Երուսաղեմի Լատինաց Պատրիարքը «Կազան ռմբակոծելը ոչ մէկ լուծում կը բերէ»
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
«Համաս»ը վայրագութիւններ կատարեց, որ ոչ մէկ արդարացում ունի, սակայն երկու միլիոն մարդիկ սովամահ ընելը, ոչ մէկ օգուտ կը բերէ», այսպէս արտայայտուեցաւ Երուսաղեմի Լատինաց Պատիարքը, Կարդինալ Փիցցապալլան, «Վատիկան Նիուզ»ի հետ ունեցած զրոյցին սկիզբը տեղեկացնելով, որ մինչեւ այսօր մահացած են աւելի քան 5000 հոգի, որոնց շարքին կանայք եւ մանուկներ։« Ռմբակոծումներ ոչ մէկ լուծում պիտի յառաջացնեն» ըսաւ Պատրիարքը։
Ան ապա զրուցելով Կազայի իրավիճակին մասին նշեց, որ հոն թակարդի տակ կը գտնուին երկու միլիոն մարդ զրկուած առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներէն։ Կարդինալ Փիցցապալլա հրամայական նկատեց մարդասիրական միջանցքներ բանալը՝որպէսզի վիրաւորները կարենան բուժուիլ։
«Կազայի այդ երկու միլիոն անձերը «Համաս»ի հետեւորդները չեն։ Հարաւային Իսրաէլի մէջ «Համաս»ի կատարած վայրագութիւնները, ոչ մէկ արդարացում կը յառաջացնեն։ Սակայն պէտք չէ սովի ենթարկել երկու միլիոն անձեր որ ոչ մէկ օգուտ կը բերէ»։ ըսաւ Կարդինալ Փիցցապալլան, իր խոր ցաւն ու մտահոգութիւնը յայտնելով Կազայի մէջ գտնուող Քրիստոնեաներու նկատմամբ, որ ապաստանած են երկու տարբեր ժողովրդապետութիւններէն ներս. Լատինաց Սուրբ Ընտանիքի եւ յոյն Ուղղափառ Սան Փարֆիրիոյ ժողովրդապետութիւններուն մէջ որ վերջերս ռմբակոծումի թիրախ դարձած է։
Կարդինալ Փիցցապալլա ապա իր համոզումը յայտնեց, որ «Համաս»ի ձեռքերուն մէջ գտնուող պատանդները գլխաւոր կէտն է բոլոր պատերազմին։ «Բազմաթիւ կազմակերպութիւններ կ՝աշխատին միջնորդութիւն գտնելու համար։ Թոյլ տանք որ անոնք աշխատին, «որքան քիչ խօսինք այնքան աւելի դիւրին կը դառնայ եզրակացութեան գալը»։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