Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Պապին
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ, որ այս օրերուն իր մասնակցութիւնը կը բերէ Վատիկանի Պօղոս Զ անուան դահլիճին մէջ տեղի ունեցող սիւնհոդոսականութեան նուիրուած սիւնհոդոսին, աշխատանքային ընդհանուր նիստի մը աւարտին առանձնազրողց ունեցաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին հետ, Անոր յատուկ շնորհակալութիւն յայտնելու` անցեալ կիրակի օր Լեռնային Ղարաբաղի տեղահաններուն ու նաեւ կրօնական մշակութային ժառանգութեան ի նպաստ ուղղած կոչին համար, անոր փոխանցելով նաեւ տեղահաններու ապրած դժուարութիւններու մասին ու հայ աշխարհը յուզող այլ հարցերու շուրջ յաւելեալ տեղեկութիւններ։
Արդարեւ անցեալ կիրակի օր Մարեմեան աղօթքի աւարտին Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ի շարս այլ կոչերու` կոչ ուղղած էր նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ տիրող մտահոգիչ կացութեան համար։
Ան ի միջի այլոց ըսած էր. «Տեղահաններու մարդասիրական իրավիճակէն անդին, - որ արդեն խիստ ծանր է – կ՛ուզեմ յատուկ կոչ մը ուղղել տարածաշրջանի մէջ Վանքերու եւ աղօթատեղիներու պաշտպանութեան ի սպաս»։
Սրբազան Քահանայապետը սոյն կոչը ուղղած էր «Իշխանութիւններուն ու բոլոր բնակիչներուն» ընդգծելով, որ պէտք է յարգել ու պաշտպանել վանքերն ու աղօթատեղիները` «որպէս մշակոյթի մաս, տեղական մշակոյթի մաս, հաւատքի արտայայտութիւն եւ եղբայրութեան նշան, որ կարելի կը դարձնէ տարբերութիւններուն մէջ միասին ապրիլը»։
Ահա այս կոչին համար է, որ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ ուզեց իր անձնական շնորհակալութիւնները փոխանցել Ֆրանչիսկոս Պապին անոր հետ ունենալով նաեւ տարբեր հարցերու շուրջ մտքերու փոխանակում։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