«Շնորհքներու լիութիւն, մարդկայնութեան տիպար...». Սուրբ Ներսէս Շնորհալիին նուիրուած գիտաժողովը
Ռոպէր Աթթարեան - Վատիկան
Հինգշաբթի` 30 Նոյեմբեր 2023ի առաւօտեան Հռոմի Քահանայապետական Արեւելեան ինստիտուտի մէջ, հաստատութեան Ռէկտոր Յիսուսեան միաբանութեան անդամ Հայր Տավիտ Նազարի, Սուրբ Աթոռի մօտ ՀՀ դեսպան Տիար Կարեն Նազարեանի, Քրիստոնեաներու Միութեան Խթանման վերատեսչութեան ներկայացուցիչ Հայր Տեսթեվիլը եւ Արեւելեան Եկեղեցիներու Վերատեսչութեան վերատեսուչ` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթիի ողջոյնի խօսքերով բացումը կատարուեցաւ «Շնորհքներու լիութիւն, մարդկութեան լիութիւն. Սուրբ Ներսէս Շնորհալի հազարամեակներու խաչմերուկին» խորագիրով գիտաժողովին։
Գիտաժողովին կարելի է հետեւիլ առցանց հետեւեալ հասէցով https://www.youtube.com/watch?v=_fxHcU9afbo
Գիտաժողովը մաս կը կազմեր այն ձեռնարկներուն որոնք նախատեսուած էին Հայոց Մեծ Հայրապետ` Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի մահուան 850 ամեակին առիթով, որոնք չեղեալ նկատուեցան ի տես 19 Սեպտեմբեր 2023-էն ետք Արցախի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակի ն»։ Այդ ձեռնարկներուն մէջ նախատեսուած էր նաեւ Ֆրանչիսկոս Պապին գլխաւորութեամբ համամիութենական աղօթք Հայ առաքելական երկու եկեղեցիներու ու հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հովուապետերու մասնակցութեամբ։
Շնորհալի հայրապետին նուիրուած միջազգային այս գիտաժողովը կը համախմբէ տարբեր ծագում ունեցող առաջատար գիտնականներ եւ եկեղեցականներ, որոնք երկու օրուան քննարկումներու ընթացքին պիտի քննարկեն Ս. Ներսէս Շնորհալիի բազմաշերտ ժառանգութիւնը։
Հիմնական նիստերու ընթացքին պիտի ուսումնասիրուին Շնորհալիի կեանքն ու անցեալը և անոր պատմական համատեքստը (նոյեմբերի 30-ի առաւօտեան նիստ); Անոր մտային ստեղծագործութիւնները և անոր բանաստեղծական և երաժշտական ստեղծագործութիւնները (նոյեմբերի 30-ի կէսօրին); Շնորհալին որպէս համամիութենական ոգիի վաղ օրինակ և քրիստոնէական աստուածաբանութեան վերաբերեալ անոր առանձնայատուկ տեսակէտը (դեկտեմբերի 1-ի առաւօտեան նիստ); Ապա Շնորհալիի Սուրբ Գիրքի բացատրութիւնները եւ բառագրական մեկնութիւնները (դեկտեմբերի 1-ի կէսօրուայ նիստ)։
Գիտաժողովին կը մասնակցին միջազգային գետնի վրայ ճանչցուած գիտնականներ և փորձագէտներ, որոնց շարքին յիշենք` Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին, արքեպիսկոպոս Անուշաւան Թանիելեանը, Գերապայծառ Պօղոս Լևոն Զեքիյեանը, Դանիէլ եպիսկոպոս Ֆինդիկեանը, Տ. Շահէ Անանեան, Վահան Տէր-Ղևոնդեան, Ազատ Պոզոեան, Աբրահամ Տերեան, Հայր Ռիքքարտօ Փանէ, Զարուհի Պօղոսեան, Մարքօ Պայս, Վալենթինա Քալցոլարի, Սերճօ լա Փորթա եւ այլք.
Գիտաժողովի փակման նիստը կը գլխաւորէ Կարդինալ Քլաուտիօ Կուճերոթթին։
Յայտնենք` որ Վատիկանը եւս ուզեց յիշատակել Սուրբ Ներսէ Շնորհալիի մահուան 850 ամեակը անոր նուիրելով յատուկ դրոշմաթուղթ մը, որ ի լոյս ընծայուեցաւ 21 սեպտեմբեր 2023ին, զուգադիպութեամբ Հայաստանի հանրապետութեան անկախութեան տօնին։
Դրոշմաթուղթը ներկայացնող գրութեան մէջ ի միջի այլոց կը կարդանք.
«Պատկանելով նշանաւոր իշխաններու և հայ ականաւոր եկեղեցականներու ընտանիքին, Ներսէս Շնորհալի եղած է վանական, եպիսկոպոս, և վերջապէս Կաթողիկոս՝ որ Հայ Եկեղեցւոյ նուիրապետութեան գերագոյն արժանապատուութիւնն է։ Ժամանակակիցները անոր տուած են «Շնորհալի» կամ «շնորհքով լի» մականունը՝ անոր սրբութեան ու խոնարհ բարեգործութեան պարգևներուն համար, որոնք բեղմնաւորեցին անոր կեանքն ու գործերը, և նաեւ անոր արտասովոր մարդկային, կրօնական և միստիկ անհատականութեան համար։
Շնորհալին եղաւ աստուածաբան և ինքնատիպ հոգևոր հեղինակ, իր Եկեղեցւոյ վարդապետութեան իրազեկագիտութեամբ եւ Քրիստոսի չարչարանքներուն լիակատար նուիրումով:
«Հաւատով խոստովանիմ» անոր քսանչորս տողերով կազմուած մեծ և սրտառուչ աղօթքը, ուր միահիւսուած են աստուածաշնչական, ծիսական և աստուածաբանական նշումները, դարեր շարունակ եղած է հայ ժողովրդի աղօթքի ուղեցոյցը։
Ան եղաւ Լատինական, Յունական և Ասորի եկեղեցիներու հետ կարևոր շփումներու խթանողը ու գլխաւոր հերոսը, անոր գրութիւններուն մէջ ուրուագծուած է իսկական համամիութենական աստուածաբանութիւն մը, բան մը` որ զայն կը դարձնէ ժամանակակից համամիութենական շարժումին բացարձակ նախադրողը։
Սուրբ Ներսէս Շնորհալիի կարևորութիւնն ու եզակի մեծութիւնը, որուն աստուածաբանական հեղինակութիւնը կը համեմատուի Սուրբ Պերնարտոս Տի Քիարավալլէին, կը բխին, առաջին հերթին, անոր հոգևոր իւրօրինակութենէն, որ կ՛ արտայայտուէր ամենաբացարձակ պարզութեամբ, բայց միևնոյն ժամանակ` համբաւի ճնշիչ զօրութեամբ՝ ինչպէս սուրբի ներքին կեանքին այնպէս ալ անոր հասարակական վարքագիծի միջոցաւ։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