Որոնել

2022.10.15 Isola San Lazzaro degli armeni - Venezia

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնին օրը կը նշուի նաեւ Մխիթարեան միաբանութեան հիմնադրութեան տարեդարձը

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է, մանաւանդ հայ կաթողիկէ ծիսարանի մէջ, որովհետեւ այդ օրն է որ, 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք 8 աշակերտներ, Մխիթար Սեբաստացի հիմնեց իր Միաբանութիւնը, զոր նախապէս նուիրած էր Աստուածածնի. Իր մահէն ետք է որ իր աշակերտները կոչուեցա

Հինգշաբթի 8 Սեպտեմբերին, բոլոր եկեղեցիներու մէջ` տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամի Ծննդեան. Եկեղեցին որոշած է Աստուածամօր Անարատ Յղութեան եւ Ծննդեան թուականները, հետեւելով հին Սուրբ Հայրերու Աւանդութեան։

Աստուածածնայ Ծննդեան տօնը յատուկ յիշատակի արժանի է, մանաւանդ հայ կաթողիկէ ծիսարանի մէջ, որովհետեւ այդ օրն է որ, 8 սեպտեմբեր 1701-ին, Կ.Պոլսոյ մէջ, իր շուրջը հաւաքելէ ետք 8 աշակերտներ, Մխիթար Սեբաստացի հիմնեց իր Միաբանութիւնը, զոր նախապէս նուիրած էր Աստուածածնի. Իր մահէն ետք է որ իր աշակերտները կոչուեցան Մխիթարեաններ։

Մխիթար Աբբահայր (1676-1749) 

Մխիթար Աբբահայր ծնած է Սեբաստիա 1676-ին, երբ Հայաստանի մեծ մասը եւ ժողովուրդը կ’ապրէր դժուարին ժամանակներ: Տակաւին շատ փոքրիկ՝ ստացաւ կրօնական դաստիարակութիւն: Բարձրագոյն ուսումի անյագ ծարաւով՝ շրջեցաւ Էջմիածնի, Սեւանի ու Բասենի վանքերը, ուր յուսախաբուած՝ չգտաւ իր ակնկալածը: Պատանի տարիքէն Սեբաստիայի Ս. Նշան վանքին մէջ նուիրուեցաւ անխոնջ ընթերցումի եւ ինքնազարգացումի: Քսան տարեկանին, հազիւ կուսակրօն քահանայ ձեռնադրուած՝ ականատես Հայաստանի նիւթական եւ իմացական տխուր վիճակին, կը յղանայ աշակերտներ հաւաքելու եւ միաբանութիւն մը հիմնելու գաղափարը՝ միասնաբար աշխատելու համար հայ ժողովուրդին հոգեւոր, բարոյական եւ իմացական մակարդակին բարձրացումին համար:

Մեծ խորհուրդ, գեղեցիկ ծրագիր, բայց իրագործումն այդ օրերուն՝ չափազանց դժուար:

Կ. Պոլիս, 1700-ին, ինն աշակերտներէ շրջապատուած, դրաւ հիմը իր երազած հաստատութեան, որ իր անունով ալ պիտի կոչուէր ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՄԻԱԲԱՆՈՒԹԻՒՆ:

Սուլթանական մայրաքաղաքին մէջ հալածուած ազգակիցներէն իր կրօնական դաւանանքին եւ ազգային հաշտարար համոզումներուն պատճառով՝ կ’ապաստանի նախ Մեթոն (Յունաստան) եւ ապա 1715-ին վերջնականապէս կ’անցնի Վենետիկ:

Աստուածային Նախախնամութեան ապաւինած և Սեւանակղզիին Տեսլամօր արտաբերած «եղիցի»ին վստահացած՝ անձնական ճիգերով, բարեկամներու եւ բարերարներու օգնութեամբ՝ Վենետիկի Հասարակապետութենէն իբր սեպհականութիւն կը ստանայ Ս. Ղազար կղզին, ուր պաշտօնապէս կը հաստատուի 8 Սեպտեմբեր 1717-ին, տասնուվեց միաբաններով:

