Որոնել

Aftermath of Israeli strikes in Gaza City

Վատիկանի մէջ Սիւնհոդոսի մասնակցող Մերձաւոր Արեւելքի Պատրիարքները դատապարտեցին Կազայի մէջ հիւանդանոցի դէմ ոճրային յարձակումը

Խաղաղութեան Տէր` խաղաղութիւն պարգեւէ աշխարհին

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Չորեքշաբթի, 18 նոյեմբերին, Վատիկանի մէջ գումարուած եկեղեցւոյ սիւնհոդասականութեան նուիրուած սիւնհոդոսի իրենց մասնակցութիւնը բերող Մերձաւոր Արեւելքի պատրիարքները, եպիսկոպոսները, քահանաներն ու աշխարականները կոչ յղեցին, խստօրէն դատապարտելով Կազայի մէջ հիւանդանոցի դէմ իրականացուած ոճրային յարձակումը, որ պատճառեց հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ։

Կոչին մէջ անոնք վստահեցուցին, թէ կ՛աղօթեն զոհերու ընտանիքներու մխիթարութեան եւ վիրաւորներու ապաքինման համար եւ Աստուծմէ կը հայցեն, որ դպչի խիղճերուն, որպէսզի վերջ տրուի այս աւերիչ պատերազմին ու աշխարհի մէջ տեղի ունեցող միւս պատերազմներուն եւ խաղաղութիւն հաստատուի ժողովուրդներուն միջեւ։

«Աշխարհի անմեղները իրաւունք ունին ապրելու ապահովութեան մէջ և իրենք զիրենք կատարելագործել Աստուծոյ փրկարար ծրագրի համաձայն» կը գրեն փաստաթուղթը ստորագրողները որոնք ապա կոչ կ՛ուղղեն միջազգային հասարակութեան լրջօրէն աշխատելու Մերձաւոր Արեւելքի եւ աշխարհի մէջ խաղաղութեան հաստատման ինչպէս նաեւ մարդկային կեանքն ու անոր սրբութիւն յարգելու ուղղութեամբ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

18/10/2023, 13:14