Որոնել

Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Ընկերային վարդապետութեան փառատօնի եզրափակիչ Պատարագ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի, Ընկերային վարդապետութեան փառատօնի եզրափակիչ Պատարագ 

Եկեղեցւոյ ընկերային աշխատանքը խաղաղութիւն կառուցելն ու զայն պաշտպանելն է․ Կարդինալ Ծուփփի

Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Նախագահի կողմէ մատուցած Սուրբ Պատարագով փակումը կատարուեցաւ Ընկերային վարդապետութեան ԺԳ փառատօնին, որ կայացաւ Նոյեմբեր 24էն 26ը Վերոնայի մէջ:
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

Եկեղեցւոյ ընկերային վարդապետութիւնը «կեանքի եւ Հաղորդութեան միջեւ, հոգեւորի եւ նիւթականի միջեւ, Աստուծոյ սիրոյ եւ մերձաւորի հանդէպ սիրոյ միջեւ կապն է»: Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի (CEI) նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին այս շեշտադրումն ըրաւ երէկ՝ 26 Նոյեմբերին Վերոնայի մէջ կայացած Ընկերային վարդապետութեան ԺԳ փառատօնի եզրափակիչ Սուրբ Պատարագի իր քարոզին ընթացքին:

Այս տարուան Փառատօնի նիւթն էր «Հասարակականօրէն օգտակար», որ Կարդինալը կարեւոր բնութագրեց եւ նկատել տուաւ, որ Աւետարանը, թէեւ բոլոր լուծումները չի տար, սակայն «կը սորվեցնէ մեզի գտնել բոլոր խնդիրներու պատասխանը, քանզի կը սորվեցնէ սիրել բոլորը»։

Իւրաքանչիւր անձ ունի հասարակական պատասխանատուութիւն

Եկեղեցին կ’ուսուցանէ ուրիշներու հանդէպ սէրը, որ հասարակական պատասխանատուութիւն է բոլորի համար, «որովհետեւ իւրաքանչիւր անձ ընկերային է, այլ ոչ՝ կղզի», նշեց ապա Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոսը՝ աւելցնելով, որ «քաղցած անձը խնդիր մը չէ, որ պէտք է դիմագրաւել, այլ եղբայր է, որուն հարկաւոր է օգնել»: Ասկէ կը բխի խաղաղութեան յանձնառութիւնը, եւ Եկեղեցւոյ ընկերային աշխատանքը` այդ խաղաղութիւնը կառուցելն ու պաշտպանելն է:

Կրթել ընտրելուն

Փառատօնի նիւթին Կարդինալ Ծուփփին անդրադարձած էր նաեւ նախորդ օրը՝ 25 Նոյեմբերին՝ «Կրթել ընտրելու համար» հանդիպումի ընթացքին հեռարձակուած տեսերիզի մէջ, ուր ընդգծած էր անոր կարեւորութիւնը յատկապէս այսօր եւ բացատրած, որ «կրթել կը նշանակէ օգնել ընտրելու, ընտրութեան գործիքներ տալու»:

Երիտասարդներու արտակարգ ներդրումը

Փառատօնի կազմակերպիչ՝ «Segni Nuovi» հիմնադրամի նախագահ Ալպերթօ Սթիցցոլին Վատիկան նիուզին տուած հարցազրոյցի ընթացքին Փառատօնի յաջողութիւնը թիւերով արտայայտեց․. շուրջ 1700 մասնակից ամէն օր, 14 վահանակ, 80 բանախօս, հարիւրաւոր կամաւորներ: Ամենէ մեծ գնահատականը սակայն՝ Սթիցցոլիին խօսքերով, անոր որակն էր եւ երիտասարդներու ներկայութիւնը՝ «իրական եւ կարեւոր նաև թուային տեսանկիւնէ», որ «զարմացուցած եւ դուր եկած է»։

Փառատօնի յաջորդ փուլը կը նախատեսուի 2024 Հոկտեմբերին կրկին Վերոնայի մէջ։

 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

27/11/2023, 07:59