Այդ թուականէն սկսեալ, ամայի կղզին կը դառնայ օրրանը հայ մշակոյթին, ամէնէն կենսունակ կենդրոնը «Հայկական Վերածնունդին»:

Մխիթար Աբբահօր կեանքը մէկ նպատակ ունեցաւ, և այն՝ հասցնել պատրաստուած կրօնաւորներ, «Որդեգիր Կուսի, Վարդապետ Ապաշխարութեան» պատուանունին ներքեւ, որոնք հոգեւոր կեանք, մտաւոր լոյս եւ բարձր գիտութիւն պիտի ջամբէին իրենց ազգակիցներուն:

Իր բովանդակ կեանքը նուիրեց իր ժողովուրդին հոգեմտաւոր լուսաւորութեան սրբազան գործին՝ տոգորուած այնպիսի հոգեկանութեամբ ու կորովով մը, որոնք չգիտցան կանգ առնել խոչընդոտներու դիմաց:

Մխիթար խորունկ հաւատքի, հզօր կամքի, բացառիկ տրամաբանութեան ու խորաթափանց մտքի, ինչպէս նաև հեռատես ծրագրումի և անդուլ աշխատանքի տէր անձնաւորութիւնն էր՝ օժտուած իմացական, հոգեկան ու գործնական արտակարգ ձիրքերով:

Անհուն խանդավառութեամբ և աննկուն հաւատարմութեամբ լծուեցաւ ծանր ու յարատեւ աշխատանքին՝ շինարարական, կրօնական, ուսումնական և հրատարակչական մարզերուն մէջ:

Մխիթար Աբբահօր հեղինակային, խմբագրային ու տպագրային արտադրութիւնը կը կազմեն 66 հրատարակութիւնները. անոնց մէջ ամէնէն ակներեւն է դարագլուխ բացած «Հայկազեան Բառարան»ը, որ լոյս տեսաւ 1749-ին, սրբաշնորհ Հիմնադրին մահէն երեք շաբաթ ետք: Մխիթարի մեծագոյն արժանիքներէն մին: Ընդարձակ գործ եւ դժուարին ձեռնարկ մը, որ դարձաւ հիմնաքարը եւ փրկութիւնը մեր լեզուին:

Մխիթարի հրատարակչական առաքելութեան գլուխգործոցն է Ս. Գիրքին բնագրագիտական լոյսընծայումը, որ իբր «Աբբայի Աստուածաշունչ»ը հռչակուեցաւ բոլորէն և տակաւին ցայսօր չէ կորսնցուցած իր արժէքը:

Իբր հեղինակ՝ Աբբահայրը տպագրեց նաեւ քրիստոնէական, աղօթական, հոգեւոր, քերականական, մեկնողական ու քերթողական գործեր:

Մխիթար իբրեւ միտք եւ կարողութիւն հանճարեղ յայտնութիւն մըն էր, որ ինքնաշխատութեամբ հասաւ զարգացումի բարձրագոյն աստիճաններուն, գերազանց իմացականութիւն մը, որ մեր մէջ մտցուց գիտութեան սէրը և ապահովեց մեր մշակոյթը:

Մխիթար իր աշխատանքով եղաւ ոչ միայն հիմնադիրը կրօնական հաստատութեան մը, այլ նաև վերստեղծողը հոգեւոր, գրական, մշակութային, կրթական եւ ուսումնական այնպիսի շարժումի մը, որ միշտ աւելի զարգացաւ ու ծաւալեցաւ եւ 1800-ական թուականներէն սկսեալ գործնականապէս յաջողեցաւ ներշնչել ազգային ուժեղ ոգի, գիտակցութիւն, սէր՝ տոհմային, պատմական եւ մշակութային գանձերուն հանդէպ, հաւատք՝ նոր դարաշրջան մը սկզբնաւորելու՝ մտաւոր, գիտական, գրական և հրատարակչական կեանքին ծաղկումով ու տարածումով:

