Որոնել

2022.09.13 San Nerses Shnorhali (Il Grazioso)

Սուրբ Ներսէս Շնորհալի` Մեծ հայրապետն հայոց.­ Ներսէս Կաթողիկոսի նամակը նորադարձ արեւորդիներու մասին – Դ մաս

Հաղորդաշար (27) – Պատրաստեց Մխիթարեան Միաբանութեան ուխտէն` Հայր Սերոբ վրդ. Չամուրլեան - Սուրբ Ներսէս Դ Կաթողիկոսի (1102 – 1173) մահուան 850 ամեակին առիթով
Ունկնդրէ հաղորդաշարը

Ա­րե­ւոր­դի­նե­րը պաշ­տօ­նա­պէս եւ ծի­սա­կար­գով եկե­ղեց­ւոյ գիրկն ըն­դու­նե­լէն ետք Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի կը յանձ­նա­րա­րէ որ Քրիս­տո­սի հրա­մա­նին հե­տե­ւե­լով ու­սու­ցա­նեն նո­րեկ­նե­րուն, յս­տա­կե­լով քայլ առ քայլ կա­տա­րե­լիք ըն­թաց­քը, որ­մէ կր­նանք պատ­կե­րաց­նել երա­խա­նե­րու վե­րա­բե­րեալ քրիս­տո­նէական ու­սուց­ման ու­ղե­ցոյ­ցը։

­Նախ անոնց կը պա­տուի­րեն հե­ռու մնալ Աս­տու­ծոյ ատե­լի չար գոր­ծե­րէն, եւ յատ­կա­պէս սպա­նու­թե­նէն, շնու­թե­նէն, պոռն­կու­թե­նէն, գո­ղու­թե­նէն, ըն­կե­րոջ դա­ւա­ճա­նե­լէն, գի­նո­վու­թե­նէն եւ ամէն սա­տա­նա­յա­կան չար գոր­ծե­րէն։­

Ա­պա կը սոր­վեց­նեն թէ չար գոր­ծե­րու փո­խա­րէն պէտք է բա­րի գոր­ծե­րով զար­դա­րուիլ եւ ըլ­լալ եղ­բայ­րա­սէր, աղ­քա­տա­սէր, եւ ու­րի­շի ու­նե­ցա­ծը գող­նա­լու փո­խա­րէն՝ ար­դար քր­տին­քով վաս­տա­կած սե­փա­կան ինչ­քե­րէն կա­րի­քա­ւոր­նե­րուն բաժ­նել։

­Շատ գործ­նա­կան խրատ մըն ալ կ՚ա­ւելց­նէ Շնոր­հա­լի, ըսե­լով թէ նո­րա­դարձ­նե­րը չնա­խան­ձին անոնց՝ որ Աս­տու­ծոյ օրէն­քին դէմ կը գոր­ծեն, եւ չգայ­թակ­ղին նոյ­նիսկ եթէ ան­կարգ քա­հա­նայ մը տես­նեն՝ «այլ թող նային լա­ւե­րուն եւ ըն­տիր­նե­րուն եւ անոնց­մէ բա­րի օրի­նակ առ­նեն իրենց հա­մար», հաս­տա­տե­լով որ այս չա­րա­բա­րոյ մար­դիկ իրենց ծու­լու­թեան, ան­մտու­թեան եւ սա­տա­նայի դր­դու­մով է որ կ՚ար­հա­մար­հեն Աս­տու­ծոյ օրէն­քը։

­Հայ­րա­պե­տը ընդ­հա­նուր ըն­թա­ցա­կարգ մըն ալ կը փո­խան­ցէ, յանձ­նա­րա­րե­լով որ ամէն­քը տա­րին եր­կու, երեք կամ աւե­լի ան­գամ­ներ քա­հա­նային խոս­տո­վա­նին իրենց յան­ցանք­նե­րը եւ նշուած ապաշ­խա­րան­քը կա­տա­րեն ծո­մա­պա­հու­թեամբ, աղօթ­քով եւ ողոր­մու­թիւն տա­լով, որ­պէս­զի իրենց յան­ցանք­նե­րուն նե­րում գտ­նեն։

­Բո­լոր աղօթ­քի ժա­մե­րուն միւս քրիս­տո­նեանե­րուն հետ եկե­ղե­ցի եր­թան եւ երկր­պա­գեն Աս­տու­ծոյ եւ աղօ­թեն իրենց հո­գի­նե­րու փր­կու­թեան եւ սա­տա­նայի փոր­ձու­թիւն­նե­րէն ազա­տե­լու հա­մար։ Կա­նո­նա­կան ծո­մե­րը պա­հեն, հրա­ժա­րե­լով պա­րար­տաց­նող կե­րա­կուր­նե­րէ եւ թմ­րեց­նող ըմ­պե­լի­նե­րէ։ Ամե­նա­կա­րե­ւո­րը՝ լսեն եւ գոր­ծադ­րեն աւե­տա­րա­նա­կան խրատ­նե­րը։

Շ­նոր­հա­լի կը գրէ. «քա­հա­նա­նե­րէն գի­տու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րը թող բա­ցատ­րեն անոնց աս­տուա­ծա­շուն­չի ծա­ծուկ իմաստ­նե­րը»։ Կը քա­ջա­լե­րէ նաեւ որ սուրբ Գրի­գոր Լու­սա­ւո­րի­չի օրի­նա­կով, այս նո­րա­դարձ­նե­րու ու­շիմ զա­ւակ­նե­րէն հա­ւա­քեն եւ սուրբ գր­քի ուս­ման ըն­ծայեն քա­հա­նա­յա­կան ձեռ­նադ­րու­թեան պատ­րաս­տե­լու նպա­տա­կով։

­Հայ­րա­պե­տը կը յանձ­նա­րա­րէ որ վերջ­նա­կա­նա­պէս հրա­ժա­րին իրենց տրուած անու­նէն, եւ այ­լեւս Քրիս­տո­սի անու­նով՝ քրիս­տո­նեայ կո­չուին։

Շ­նոր­հա­լի կը յոր­դո­րէ քա­հա­նա­նե­րը չխրտ­չեց­նե­լու նո­րա­դարձ­նե­րը՝ ստի­պո­ղա­բար պա­հան­ջե­լով եկե­ղեց­ւոյ նուի­րա­տուու­թիւ­նը որե­ւէ խորհր­դա­կա­տա­րու­թեան հա­մար, եւ կ՚եզ­րա­փա­կէ ըսե­լով. «այն ինչ որ իրենց կամ­քով կ՚ըն­ծայեն՝ բա­ւա­րար հա­մա­րե­ցէք»։

­Փա­կե­լով իր նա­մա­կը, Ս. Ներ­սէս Շնոր­հա­լի աղօթք կը բարձ­րաց­նէ որ Աս­տուած հաս­տա­տուն պա­հէ զի­րենք, մաղ­թե­լով որ սա­տա­նան եր­բեք չկա­րե­նայ խախ­տել եւ կո­րած­նել Քրիս­տո­սի ճշ­մա­րիտ հա­ւատ­քէն։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

29/08/2023, 08:44