանդին. Բնականաբար այս կարողութիւններու տէր անձ մը միայն աստուածային բնութիւն կրնայ ունենալ։

Երկուշաբթի օրը` յայսմաւուրքը կը միացնէ իրարմէ բոլորովին անջատ ու տարբեր երեք նահատակներ. Առաջինն է Պիոն Զմիւռնիացի քահանան, որ Գ. դարու կէսին, կը նահատակուի որովհետեւ քրիստոնէական կ՛ուսուցանէր հաւատացեալներուն. Երկրորդը` Աբդլմսիհ վկան է, Պարսկաստանի մէջ ապրող Հրեայի մը զաւակը. Ան 11 տարեկանին, իր ընկերներէն կը սորվի քրիստոնէութիւնը եւ իր ծնողքէն գաղտնի` կը մկրտուի. Սակայն երբ հայրը կ՛իմանայ իր զաւկին դարձը, մեծ կատաղութեամբ կը լեցուի, կը յարձակի իր զաւկին վրայ եւ զայն կը սպանէ իր ձեռքերով. Իր բուն անունը Ղեւի էր, մկրտութենէն ետք` առաւ Աբդլմսիհ անունը որ կը նշանակէ արաբական լեզուով` Քրիստոսի կամ Մեսիայի ծառայ։ Ի վերջոյ, երրորդ սուրբը հայ մըն է, Ստեփանոս Ուլնեցի, որ Կեսարիոյ մէջ ուսաւ քրիստոնէութիւնը եւ առաքինի կեանք մը կ՛ապրէր երբ գահ բարձրացաւ Յուլիանոս ուրացող կայսրը եւ Կեսարիայէն անցնելով` հալածել տուաւ Ստեփանոս եւ իր ընտանիքը. Ստեփանոս թաղուեցաւ Ուլնիա որ ներկայ Մարաշ քաղաքի մօտակայ մէկ աւանն էր։

Երեքշաբթի օր տօնն է Անդրէաս զօրավարին եւ իր բանակին, կազմուած 599 զինուորներէ, որոնք չուրացան իրենց նոր ընկալած քրիստոնէական կրօնը եւ նահատակուեցան Կիլիկիոյ Սելեւկիոս կուսակալին եւ իր զօրքին ձեռամբ։ Անդրէաս զօրավարի հետ կը տօնուի նաեւ Կիլիկիոյ Եկեղեցւոյ պատկանող երկու ուրիշ սուրբեր. Առաջինը` Կալինիկոսն է, որ Գաղատիոյ մէջ ձէթի վաճառական մըն էր եւ որ գաղտնաբար կ՛օգնէր տեղւոյն եկեղեցւոյն. Բռնուելով կուսակալին կողմէ, կը նահատակուի. Իսկ երկրորդը` Դիոմետէս, Տարսոնցի բժիշկ մըն էր, որ առանց վախի բանտերը կը մտնէր եւ կը դարմանէր չարչարանքի ենթարկուած հալածուած քրիստոնեաները. Ինք եւս կը մարտիրոսանայ Մաքսիմիանոս կայսրի հրամանով։

Հինգշաբթի օր կը տօնենք Ադրիանոս անունով զինուորական վերակացուն, որ քրիստոնեայ դարձած էր ամուսնանալէ ետք Անատոլա անունով քրիստոնեայ կնոջ մը հետ։ Ինք եւս մեծ չարչարանքներ կրելէ ետք` նահատակուեցաւ 310 թուին, Բիւդանիոյ մէջ. Իրմէ ետք իր կինն ալ մարտիրոսացաւ։ Ասոնց հետ կը տօնուին նաեւ Թէոդորոս Ստրաթէլատը եւ Թիւրսոս վկան, որոնց մասին ուրիշ առթիւ կը խօսինք։

Շաբաթ օրը` 2 Սեպտեմբերին, կը տօնենք Սուրբ Թովմաս առաքեալը. Ան թերահաւատի անուն ստացած է մանաւանդ երբ Քրիստոսի յարութենէն ետք յայտարարած է թէ ինք չի հաւատար յարութեան մինչեւ չտեսնէ ու չշօշափէ Յիսուսի վէրքերը. Թովմաս` առաքեալը եղած է Սուրիոյ, Պարսկաստանի եւ Հնդկաստանի։ 

Կիրակի 3 Սեպտեմբերը, Գ. Կիրակին է զկնի Փոխման: 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

28/08/2023, 08:03