Որոնել

Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու հուվուապետեր Միջին Արեւելքի կաթողիկէ եկեղեցիներու հուվուապետեր 

Սուրբ Երկիր. Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ պատրիարքները կը խնդրեն աղօթել եւ ի գործ դնել ՄԱԿ-ի բանաձեւերը

Միջին Արեւելքի Կաթողիկէ Պատրիարքները իրենց Եկեղեցիներու զաւակներէն կը խնդրեն «խտացնել աղօթքները», մեր Տիրոջ Յիսուս Քրիստոսէն աղերսելու խաղաղութիւն` այն երկրին ուր Ան ծնած է։ Անոնք միաժամանակ հզօր պետութիւնները եւ միջազգային հասարակութիւնը կը հրաւիրեն աշխատելու, որպէսզի վերջ դրուի պատերազմին Սուրբ Երկրի մէջ` ի գործ դնելով ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած բանաձեւերը, ճանչնալով ժողովուրդներու ինքնորոշման իրաւունքը։
Ունկնդրէ լուրը

Ռոպէր Աթթարեան – Վատիկան 

Միջին Արեւելքի մէջ ներկայ գտնուող Կաթողիկէ Հինգ Եկեղեցիներու Պետերը, որոնք Հռոմ կը գտնուին մասնակցելու համար Եպիսկոպոսներու սիւնհոդոսին,  11 հոկտեմբեր 2023ին, հանդիպում մը ունեցան Մարոնիներու Քահանայապետական Վարժարանին մէջ,  միասին կիսելու համար տեղեկութիւնները, նկատառումները եւ հովուական ցուցմունքները` հայող իրենց հասարակութիւններուն ապրած իրավիճակին, Սուրբ Երկրի մէջ բռնկած պատերազմին շրջագիծէն ներս։

Հաւաքին Ներկայ էին Ասորի Կաթողիկէ Իգնատիոս Եուսէֆ Եունանը, Մարոնիներու Պատրիարք Կարդինալ Պշարա Պութրոս Ռային, Քաղդէացիներու Պատրիարք` Լուիս Ռաֆայէլ Սաքոն, Ղպտիներու Պատրիարք Իպրահիմ Իսահակ Սիտրաքը եւ Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարք` Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ։

Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Պետերը իւրացնելով Ֆրանչիսկոս Պապին  կոչն ու խօսքերը Սուրբ Երկրին նկատմամբ, իրենց կարգին մօտիկութիւն արտայայտեցին զոհերու ընտանիքներուն ու բոլոր անոնց` որոնք այս պահուն կ՛ապրին սարսափի եւ ցաւի պահեր։ 

Անոնք իրենց հասարակութիւններու անդամներէն խնդրեցին «խտացնել աղօթքները Յիսուս Քրիստոսին, Խաղաղութեան Իշխանին, իր մօր` խաղաղութեան Թագուհի Սուրբ Կոյս Մարիամի բարեխօսութեամբ, որպէսզի խաղաղութիւնը վերահաստատուի այն վայրին մէջ ուր ինք ուզեց ծնիլ»։ 

Պատրիարքները միաժամանակ  կոչ ուղղեցին «մեծ տէրութիւններուն» և միջազգային հանրութեան`  հրաւիրելով «միասնաբար աշխատիլ վերջ տալու համար այս աւերիչ պատերազմին և հաստատելու արդար և մնայուն խաղաղութիւն մը, որուն  վաղուց ի վեր կը ձգտին մեր ժողովուրդները, ի գործ դնելով նաեւ ՄԱԿ-ի կողմէ որդեգրուած միջազգային բանաձևերը և ժողովուրդներու արժանապատւութիւնն ու անոնց ինքնորոշման իրաւունքը ճանչցող որոշումները»:

Իր Կարգին Լատիններու Պատրիարք Կարդինալ Փիերպաթթիսթա Փիցցապալլա Սուրբ Երկրի Կաթողիկէ բոլոր վիճակաւորներու անունով Սուրբ Երկրի կաթողիկէ կրօնական հաստատութիւններն ու ժողովրդապետութիւնները հրաւիրեց ծոմապահութեան ու աղօթքի օրուայ մը նուիրուած խաղաղութեան եւ հաշտութեան։ 

«Կը խնդրենք` որ երեքշաբթի 17 հոկտեմբերին բոլորը ապրին ծոմապահութեան եւ աղօթքի օր մը» գրեց Կարդինալ Փիցցապալլան հրաւիրելով նաեւ այդ օր կազմակերպել աղօթքի եւ Սուրբ Հաղորդութեան Երկրպագութեան ինչպէս նաեւ Սուրբ Վարդարանի ջերմեռանդական աղօթքի պահեր։ 

Թէեւ, նշեց Ան, շատ մը վայրերուն մէջ կարելի պիտի չըլլան համախմբումները բայց կարելի է ընտանիքներուն մէջ ու կրօնական հասարակութիւններէն ներս կատարել` խաղաղութեան դիտաւորութեամբ միասնական  պարզ աղօթքներ։ 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/10/2023, 14:00