Որոնել

Յիսուսի մարմինն ու արիւնը Յիսուսի մարմինն ու արիւնը 

«Ամենազօրաւոր պատուիրանը» Հայր Գէորգ Եպիս Ասատուրեանի շաբաթական խորհրդածութիւնը

Եղբայրական սէրը մեր մէջ այն ատեն կատարեալ կ'ըլլայ երբ դառնայ շարունակութիւնը Յիսուսի՝ մեզի հանդէպ ցոյց տուած սիրոյն:
Ունկնդրէ լուրը

«Սիրէ ընկերդ քու անձիդ պէս» (Մտ Բ, 39) : Սիրոյ այս պատուիրանը, մեծ եւ խոր առաքինութիւն պահանջելով հանդերձ, սիրոյ կատարելութիւն չի նշանակեր:
Կատարեալ սէրը Յիսուս մեզի կը փոխանցէ, որպէս գերագոյն կտակ, մահուընէ քիչ մը առաջ, երբ անձ մը իր հարազատներուն իր ունեցած ամենէն թանկագին գանձը կը յանձնէ՝ «Նոր պատուիրան մը կու տամ ձեզի, որ զիրար սիրէք. ինչպէս որ Ես ձեզ սիրեցի, դուք ալ զիրար սիրէք : Այս է Իմ պատուէրս որ զիրար սիրէք, ինչպէս Ես ձեզ սիրեցի» (Յովհ ԺԳ, 34. ԺԵ, 12) :

Սա արդէն այն նորութիւնն է որ Քրիստոս բերած է Սիրոյ Պատուիրանին : Սիրել ընկերը ոչ թէ իր անձին նման, այլ ինչպէս Ինք կը սիրէ : Յիսուս այնքան նախընտրութիւն կու տայ սիրոյ այս տարբերակին, որ զայն չի վարանիր կոչելու «Իր պատուիրանը», այն պատուիրանը, որ ինք կը նախընտրէ, որ իր բարեկամներուն, մտերիմներուն անփոխարինելի նշանը պիտի ըլլայ երբ գործադրուի: «Ամէնքը ասով պիտի ճանչնան որ դուք իմ աշակերտներս էք, եթէ զիրար սիրէք (Յովհ ԺԳ, 35):

Եթէ պահ մը ներանձնանանք եւ կեդրոնացած մտածենք, պիտի նկատենք թէ ինչպէս Յիսուս, արծիւի սլացքով մեզ հաւասարապէս մեծ սիրոյ թռիչքէ մը, որ տակաւին մարդկային է, մեր անձին կը վերաբերի, թռիչք կը կատարէ դէպի աստուածայինը, դէպի այն սէրը որ Ինք ունի մեր հոգիներուն հանդէպ. հարկ չի տեսներ այլեւս «մեր անձին նման սիրելու» պատուէրին դիմել, այլ մեր հայեացքը անհունօրէն աւելի բարձր ոլորտները սեւեռել՝ տեսնելու այն անհուն սէրը, որ կը տածէ հանդէպ իր արարածներուն, որ պէտք է ծառայէ որպէս միակ օրինակ այն յարաբերութիւններուն որ պէտք ենք ունենալ մեր եղբայրներուն հետ :

Եղբայրական սէրը մեր մէջ այն ատեն կատարեալ կ'ըլլայ երբ դառնայ շարունակութիւնը Յիսուսի՝ մեզի հանդէպ ցոյց տուած սիրոյն:

Այսպէս ըմբռնած սէրը, այլեւս զանազանութիւն չի դներ համակրելի, նուազ համակրելի կամ համակրելի եղբօր մը հանդէպ, նոյնիսկ հանդէպ անոր որ մեզ չի սիրեր… Քանի որ Յիսուս զինք կը սիրէ, եւ այնքան կը սիրէ որ իր կեանքը տուած է անոր համար եւ զայն ամէն օր կը վերանորոգէ Ս. Պատարագի խորհուրդով, պատրաստ սնուցանելու զայն իր Մարմինով եւ Արիւնով :

Ի՞նչ արդարացում կրնանք փնտռել Աստուծոյ առջեւ, երբ մեր սէրը եղբօր մը հանդէպ թերի գտնուի համեմատած Քրիստոսի ցուցաբերած կեանքի օրինակին :

Սուրբերն ալ ըմբռնած են սիրոյ այս պատուիրանին կատարելութեան անհասանելի ըլլալը, չեն ընկճուած, չեն յուսալքուած, ընդհակառակն ուրախացած՝ որ Յիսուս մեզ կ'ուզէ այս բարձունքները առաջնորդել, պայմանաւ որ ազատօրէն կարենայ գործել մեր մէջ, երբ իրեն նուիրենք մեր սրտին բոլոր զգացումները եւ մեր կամքը ամբողջութեամբ:
Միայն այն ատեն է որ եղբօրս հանդէպ ունեցած սէրս կրնայ քրիստոսի սիրոյն շարունակութիւնը դառնալ իմ մէջ :
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

30/09/2023, 07:00