Որոնել

2023.08.30 Rivista del Seminario armeno cattolico San Michele - Armenia

Սրբոց Հրեշտակապետաց Հայ Կաթողիկէ Միացեալ հոգեւոր ճեմարանի 5-ամեակին նուիրուած պարբերական

Պարբերականին մէջ տեղ գտած ողջոյնի ու սրտի խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի հոգեւոր ճեմարանի առաքելութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հոն տեղ գտած են 5 տարիներու գործունէութիւնը ամփոփող տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ:

Այսօր համաշխարհայնացման յորձանուտին մէջ խարխափող մարդը ընդհանրապէս եւ հայը` մասնաւորաբար, տարուած ճարտարարուեստի ընձեռած «բարիքներէն», կը հեռանայ իր արմատներէն եւ կը դատարկուի իր էութենէն` որդեգրելով օտարներու անյարիր բարքերն ու սովորութիւնները, կենցաղն ու ապրելակերպը, որով անբարոյ վարքերը կը գերակշռեն մարդու ապրելակերպին ու  մտածելաոճին մէջ, ուստի եւ կը չքանան ազգային աւանդութիւններն ու հայկական նկարագրային խառնուածքը, մանաւանդ` երիտասարդ տարրի մօտ:

Առ այդ, այսօր, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է արժեւորել եկեղեցւոյ միջամտութիւնն ու դերակատարութիւնը` այս խառնիճաղանճ եւ քաոսային վիճակէն դուրս գալու եւ կացութիւնը հակակշիռի տակ առնելու առաքելութեան ի խնդիր:

Սոյն սկզբունքէն մեկնած է, որ Զմմառու պատրիարքական կղերի միաբանութեան հայրերն ու Հայաստանի այդ օրերու առաջնորդ,  ներկայիս կաթողիկէ հայոց կաթողիկոս-պատրիարք Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ հայրապետը ձեռնամուխ եղան Հայաստանի մէջ եւս հիմնել հոգեւոր ճեմարան մը, որուն հնգամեայ յոբելեանը կը նշենք ընթացիկ տարուան ողջ տեւողութեան, որուն ծիրին մէջ լոյս տեսաւ «Լուսաւորչի Կանթեղ»-ը պարբերականին առաջին թիւը:

Պարբերականին մէջ տեղ գտած ողջոյնի ու սրտի խօսքերուն մէջ լուսարձակի տակ կ՛առնուի հոգեւոր ճեմարանի առաքելութեան կարեւորութիւնը Հայաստանի մէջ, ինչպէս նաեւ հոն տեղ գտած են 5 տարիներու գործունէութիւնը ամփոփող տեղեկութիւններ եւ լուսանկարներ:

Սրբոց Հրեշտակապետաց միացեալ հոգեւոր ճեմարանի տեսուչ Մաշտոց վրդ. Զահթերեան պարբերականին մէջ տեղ գտած իր խօսքին մէջ լուսարձակի տակ առնելով այն, որ հաշուի առնելով մերօրեայ բազում մարտահրաւէրները` իրենց նպատակն է սորվիլ եւ սորվեցնել, կրթել ու կրթուիլ, կուտակել կարելի եղածին չափ շատ գիտելիքներ, պահպանել հոգեւոր ու մշակութային արժէքները, կը նշէ, որ իրենց գործունէութեան նախորդող հինգ տարիները լի եղան դժուարութիւններով, սակայն բոլորին նուիրուածութեան եւ պատասխանատուութեան գիտակցութեան շնորհիւ կարելի եղաւ յաղթահարել զանոնք:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/08/2023, 09:39