Որոնել

Ռիմինիի բարեկամութեան Միթինկի բացման սուրբ պատարագ Ռիմինիի բարեկամութեան Միթինկի բացման սուրբ պատարագ  (ANSA)

Եւրոպան շատ քիչ բան կ՛ընէ Ուքրանիայի խաղաղութեան համար. Կարդինալ Ծուփփին Ռիմինիի «բարեկամութեան Միթինկին»

Մէկուն ու միւսին, պատերազմի պատճառները, ցաւօք սրտի, շատ տարբեր տեսակէտներու կը յանգեցնեն բայց «այս տարբերութիւնները պէտք չէ մեզ ստիպեն կորսնցնել պատասխանատուութեան յստակութիւնը»։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Կիրակի 20 օգոստոսին` Իտալիոյ Եպիսկոպոսական Համահաւաք դասի նախագահ` Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփիին նախագահած հանդիսաւոր սուրբ պատարագով բացումը կատարուեցաւ  20էն 25 օգոստոսին «Հաղորդութիւն եւ Ազատագրում» կաթողիկէ շարժումի նախաձեռնութեամբ Իտալիոյ ծովեզերեան Ռիմինի քաղաքին մէջ «Մարդկային գոյութիւնը անսպառ բարեկամութիւն է» վերտառութեամբ «Ժողովուրդներու միջև բարեկամութեան 44-րդ «Միթինկին»։

Արարողութեան ընթացքին արտասանած իր քարոզին մէջ Ծիրանաւորը հրաւիրեց հետեւողական ըլլալ աղօթքի մէջ ու յիշելով շարժումի հիմնադիր Աստուծոյ ծառայ Հայր Ճուսսանիին խօսքերը թէ «կարելի չէ բարեկամ դառնալ եթէ չսիրենք միւսին ճակատագիրը» հաստատեց, թէ աշխարհի պատմութիւնը փոխելու համար կարիքը կայ բարեկամութեան։

Ան ապա հրաւիրեց միամիտ չըլլալ հաստատելով որ «ժողովուրդներու միջեւ բարեկամութիւնը այսօր կը բախուի հակասութիւններու և բևեռացումներու հետ»։ ուր կան «թուայինով ուժեղացած դիմացկուն նախապաշարմունքներ» եւ ուր «Ընդլայնուած գեղապաշտութիւններ կը զինեն մտքերը, սրտերը և ձեռքերը»:

«Օդը ապականած է թշնամութեան համաճարակներով, և երբ մարդ արբշիռ է, այլեւս գիտակից չէ» նկատել տուաւ Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասին նախագահը։

Բացման արարողութեան առիթով Կարդինալ Ծուփփին հարցազրոյց մը ունեցաւ Sussidiario.it կայքին հետ, որուն մէջ հաստատեց, թէ «Ուքրանիոյ մէջ պատերազմի աւարտին համար Եւրոպական Միութիւնը շատ քիչ բան կ՛ընէ» ու թէ «պէտք է աւելին ընէ։ Պէտք է ամէն ձեւով որոնէ միջոցները սատարելու համար խաղաղութեան նախաձեռնութիւններուն, հետեւելով Քահանայապետին հրաւէրին դիմելու ու ձեռք բերելու ստեղծագործ խաղաղութիւն մը»։

«Մենք, ըսաւ Ծիրանաւորը, պէտք է փորձենք ամէն ձեւով ձեռք բերել արդար խաղաղութիւն մը, ոչ թէ զէնքերով այլ երկխօսութեան միջոցաւ, եթէ կ՛ուզենք մեր զաւակներուն ապահովել խաղաղ ապագայ մը»։

«Մէկուն ու միւսին, պատերազմի պատճառները, ցաւօք սրտի, շատ տարբեր տեսակէտներու կը յանգեցնեն բայց «այս տարբերութիւնները պէտք չէ մեզ ստիպեն կորսնցնելու պատասխանատուութեան յստակութիւնը» հաստատեց Կարդինալ Ծուփփին:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/08/2023, 08:00