Որոնել

2021.02.18 Card. Agagianian

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (36)

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի Հռոմի մէջ վայելած յարգանքին:

ԼԶ. Հաղորդում

Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի  Հռոմի մէջ վայելած յարգանքին:

Հռոմի մէջ Կարդինալ Աղաճանեան իր պաշտօնավարութեան երկար տարիներուն, կը վայելէր Հռոմի բարձրագոյն եւ ժողովրդական շրջանակի գնահատանքն ու սէրը: Հայազգի Ծիրանաւորը կը համարուէր Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ «երկրորդ անձը»: 1958-1970 թ. միջազգային մամուլը եւ, յատկապէս՝ իտալացի ժողովուրդը անոր կ'անուանէին «Կարմիր Պապ», իր կարդինալական հանդերձանքին կարմիր գոյնին պատճառաւ, որ այնքա՜ն վայել էր իր վեհանձն նկարագրին: Այս բոլորէն աւելի, իր հեղինակութիւնը նկատելի էր Սրբազան Պապին իշխանութենէն ետք, որպէս ազդեցիկ անհատականութիւն մը:

Այդ օրերուն՝ Աղաճանեան իր բնակութեան կայք ընտրած էր Լեւոնեան Ք. Հայ Դպրեվանքը, ուր կը մնար ընդմիշտ  նորընծաներուն կողքին, յատուկ գուրգուրանք տածելով անոնց հանդէպ:

Անոր քաղցր ժպիտը, իմաստուն խօսքերը, հայրական յորդորները յարգանք ու սէր կը յարուցանէին իր անձին նկատմամբ: Անցեալին անոր դասախօսական ամպիոններէն անցած ուսանողներն և կարդինալութեան օրերուն՝ համալսարաններու աշակերտներն ու վարդապետները իր ամենամօտիկ անձերն էին. զանոնք կը սիրէր ու կը յարգէր և անոնցմէ իւրաքանչիւրին մեծ կարեւորութիւն կ'ընծայէր:

Իր մէջ մարդկային հմայք մը կար, իր խօսքը գրաւչութիւն մը ունէր. երեւոյթ մը զորս ոչ ոք կրնար ուրանալ: Ինչ կը վերաբերի կրօնաւորական հաստատութիւններուն՝ ան յատուկ ուշադրութիւն կը դարձնէր դպրեվանքներու նորընծաներուն, քահանաներուն, կրօնաւորներուն և մայրապետներուն, որոնց կ'այցելէր պարբերաբար ու սիրով կը քաջալերէր զանոնք՝ որպէսզի հաւատարիմ մնան իրենց սուրբ կոչումին, որմէ մեծապէս կախեալ էր Ս. Եկեղեցւոյ և հաւատացեալներուն կեանքն ու ապագան:

Անոր ամբողջ կեանքը և կենցաղը եղան գործնական ջատագովութիւնը քահանայական կեանքին վեհութեան ու սրբութեան: Ան կենդանի օրինակ հանդիսացաւ իր կղերին և իրեն վստահուած բանաւոր հօտին: Իսկապէս, Հռոմի մէջ Աղաճանեան իր օրինակելի կեանքով, գերբնական հոգւով և յատկապէս քահանայական ճշմարիտ յստակատեսութեամբ՝ յաջողեցաւ ներգրաւել բոլոր եկեղեցականներու և պատասխանատուներուն սրտերը, իր շուրջ ստեղծելով խաղաղ և համերաշխ մթնոլորտ մը, իրագործելով այնպիսի բեղուն գործունէութիւններ, որոնք հպարտութեան արժանի եւ պատուաբեր պիտի ըլլային ո՛չ միայն Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ, այլեւ՝ ի պարծանս հայ ազգին:

Հռոմի մէջ, երկար տարիներ, Վատիկանի ռատիօ կայանի այնքան սիրուած և ունկնդրուած քարոզիչը և ճառախօսն էր: Առաւե՛լ, Կարդինալ Աղաճանեան հազուագիւտ այն հայ հոգեւորականն էր, որ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ միջազգային համբաւի տիրացած էր: Իր ողջ գործունէութեան ընթացքին՝ Ծիրանաւոր Աղաճանեան կը շրջագայէր ամբողջ աշխարհով՝ ամենուրէք սփռելով Տիրոջ աւետիսը եւ Հայ ազգի անունը: Իրապէ՛ս, ան աշխարհով մէկ հազարաւոր ուսանողներ ուղարկած է՝ զինուած իր իմաստութեամբ եւ քաջութեամբ, որոնք հերոսաբար տարածեցին մարդոց մէջ ճշմարտութիւնը՝ Յիսուս Քրիստոսի հեզութեան ու շնորհքին:

Աշխարհի տարբեր ծագերուն՝ ան եղած է եկեղեցական արարողութիւններու եւ ակադեմական հաւաքներու հանդիսապետ, ատենաբանութիւններու եւ յոբելինական տօնակատարութիւններու սիրուած բանախօս, միջազգային ականաւոր գործիչներու սպասուած հիւր եւ զրուցակից, համալսարաններու դոկտորներու պատուաւոր անդամ եւ քաղաքներու բանալիներու պատուակիր:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/08/2023, 08:08