Յորդանանի մէջ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդի տօնը պիտի նշուի առանց տօնախմբութիւններու
Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան
Յորդանանի թագաւորութեան մէջ Քրիստոնեայ համայնքները յառաջիկայ Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը պիտի տօնեն հրաժարելով Ծնունդի նախորդող տօնակատարութիւններէն՝ Պաղեստինի տարածքներու եւ Կազայի մէջ զինուորական յարձակումներու թիրախ անմեղ զոհերու յարգանքի եւ մօտիկութեան ի նշան։ Արդարեւ Սուրբ Ծնունդի տօնը պիտի նշուի առանց Ծննդեան շուկաներով, սկաուտական եւ երաժշտական շքերթներով, երաժշտական համերգներով, ինչպէս նաեւ մանուկներուն նուէրներու փոխանակումով։
Սուրբ Ծննդեան տօնի կապուած տօնակատարութիւնները ջնջելու խնդրանքը հասաւ Յորդանանին մէջ եկեղեցապետերուն խորհուրդին կողմէ։
Ամմանի Յոյն օրթոտքոսներուն առաջնորդարանին մէջ անցեալ 2 նոյեմբերին, Ամմանի թագաւորութենէն ներս եկեղեցական հասարակութիւններու եւ եկեղեցիներու պատասխանատուներուն կողմէ գումարուած ժողովէն ետք, հրապարակուեցաւ յայտարարութիւն մը որուն մէջ կը խնդրուի, յառաջիկայ 12 նոյեմբերին, Յորդանանի բոլոր եկեղեցիներէն ներս կատարուած յատուկ դրամահաւաքը ուղարկուի Կազայի ժողովուրդին։
«Յորդանանի բոլոր քրիստոնեաները հրաւիրուած են յառաջիկայ Սուրբ Ծնունդը ապրելու ամփոփ եւ չափաւոր կերպով մասնակցելով ծիսական արարողութիւններուն եւ մերժելով տօնական հանրային պահերը», նշուած է յայտարարութեան մէջ ուր աւելցուած է, «Յորդանանի եկեղեցապետերը կը նշեն, որ իրենք կը կիսեն Յորդանանի Ապտուլլա Բ թագաւորի ներկայացուցած «Ճիշդ դիրքորոշումը» Սուրբ երկրի մէջ վայրագութեան դէմ եւ կ՝աջակցի այն բոլոր ջանքերուն, որոնք ուղղուած են լռեցնելու պատերազմի ձայնը։
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