Որոնել

2023.09.23   Mons Boutros Marayati, Arcivescovo degli armeni di Aleppo

Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեան. «Թող որ միջերկրականը դառնայ կեանքի եւ ոչ թէ մահուան ծով, թող ըլլայ միութեան խորհրդանիշ»

Մարիսլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Միջերկրականի Հանդիպումներ» փառատօնի մասնակցող Պետրոս Արք. Միրիաթեան Վատիկան Նիուզի Հայկական Բաժանմունքին հետ ունեցած զրոյցի ընթացքին տեղեկացուց որ ժողովներու ընթացքին ինք բարձրացուցած է Արցախահայութեան հարցը ու աղօթք խնդրած է խաղաղութեան համար

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Մարսիլիոյ մէջ տեղի ունեցող «Միջերկրականի Հանդիպումներ» փառատօնին, որուն եզրափակումը տեղի կ՛ունենայ այսօր` Շաբաթ 23 սեպտեմբերին Ֆրանչիսկոս Պապին ներկայութեամբ, իր մասնակցութիւնը բերաւ նաեւ Բերիոյ Հայ Կաթողիկէներու առաջնորդ` Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը, որուն հետ Վատիկան Նիուզի հայկական Բաժանմունքը կապ պահելով քաղեց հաւաքին հայող որոշ տեղեկութիւններ ու մանրամասնութիւններ ինչպէս նաեւ ժողովականներուն առջեւ կայացած մարտահրաւէրներու մասին շեշտադրումներ։

Զրոյցի ընթացքին Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանը մաղթանք յայտնեց որ «միջերկրականը դառնայ կեանքի եւ ոչ թէ մահուան ծով» ապա անոր աւարտին տեղեկացուց որ ժողովներու ընթացքին ինք բարձրացուցած է Արցախահայութեան հարցը ու աղօթք խնդրած է անոնց համար։

Ունկնդրենք Արհ. Պետրոս Արք. Միրիաթեանի վկայութիւնը

Ունկնդրէ Արհ. Պետրոս Արք Միրիաթեանի հետ հարցազրոյցը

 

 

 

 

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/09/2023, 09:07