Իր հրատարակած Աստուածաշունչի վերջաբանին մէջ որպէս կտակ կ’աւանդէ կրօնի եւ ազգասիրութեան երկու անշփոթ գաղափարներու վարդապետութիւնը, առանց մէկը միւսին զոհելու. այդ իր տուած ուղղութիւնը եղաւ նկարագիրը իր հետեւորդներուն:

Կրօնական ու մշակութային կեանքի մը վերանորոգումին, եւ անոր հասնելու լուսաւոր ծրագիրի մը յղացումին ու կիրարկումին մէջ, հետեւաբար, հարկ է տեսնել Մխիթար Աբբահօր բուն արժէքը, եւ մանաւանդ այն ապառաժեայ կամքին մէջ, որ գիտցաւ ստեղծել գրական շարժումի կենդրոն մը եւ տալ անոր անհրաժեշտ մղումը, որպէս զի իր յաջորդները կատարելագործեն իր ձեռնարկները եւ տան անոնց հաստատութիւն ու բեղմնաւոր կեանք:

Մխիթար Սեբաստացի եղաւ ռահվիրան, որ, անկումի դարերէն ետք, ներարկեց մեր մէջ կրօնի, հայրենիքի, ճշմարտութեան եւ արուեստի գաղափարները, փոխեց մեր մտայնութիւնը, փարատեց հայ մտքին հորիզոնին թանձր խաւարը՝ բանալով նոր աշխարհ մը լոյսի, գիտութեան եւ ապագայի:

 

Մխիթարեան Ուխտին երկու Միաբանութիւնները

Մխիթար կը մահանար 27 Ապրիլ 1749-ին. անոր կը յաջորդէր Ստեփանոս Մելքոնեան Աբբահայրը (1750-1800): Որոշ տարակարծութիւններու պատճառով, 1773 թուականին, խումբ մը վարդապետներ կը հեռանան Ս.Ղազար կղզիէն՝ ուղղուելով Թրիեստ: Սիրալիր հիւրընկալութիւն գտնելով աւստրիական կայսրութեան կողմէ, վերջնականապէս կը հաստատուին Վիեննայի մէջ, 1811-ին: Մխիթարեան Միաբանութիւնները բազմաջան աշխատանքով կը նուիրուին հայ ժողովուրդին կրթադաստիարակչական, մշակութային եւ հովուական ծառայութեան:

Մխիթարեան Միաբանութիւնը, Վենետիկի եւ Վիեննայի իր պատմական զոյգ ճիւղաւորումներով, յետ երկարամեայ բանակցութիւններու եւ քննարկումներու, Վենետիկի Ս. Ղազար Մայրավանքին մէջ, 10-21 Յուլիս, 2000-ին, գումարեց միացեալ ընդհանուր արտակարգ ժողով մը, մասնակցութեամբ երկու Միաբանութիւններուն բոլոր անդամներուն: Մեծամասնութեամբ որոշուեցաւ իրականացնել անմիջական եւ ամբողջական միութիւնը՝ վերստեղծելով մէկ Մխիթարեան Միաբանութիւնը, մէկ կենդրոնական վարչութեամբ:

Պատմական այս քայլը զուգադիպեցաւ Մխիթար Վրդ. Սեբաստացիին կողմէ հիմնուած Միաբանութեան 300 ամեակին, Քրիստոնէութեան 2000-ամեայ յոբելեանին, ինչպէս նաեւ Հայաստանի մէջ Քրիստոնէական Կրօնին պաշտօնական ընդունումին 1700 ամեակին:

Մխիթարեան Միաբանութեան կենդրոնատեղին է Վենետիկի Ս. Ղազարի Մայրավանքը, իսկ Վիեննայի վանքը կը դառնայ իբրեւ առաջին Մենաստան, որուն վանահայրը կը կրէ «տեղական Աբբայ» տիտղոսը՝ իր բոլոր պատուանշաններով:

Մխիթարեան Միաբանութեան բոլոր առաքելավայրեր, հաստատութիւններն ու կենդրոնները կը կառավարուին հինգհոգինոց վարչական խորհուրդէն՝ գլխաւորութեամբ Ընդհանրական Աբբային:

