Որոնել

Լատինաց Պատրիարք Փիցցապալլային հանդիպումը Իսրայէլի նախագահին հետ Լատինաց Պատրիարք Փիցցապալլային հանդիպումը Իսրայէլի նախագահին հետ 

Պատրիարք Փիցցապալլա. «Իսրայէլի նախագահին Սթելլա Մարիս վանքի այցելութիւնը կարեւոր ժեսթ մըն է Սուրբ երկրի քրիստոնեաներուն համար»

Երուսաղեմի լատինաց պատրիարքին «Վատիկան Նիուզ»ի հետ զրոյցը Իսրայէլի նախագահին Հայֆային Լատինաց վանքը այցելութեան մասին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Հինգշաբթի, 9 օգոստոսին, Իսրայէլի նախագահ, Իցհակ Հերցոգը ու անոր ընկերացող ամոլը այցելեցին Հայֆա շրջանին մէջ գտնուող Լատինաց «Սթելլա Մարիս» վանքը, ուր հանդիպում ունեցան Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք, գերջ Փիերպաթթիսթա Փիցցաապալլա պատրիարքին հետ, որ յառաջիկայ 30 սեպտեմբերին պիտի անուանուի կարդինալ։

Նոյնը օրը Ռամալլայի մէջ Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը հանդիպեցաւ նաեւ Պաղեստինի նախագահ, Տիար Ապպասի հետ։

Իսրայէլի մէջ տիրող ծանր ժամանակաշրջանին՝ բնորոշուած  լարուածութեամբ եւ բախումներով, նոյնիսկ Քրիստոնեայ հասարակութեան համար, Իսրայէլի նախագահին ու անոր ամոլին Լատինաց վանքի այցելութիւնը «Ժեսթ մըն է, որ կը հաստատէ քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներուն ցաւալի երեւոյթներու դէմ պայքարելու վճռականութիւնը», ըսաւ Երուսաղենի Լատինաց գերջ. Փիցցապալլա պատրիարքը «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին։

Իսրայէլի նախագահը «Սթելլա Մարիս» վանքին մէջ դիմաւորեցին նաեւ Քարմելիթեան միաբանութեան անդամները, Երուսաղեմի օրթոտոքս եկեղեցւոյ Թեոֆիլոս պատրիարքը, ինչպէս նաեւ եպիսկոպոսներն ու եկեղեցիներու հոգեւոր առաջնորդները, «Որոնք իրենց ուրախութիւնը յայտնեցին այդ այցելութեան համար, որ կ՝աջակցի խաղաղութեան, փոխ ըմբռնման եւ համակեցութեան աւելի սերտ շրջանակ ստեղծելու կոչին» ըսաւ Լատինաց Պատրիարքը աւելցնելով, որ «Առկայ բարդ ժամանակաշրջանին, յատուկէն Քրիստոնեայ հասարակութեան համար, Իսրայէլին մէջ ներքին լարուածութիւններու ժամանակաշրջան է՝ Իսրայելցիներու եւ Պաղեստինցիներուն միջեւ։ Իսրայէլի նախագահին պատգամը, յատուկէն այն ինչ, որ կը վերաբերի Քրիստոնեաներու դէմ յարձակումներուն, շատ յստակ եւ վճռորոշ ձայն մըն է, որ գնահատուած է բոլորին կողմէ ու նախագահին այցելութիւնը՝ յարձակումի ենթարկուած վայրերուն ժեսթ մըն է որ կը հաստատէ իր վճռականութիւնը՝ պայքարելու այս ցաւալի երեւոյթներու դէմ»։

Ինչ կը վերաբերի Պաղեստինի նախագահ, Մահմուտ Ապպասի Ռամամալլայի մէջ կատարած քաղաքավարական այցելութեան, որուն նպատակն է նախ շնորհաւորել Երուսաղեմի պատրիարքը՝ կարդինալ անուանումին կապակցութեամբ ինչպէս նաեւ «Ներկայ իրավիճակը գնահատել, ինչ որ շատ լաւ բան մըն եղաւ» ընդգծեց Երուսաղեմի պատրիարքը աւելցնելով որ «Ներկան ժամանակաշրջանն մըն է, ուր խաղաղութիւն ուզողները շատ չեն լսուած ու պէտք ենք շարունակել փնտռել այդ անձերը, որովհետեւ պիտի գայ ժամանակ մը, ուր պէտք պիտի ունենանք անոնց։» Ըսաւ Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարքը։

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

11/08/2023, 10:32