Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց. Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին – Ա մաս
Ս. Ներսէս Հայրապետը իր կաթողիկոսութեան շրջանին ոչ միայն կը խրատէ ու կը կշտամբէ հոգեւորականներն ու ազնուականները, կը մխիթարէ աղքատներն ու հիւանդները, դարձի կը բերէ ոխերիմ թշնամիները եւ կ՚ըմբերանէ չարախօսները, այլ որպէս բարի հովիւ Քրիստոսի հօտը կը վերադարձնէ մոլորածները։
Ասոնց շարքին կը պատկանին Սամոստիա քաղաքի հայազգի բնակիչներէն խումբ մը, որոնց ներկայացուցիչները կը դիմեն Շնորհալի հայրապետին՝ խոստովանելով որ Արեւորդիներու աղանդի գաղտնի հետնորդներ են, բայց որոշած են հրաժարիլ իրենց հայրենաւանդ մոլորութենէն եւ դառնալ քրիստոնեայ։
Ս. Ներսէս հայրաբար կ՚ընդունի զիրենք եւ, ինչպէս գրած նամակին մէջ կը նկարագրէ, երկար խօսակցութեամբ կը քննէ անոնց յայտնած փափաքին ճշմարտացիութիւնը եւ յստակ պայմաններ դնելով եւ անոնց խոստումները լսելով կ՚որոշէ ընդառաջել անոնց խնդրանքին։
Միաժամանակ ստանալով Սամոստիա քաղաքի առաջնորդին՝ Թորոս քորեպիսկոպոսի եւ Գազան իշխանի կողմէն գրուած նամակը, ուր կը յայտնէին թէ ինչպէս հայազգի Արեւորդիները կը փափաքին եւ կ՚աղաչեն միանալ Քրիստոսի հօտին, երկար նամակով մը կը յայտնէ իր դրական որոշումը, նշելով դրդապատճառները, ինչպէս նաեւ յստակօրէն կանոնակարգելով պահանջուած նախապայմանները եւ թելադրելով հայրական խրատները։
Պատասխան նամակը որ Շնորհալի Հայրապետը կը գրէ՝ կաթողիկոսական դիւանի պաշտօնական նամակագրութեան փայլուն նմոյշ մըն է։ Կը սկսի նամակագրի անունով եւ տիտղոսով «Ներսէս, ծառայ Աստուծոյ եւ Իր ողորմութեամբ կաթողիկոս Հայոց», եւ ապա կը նշէ հասցէն՝ Սամոստիա քաղաքը եւ հասցէատէրերը՝ նախ հոգեւորականներն իրենց քորեպիսկոպոս Թորոսով եւ ապա աշխարհական տանուտէրերը իրենց գլխաւորով՝ որու անունը Գազան էր, որոնց ողջոյն եւ օրհնութիւն կը յղէ՝ «աստուածընկալ սուրբ Նշանէն եւ սուրբ Լուսաւորչի աջէն եւ աթոռէն», մաղթելով որ Տէր Աստուած միշտ ողջ եւ առողջ պահէ զիրենք թէ՛ հոգեպէս եւ թէ՛ մարմնապէս։
Հակիրճ խօսքերով տեղեկացնելէ ետք Արեւորդիներու պատուիրակութեան մասին՝ սուրբ Ներսէս Շնորհալի համառօտ պատմական տեղեկութիւն կու տայ, յայտնելով որ այսպիսի հեթանոսական թաքուն շարժումներ տարբեր ազգերու մէջ գոյատեւած են։ Փառք կու տայ Աստուծոյ որ իր հովուապետութեան ժամանակ կը պարգեւէր այս բացառիկ շնորհքը՝ Լուսաւորչի քարոզութենէն փախչող խաւարասէր մոլորութիւնը լուսաւորելով։
Ապա կը յայտնէ թէ ինչպէս իրեն ներկայացած պատուիրակութեան անդամները երդումով մերժած եւ նզոված են սատանայապաշտութիւնը եւ իրենց չար աղանդը, յանձն առնելով կատարել ամէն պայման, որու հիման վրայ յստակօրէն կը յայտարարէ իր դրական որոշումին վճիռը՝ հիմք ընդունելով Պօղոս Առաքեալի խօսքը՝ թէ «Աստուած կ՚ուզէ որ ամէն մարդ փրկուի եւ ժամանէ ճշմարտութեան գիտութեան» (Ա Տիմ Բ,4)։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