 

Մխիթարեաններուն մշակութային գործունէութիւնը

Մխիթարի օրինակին հաւատարմօրէն հետեւեցան անոր միաբան որդիները՝ ջանալով իրագործել իրենց երանաշնորհ Հիմնադրին գաղափարականը եւ կատարելագործել ընդհանուր ծրագիրը բծախնդիր կերպով: Այսինքն՝ ուսումնասիրել ու ծանօթացնել հայ ժողովուրդին իր պատմական, եկեղեցական, գրական, լեզուական, գիտական ու մշակութային արժէքները դարերու ընթացքին:

Աննախընթաց հետեւողականութեամբ տարուած այս յարաճուն գործունէութեան դիմաց է, որ ԺԹ. դարուն Զարթօնք-Վերածնունդը անըմբռնելի կը դառնայ առանց Մխիթարեաններուն, որոնց մասնաւորաբար աստուածաբանական, մեկնողական, մատենագրական, պատմաբանասիրական, քերանականական, բառարանական, աշխարհագրական, լեզուաբանական, կենսագրագիտական, եկեղեցապատմական, հնագրական, ձեռագրացուցական, հայրաբանական, ծիսախօսական, վանագրական ու պատմաբանական երկերը հարստացուցին հայ դպրութեան գանձարանը:

Մխիթար եւ յաջորդները ծրագրուած աշխատանքով տարիներու ընթացքին հաւաքած են հայկական ընտիր ձեռագիրներ՝ փրկելով զանոնք կորուստէ: Այսօր, Մխիթարեան մատենադարանները ունին 5000-է աւելի ձեռագիրներու ճոխ հաւաքածոյ մը մեծարժէք ու բացառիկ կարեւորութեամբ:

Մխիթարեան երկու վանքերը հեռու գտնուելով աշխարհակործան աղէտներէ, դարերու ընթացքին, համբերատար ու գուրգուրոտ խնամքով հաւաքած են Սփիւռքէն եւ Մայր Հայրենիքէն հայ տպագրութիւններ, կազմելով երկու ճոխ գրադարանները բիւրբիւրաւոր հատորներով, նաեւ եւրոպական լեզուներով գրուած, ինչպէս ալ ամսաթերթեր ու հազուագիւտ հին հայ լրագիրներ, որոնց հայաշխարհին ամենամեծ ժողովածուն, ինչպէս նաև հնատիպերունը, կը գտնուին Վիեննայի մատենադարանին մէջ:

Վենետիկի եւ Վիեննայի հարուստ թանգարաններուն մէջ կը պահուին անգնահատելի գանձեր. անոնց ցուցափեղկերուն մէջ արդար հպարտութեամբ ցուցադրուած են հայկական հին դրամներուն մեծագոյն հաւաքածոն, թանկագին գորգեր, յախճապակիներ, պղնձագործութեան, արծաթագործութեան եւ սրբազան արուեստին ցուցանմոյշներ, ազգագրական ձեռաշխատանքներ ու տոհմային տարազներ:

300 տարիներէ ի վեր Մխիթարեան մամուլն ու հրատարակչատունը կը շարունակեն աշխատիլ գիտակից իրենց դերին ու պաշտօնին եւ մինչեւ այսօր Մխիթարեան հրատարակութիւններուն թիւը կը հաշուէ հազարաւոր հատորներ, առանց նկատի առնելու Մխիթարեան պարբերական մամուլը:

Ս. Ղազարի Հայկական Ակադեմիան, հիմնուած 1843-ին, եւ Վիեննայի վանքը ունեցան իրենց պաշտօնաթերթերը՝ «Բազմավէպ»ը (1846) եւ «Հանդէս Ամսօրեայ»ն (1887). երկուքն ալ մինչեւ այսօր անընդհատ կը շարունակեն կատարել հայագիտական իրենց որակաւոր աշխատանքը: Ասոնց առընթեր՝ կան միջազգային համբաւ ունեցող «Բազմավէպ» (Վենետիկ) և «Ազգային Մատենադարան» (Վիեննա) հայկաբանական մատենաշարները, ինչպէս ալ հոգեւոր, կրօնաբարոյական, կենսագրական, ընկերային, գրականախօսական ու հայագիտական բովանդակութեամբ հատորներուն «Մխիթար Մատենաշար»-ը (Վիեննա-Պէյրութ):

