Որոնել

2023.09.01 Il Patriarca Minassian visita il capo della chiesa armena evangelica di Aleppo

«Աղօթատեղիներ ոչնչացնելը կը նշանակէ համայն ազգ մը բնաջնջել». Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը Քահանայապետի կոչին վերաբերեալ

Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ միջազգային հասարակութիւնը կը գտնուի խաչմերուկի դիմաց` կա՛մ կ՛ընդունին այս բոլոր ջարդերը, այս բարոյական, ընկերային և ֆիզիկական ցեղասպանութիւնները և կ՛ընդունին նաեւ իրենց թուլութիւնը, եւ կա՛մ պարտաւոր են ստանձնել մարդկութեան և այս երկրագունդի իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը` երաշխաւորելով իւրաքանչիւր անհատի համար ազատ ապրելու իրաւունքը եւ անոր անձեռնմխելի մարդկային իրաւունքները»
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան

Անցեալ կիրակի օր Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վանքերու ու աղօթատեղիներու յարգանքի ու անոնց պաշտպանութեան կապակցութեամբ ուղղած կոչին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջ. ՏՏ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Կաթողիկոս Պատրիարքը, Իտալիոյ Եպիսկոպոսական համահաւաք դասի պատկան «ՍԻՐ» լրատու գործակալութեան հետ ունեցած հարցազրոյցի մը ընթացքին, արձագանգելով կոչին գնահատեց ու շնորհակալութիւն յայտնեց Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետին, հաստատելով` թէ «այդ տարածաշրջանին մէջ եկեղեցիներու ու վանքերու կործանումը, կը նշանակէ ուզենալ ջնջել պատմութիւնը` ուստի բնաջնջել նաեւ ամբողջ  ժողովուրդ մը»։

«Ֆրանչիսկոս Պապին այդ կոչը անակնկալ մըն չէ։ Ան տեղեակ է  այն վտանգի մասին, որուն թիրախ են  անպաշտպան ու դատարկ մնացած վանքերն ու և աղօթատեղիները» ըսաւ Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը, յոյս յայտներով նաեւ, որ Սրբազան Պապին այդ խօսքերը «զարթնեցնեն ՄԱԿ-ը եւ Միջազգային հասարակութիւնը, որպէսզի անոնք գործեն ի պաշտպանութիւն բոլոր ազգերու պատմութեան ու մշակոյթին»։ 

Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը նշեց նաեւ, թէ հայ ազգը անցեալին եւս ապրած է նման փորձառութիւն, ակնարկելով Ազրպէյճանի կողմէ  Ջուղայի հայկական գերեզմանոցի  հնադարեան հազարաւոր խաչքարերու կործանումին, ու հաստատելով` թէ «այսօր ալ վտանգը կայ` որ այդ մէկը կրկնուի» եւ այս «կը նշանակէ կործանել ժողովուրդի մը մշակոյթը, անոր ամենախոր արմատները» յարեց Պատրիարքը։ 

Ան ապա մատնանշեց որ Լեռնային Ղարաբաղը այսօր դատարկուած է ու թէ այդ մէկը հայ ժողովուրդին դէմ անարդարութիւն է։

«Եթէ աշխարհին մէջ տակաւին կայ քիչ մը խղճմտանք, պէտք է դատապարտել այս անարդարութիւնը, որ գործադրուեցաւ  զէնքի ուժով անզէն ու անպաշտպան բնակչութեան դէմ, առանց մոռնալու նաեւ այն ոճիրները` որոնց թիրախը դարձան մանուկներ, կիներ, տարեցներն ու երիտասարդները» ըսաւ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻՍ-ը աւելցնելով.  «Միացեալ Ազգերու կազմակերպութիւնը եւ  միջազգային հասարակութիւնը կը գտնուի  խաչմերուկի դիմաց` կա՛մ կ՛ընդունին այս բոլոր ջարդերը, այս բարոյական, ընկերային և ֆիզիկական ցեղասպանութիւնները և կ՛ընդունին նաեւ իրենց թուլութիւնը, եւ կա՛մ պարտաւոր են ստանձնել մարդկութեան և այս երկրագունդի իւրաքանչիւր մարդու նկատմամբ իրենց պարտաւորութիւնը` երաշխաւորելով իւրաքանչիւր անհատի համար ազատ ապրելու իրաւունքը եւ անոր անձեռնմխելի մարդկային իրաւունքները»։

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքը խօսեցաւ նաեւ Արցախէն տեղահանուած խաղաղ բնակչութեան ապրած դժուարութիւններուն մասին, յայտնելով` որ ամէն ջանք կը դափուի անոնց կարիքներուն հոգալու համար, «թէեւ այս մէկը դիւրին չէ» յարեց Ան, շեշտելով` թէ անոնք պէտք է իրաւունք ունենան վերադառնալու իրենց մայրենի երկիր։

Այն հարցումին թէ ո՞րն է իր յոյսը, Կաթողիկէ Հայոց հայրապետը պատասխանեց. «Ես յոյս ունիմ` որ գտնուի լոյս մը, հաշտութեան, մարդու իրաւունքներու յարգանքին եւ ունկնդրութեան` անոնց, որոնք կորսնցուցին ամէն բան, նոյնիսկ ապագան։ Կան բազմաթիւ մանուկներ ու պատանիներ, որոնք մնացին առանց դպրոցի։ Կան ընտանիքներ ու տարեցներ, որոնք արմատախիլ եղան իրենց հողերէն։ Այս պայմաններուն մէջ  դիւրին չէ նոր կեանք մը  վերածրագրելը։ Յոյսս է, որ միջազգային հանրութիւնը յանձն առնէ իր միջամտելու պարտաւորութիւնը» հաստատեց Ամենապատիւ Հոգեւոր Տէրը։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

17/10/2023, 11:51