Որոնել

Երուսաղեմի Պատրիարքները եւ Եկեղեցիներու Ղեկավարները՝ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիին հետ Երուսաղեմի Պատրիարքները եւ Եկեղեցիներու Ղեկավարները՝ Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիին հետ  

Դադրեցնել բռնութիւնը, պաշտպանել խաղաղ բնակիչները․ Երուսաղեմի քրիստոնէական եկեղեցիներուն կոչը

Հոգեւոր Առաջնորդները՝ Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ուելպիին հետ միասին, որ այս ժամերուն Սուրբ Երկիրի մէջ կը գտնուի, կը դատապարտեն Կազայի Սուրբ Փորֆիրիօ եկեղեցւոյ ռմբակոծումը, վստահեցնելով անտուն մնացածներուն ապաստան տրամադրելու իրենց յանձնառութիւնը եւ կը դիմեն միջազգային հանրութեան՝ մարդասիրական հրադադարի համար
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

21 Հոկտեմբերին, Երուսաղեմի Պատրիարքները եւ Եկեղեցիներու Ղեկավարները դատապարտեցին Սուրբ Փորֆիրիօ Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ դէմ Իսրայէլի օդուժի կողմէ իրականացուած օդային յարձակումը, որուն պատճառաւ զոհուեցան 18 անձինք։ Այդ առթիւ տարածած յայտարարութեան մէջ անոնք հաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը չպակսեցնելու «օգնութիւն առաջարկելու սուրբ եւ բարոյական պարտականութիւնը» եւ կոչ ուղղեցին միջազգային հանրութեան՝ պաշտպանելու ապաստանարանները եւ յայտարարել մարդասիրական հրադադար՝ այդպիսով իսկ միանալով Քենթըրպըրիի Արքեպիսկոպոս Ժասթին Ուելպիի Կազայի Ալ Ահլի հիւանդանոցին վրայ 18 Հոկտեմբերին կատարած յարձակմանը յաջորդած կոչին։

Վերջինս Երուսաղեմ ժամանած էր յաջորդ օրն իսկ, ուր` 20 Հոկտեմբերի երեկոյեան, Քրիստոնէական եկեղեցիներու ղեկավարներ՝ Երուսաղեմի Լատինաց պատրիարք, կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլայի, Սուրբ Երկրի Պահակ Հայր Ֆրանչեսքօ Փաթթոնի, Երուսաղեմի Յոյն Ուղղափառ Եկեղեցւոյ Պատրիարք Թէոփիլոս Գ․ եւ Ասորի Կաթողիկէ Պատրիարքական Փոխանորդ Մար Եաքուպ Էֆրէմ Սեմաանի հետ միասին, համատեղ աղօթք բարձրացուցած էին առ Աստուած։

Քաղաքացիներուն օգնութիւն առաջարկելու պարտականութիւնը

Քրիստոնեայ կրօնաւորները, «չնայած աւերածութիւններուն», հաւատարիմ կը մնան իրենց «սուրբ և բարոյական պարտաւորութեան»՝ օգնելու, աջակցելու եւ ապաստան առաջարկելու այն խաղաղ բնակիչներուն, որոնք կը դիմեն յուսահատ կարիքի պարագային, գրուած է յայտարարութեան մէջ։

Արդար խաղաղութիւն այսօրուայ եւ ապագայի համար

Եկեղեցին, կոչուած է ծառայելու ամենէ խոցելիներուն, եւ այդ մէկը ոչ միայն խաղաղութեան, այլեւ յատկապէս պատերազմի ատեն, «որովհետև հոն է ամենամեծ մարդկային տառապանքը», կը կարդանք կրկին յայտարարութեան մէջ, որ կը յստակեցնէ թէ այդ առաքելութիւնը աջակցութեան կարիք ունի, հետեւաբար, կոչ կ’ուղղէ միջազգային հանրութեան՝ «անյապաղ կերպով յարգել տալ Կազայի մէջ ապաստանարաններ ծառայող հիւանդանոցներու, դպրոցներու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութիւնը», ինչպէս նաեւ բանեցնել «մարդասիրական հրադադար, որպէսզի սնունդը, ջուրը և կենսական անհրաժեշտութեան բժշկական պարագաները ապահով կերպով հասնին Կազայի մէջ տեղահանուած հարիւր հազարաւոր խաղաղ բնակիչներուն օգնութիւն տրամադրող ընկերութիւններուն»:

Յայտարարութիւնն ի վերջոյ կ’աւարտի՝ հակամարտող բոլոր կողմերուն ուղղուած կոչով՝ «նուազեցնել բռնութիւնը, թիրախ չի դարձնել խաղաղ բնակչութեանը եւ գործել՝ համաձայն պատերազմի միջազգային կանոններուն»: Միայն այս կերպ հնարաւոր է ձեռք բերել «արդար եւ յարատեւ խաղաղութիւն» ողջ Սուրբ Երկիրի մէջ, թէ այսօր` թէ գալիք սերունդներու համար:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/10/2023, 07:57