Մխիթարեան զոյգ վանքերուն տպարաններէն լոյս տեսաւ հրատարակութիւններու երկար շարք մը՝ կազմելով հայ դասական հեղինակներուն և մատենագիրներուն հաւաքածոն: Հ. Յակովբոս Տաշեանի առաջնորդութեամբ՝ ձեռագրագիտութիւնը նախաձեռնութիւնն է Մխիթարեաններուն, որոնց շնորհիւ լոյսընծայուեցան բազմահատոր ձեռագրացուցակներ:

Կը յաջորդեն գիտական ուսումնասիրութիւններ: Հոս իրենց աննուաճելի տեղերը կը գրաւեն անմահանունները՝ Հ. Ղեւոնդ Ալիշան և Հ. Ներսէս Ակինեան: Կը վերակառուցուի հայկական ամբողջական պատմութիւնն ու մատենագրութիւնը: Հ. Յովսէփ Գաթրճեանի գլախաւորութեամբ՝ կը մաքրագործուի խեղաթիւրուած «Ոսկեդարեան գրաբար» հայերէն լեզուն յարմար քերականութիւններով եւ հետազօտական աշխատութիւններով: Աշխարհաբարի հիմը կը դրուի Հ. Արսէն Այտընեանի հեղինակած կոթողային քերականութեամբ (Վիեննա, 1866):

Հայերէնի կը թարգմանուին յունական եւ լատինական, իտալական, ֆրանսական, գերմանական ու անգլիական գրականութիւններու կարեւորագոյն գործերը: Եւ դեռ, ծաւալուն գրադարան մըն ալ միջազգային ժամանակակից գրական գլուխգործոցներու թարգմանութիւններ:

Վենետիկ, 1784-ին առաջին անգամ ըլլալով հայ ազգը կ’ունենայ իր ամբողջական պատմութիւնը շնորհիւ Հ. Միքայէլ Չամչեանի եռահատոր հրատարակութեան, որ քաղելով իր ծանօթութիւնները հայ եւ օտար բոլոր աղբիւրներէն՝ հիմը կը դնէ քննական հայ պատմագրութեան:

Արուսետագէտ վարդապետներ կը սկսին փորագրել հայկական քարտէսներ, պատկերազարդել գիրքեր, հրատարակել արուեստի գործեր, հայ պատմական վայրերու, յուշարձաններու նկարներ՝ վերարծարծելու համար հայ հողին եւ հայ մշակոյթին սէրը հոգիներուն մէջ:

Հայ թատերական շարժումն ալ շնորհիւ Մխիթարեաններուն և անոնց աշխարհական աշակերտներուն կը սկսի ընդհանրանալ ԺԹ. դարուն եւ կը ծաւալի հայ գաղութներու մէջ: Մխիթարեան ու հայ անուանի յօրինող երաժիշտներէն են Հ. Արսէն Այտընեան, Հ. Մովսէս Սրապեան և Հ. Գրիգոր Հէպոյեան:

1836-1837-ին հրապարակ կ’իջնէ «Նոր բառգիրք հայկազեան լեզուի» երկհատոր բառարանը, որ տակաւին մինչեւ այսօր ալ անգերազանցելի կը մնայ, իբր ամենէն ընդարձակ եւ անփոխարինելի բառարանը. միակը իր տեսակին մէջ եւ փառքը հայկաբանութեան: Թէ Վենետիկի ու Վիեննայի մէջ լոյսընծայուեցան բազմալեզուեան բառարանններ, որոնք իրենց արժէքը կը պահեն ցայսօր:

