Որոնել

Կարմիր գոյնով լուսաւորուած Հռոմի Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցին Կարմիր գոյնով լուսաւորուած Հռոմի Սուրբ Բարթողիմէոս եկեղեցին  

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» հաստատութեան Կարմիր շաբաթը

«Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական իրաւունքով բարեսիրական հաստատութեան նախաձեռնութեամբ կարմիր լոյսով կը լուսաւորուին աշխարհի մէջ տարբեր պալատներ, եկեղեցիներ ի զօրակցութիւն կրօնքի պատկանելիութեան պատճառաւ հալածանքի թիրախ անձերուն

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Նախաձեռնութեամբ «Տառապող եկեղեցւոյ օգնութիւն» քահանայապետական իրաւունքով բարեսիրական հաստատութեան չորեքշաբթի, 22 նոյեմբերին, «Կարմիր շաբաթ» միջոցառումին առիթով, կարմիր լոյսով կը լուսաւորուին Հռոմի մէջ գտնուող Քոլոսսէօ ամփիթատրոնը, Իտալիոյ ծերակոյտի եւ խորհրդարանի պալատները ինչպէս նաեւ արտաքին գործոց նախարարութեան պալատը։

Այս տարի եւս աշխարհի տարբեր վայրերու մէջ, 17էն-26 նոյեմբերին տեղի ունեցած միջոցառումներու նպատակն է բարձրացնել միջազգային ընտանիքի իրազեկութիւնը հալածանքներու ինչպէս նաեւ տարբեր կրօններու պատկան հաւատացեալներու թափած արիւնին մասին, սկսեալ Քրիստոնէութենէն։

Նախատեսուած է, որ Իտալիոյ մէջ  լուսաւորուին նաեւ Սուրբ Աթոռի մօտ Պուրքինա Ֆասօ, Քամերունի, ֆրանսայի, Իտալիոյ, հիւսիսային Մակեդոնիոյ, Սլովենիոյ, Սպանիայի եւ Հունգարիոյ դեսպանատուները։

Յայտնենք թէ աւելի քան 4,9 միլիառ անձեր կ՝ապրին երկիրներու մէջ, ուր կրօնի ազատութեան իրաւունքը խստօրէն սահմանափակուած է ։ Շուրջ 307 միլիոն քրիստոնեաներ կը գտնուին երկիրներու մէջ, ուր առկայ է հալածանքներուն երեւոյթը։

Հալածանքներու դէմ կազմակերպուած միջոցառումներու ծիրէն ներս Եւրոպայի մէջ տեղի կ՝ունենան տարբեր նախաձեռնութիւններ։ Աւստրիոյ մէջ կարմիր լոյսով կը լուսաւորուին խորհդարանը, հանրային տարբեր պալատները եւ աւելի քան 100 ժողովրդապետութիւններ։

Սլովաքիոյ մէջ նաեւ նախատեսուած են նախաձեռնութիւններ, որոնց շարքին կարմիր լոյսով կը լուսաւորուին Նիթրա եւ Պրաթսիլավա բերդերն ու բազմաթիւ յուշարձաններ եւ եկեղեցիներ։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

22/11/2023, 11:57