Որոնել

Եւրոպային խորհդարանի նախագահ Եւրոպային խորհդարանի նախագահ  (ANSA)

Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահը պարգեւատրուեցաւ «Ճշմարտութեան մէջ»մրցանակով

ԵՄ խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեթսոլա ստացաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու մրցանակը եւրոպական եւ քրիստոնէական արժէքներուն նուիրուածութեան համար։
Ունկնդրէ լուրը

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեսթսոլա Քրաքովիայի մէջ ստացաւ 2023 թուականի «Ճշմարտութեան մէջ» մրցանակը, որ շնորհուեցաւ Եւրոպայի եպիսկոպոսներու ներկայացուցիչներուն կողմէ, որոնք մաս կը կազմեն Եւրոպայի եպիսկոպոսաց համահաւաք դասերու յանձնաժողովին։

Մրցանակը կը շնորհուի այն անձերուն որոնք բնորոշուած են Քրիստոնէական եւ Եւրոպական արժէքները տարածելու արդիւնաբերման մէջ։

«Աշխարհի մը մէջ ուր պատերազմի յանցագործութիւններն ու մարդկային իրաւունքներու խախտումները համատարած են, ուր մեծ տէրութիւնները մարտահրաւէրներ կը նետեն ժողովրդավարութիւններուն, ամբողջատիրութիւններուն, բազմակողմութեան մեր արժէքները պաշտպանելը աւելի կարեւոր են քան թէ երբեք» ըսաւ Տիկին Մեթսոլա մրցանակը ստանալու ժամանակը աւելցնելով « Քրիստոնեայ եւ Եւրոպական արժէքները մեզի կ՝օգնեն պատրաստելու Եւրոպական միութեան ապագայ մը ուր պիտի ընդգրկուին համախոհ ժողովրդական երկիրներ, ինչպէս Ուքրանիան ,Մոլտավիան, Վրաստանը, արեւմտեան պալքանեան երկիրներ։

Պառիոս Փրիէթօ Հետապնդել միութիւնը եւ չսրել բաժանումները

Եւրոպայի եպիկոպոսաց համահաւաք դասերուն քարտուղար, հայր Մանուէլ Պառիոս Փրիէթօ իր խօսքին մէջ բարձր գնահատեց Եւրոպայի խորհրդարանի նախագահ Ռոպերթա Մեսթսոլա նուիրուածութիւնը տարածելու մէջ ըլլայ ժողովրդական, ըլլայ քրիստոնեայ արժէքները։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

03/10/2023, 13:17