Առաջին անգամ ըլլալով ժողովրդական հայերէնը, աշխարհաբարը, կը դառնայ գրական լեզու՝ մուտք գործելով հայ իրականութեան մէջ «Տարեգրութիւն», «Եղանակ Բիւզանդեան Բազմավէպ» (Վենետիկ) ու «Եւրոպա» (Վիեննա) պարբերականներուն հրատարակութիւններով: Ժամանակի ընաթցքին՝ յաջորդեցին «Մխիթարեան ընտանիք» (Վենետիկ) և «Վերելք» (Պէյրութ-Լոս Անճելըս) հոգեւոր, կրօնական բարոյախօսական, ընկերային ու ազգային նիւթերով:

Նաբոլէոն Ա. Պոնափարթ ճանչնալով Մխիթարեաններուն իմացական գործունէութեան բացառիկ երեւոյթը՝ 1810-ին, կայսերական յատուկ հրամանագիրով, Վենետիկի Մխիթարեան Մայրավանքը նկատեց իբրեւ Ակադեմական Հաստատութիւն: Հայ անուանի գիտնականներու կողքին, եւրոպացի մեծ հայագէտ գիտնականներ ալ անոր մաս կազմեցին իբր անդամներ:

Մխիթարեանները կարելի չէ ճանչնալ ու կարելի չէ գնահատել պէտք եղած ձեւով, եթէ մոռցուի անոնց ՀԱՅ ՆԿԱՐԱԳԻՐԸ:

Դատեցէ՛ք, ինչպէս որ կ’ուզէք, գտէ՛ք անոնց գործին մէջ ամէն հնարաւոր թերութիւն, կոչեց՛էք զանոնք միակողմանի, բայց մէկ բան կարելի չէ ենթարկել կասկածի՝ անոնց հայութիւնը, հայկականութիւնը, կամ՝ այսպէս կոչուած «Մխիթարեան ազգայնութիւնը»: Մխիթարեան աշակերտ եւ արդի հայ բանաստեղծութեան մեծագոյն ներկայացուցիչ Դանիէլ Վարուժան պարծանքով կը յայտարարէ. «Ըղեղս հպարտ կը զգայ ինքզինքը՝ հպարտութեամբը Մխիթարեան Իտէալին»:

Այսօր ալ, Մխիթարեան Միաբանութիւնը, հակառակ վերջին տարիներուն տնտեսական տագնապներուն, կը շարունակէ իր սրբազան առաքելութիւնը՝ ընթանալով մեծագոյն գլխատառ Հայուն և իր երջանկայիշատակ Հիմնադիրին՝ Սեբաստացի Մխիթար Աբբահօր գծած լուսաշաւիղ ճանապարհէն:

 

Մխիթարեան վարժարանները

Գրական գործունէութեան զուգընթաց, Մխիթարեան հայրերը դպրոցական ցանցով մը կը պաշարեն հայ կարեւոր գաղութները՝ համոզուած ըլլալով, թէ հոգիին կրթութիւնը եւ մտքին լուսաւորութիւնը կենսական բարիքներն են նոր սերունդներու համար:

Իրենց վարժարաններով՝ 1746-էն սկսեալ Մխիթարեանները անգնահատելի դեր կատարած են անցեալին ու կը շարունակեն կատարել այսօր ազգապահպանումին խոր գիտակցութեամբ՝ հայուն մէջ մարդը, քրիստոնեան ու քաղաքացին կերտելով:

Մխիթարեան վարժարաններէն ելան բազմաթիւ ազգային դէմքեր, հասարակական գործիչներ, մտաւորակններ, գրագէտներ, բանաստեղծներ, արուեստագէտներ, քաղաքական անձնաւորութիւններ: Այսօր, Մխիթարեանները ունին վարժարաններ Պոլիս, Պէյրութ, Հալէպ, Պուէնոս Այրէս, Երեւան և Լոս Անճելըս, ինչպէս ալ երեք նորընծայարաններ:

Աղբիւրը` Հայ Կաթողիկէ Պատրիարքութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

08/09/2023, 07:38