Որոնել

2021.04.24 Santa Messa in memoria della 106ma ricorrenza del genocidio del popolo armeno - Pontificio Collegio Armeno, Roma

Եկեղեցական գիտելիքներ Թ. շաբաթ զկնի Խաչի (12_19 նոյեմբեր 2023)

Երեքշաբթի 14 Նոյեմբերին` կը տօնենք Եկեղեցւոյ մեծ սուրբ հայրապետներէն մին` Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Ան ծնած է Անտիոք 347 թուականին, եւ նախապէս ուզած է ապրիլ որպէս ճգնաւոր, ուսումնասիրելով Սուրբ Գրքերը. Սակայն առողջութիւնը վատթարանալով` ստիպուած եղած է վերադառնալ քաղաք ուր կը ձեռնադրուի սարկաւագ եւ ապա քահանայ, քարոզութեան իրաւունքով. Իր հիանալի քարոզներուն համար` ան կոչուած է Ոսկեբերան։
Ունկնդրէ լուրը

Կիրակի օրը՝ կը կարդացուի Յայրոսի աղջկան հրաշագործ յարութեան աւետարանը, կարծէք կանխելու համար Քրիստոսի յարութեան մեծագոյն հրաշքը։ Յիրաւի ոչ ոք կրնայ կեանք տալ մահուընէ ետք, եթէ Աստուած չըլլայ անոր ուժ ու կարողութիւն տուողը։ Յիսուս է եւ կը մնայ միակ անձը որ այսքան մեծ ուժի եւ կարողութեան տէր է։

Չորեքշաբթի եւ Ուրբաթ օրերը կը շարունակուի ընթերցումը Ղուկասի աւետարանի 9-րդ գլխուն, ինչպէս նաեւ Եփեսացիներու Թուղթին վերջին մասը։

Երկուշաբթի օրը՝ 13 Նոյեմբերին, կը տօնուին հետեւեալ սուրբերը.

- Սուրբ Մելիտոս, Հայրապետ Անտիոքի. Նախապէս եպիսկոպոս էր Սեբաստիոյ երբ կանչուեցաւ Անտիոքի աթոռին վրայ, որպէսզի խաղաղեցնէ տագնապած Անտիոքայ Եկեղեցին։ Կը մասնակցի Կ.Պոլսոյ տիեզերական Բ. Ժողովին եւ ժողովը տակաւին չվերջացած` կը վախճանի նոյն քաղաքին մէջ։

- Սուրբ Մինաս, Եգիպտացի զինուորական, ծնած Այեքսանդրիա, բայց կը պաշտօնավարէր Փռիւգիոյ մէջ. Երբ երեւան ելաւ իր քրիստոնեայ ըլլալը, առանց վախի դիմեց դէպի նահատակութիւն, Դիոկղետիանոս կայսեր օրով։

- Պարսից Եկեղեւոյ պատկանող երեք սուրբեր, Մելէս Եպիսկոպոս, Բուրաս կամ Եփորաս քահանայ եւ Շէն սարկաւագ, որոնք նահատակուեցան Գերդա քաղաքի իշխանէն, Շապուհ Բ. Պարսից թագաւորի օրով։

Երեքշաբթի 14 Նոյեմբերին` կը տօնենք Եկեղեցւոյ մեծ սուրբ հայրապետներէն մին` Սուրբ Յովհան Ոսկեբերան։ Ան ծնած է Անտիոք 347 թուականին, եւ նախապէս ուզած է ապրիլ որպէս ճգնաւոր, ուսումնասիրելով Սուրբ Գրքերը. Սակայն առողջութիւնը վատթարանալով` ստիպուած եղած է վերադառնալ քաղաք ուր կը ձեռնադրուի սարկաւագ եւ ապա քահանայ, քարոզութեան իրաւունքով. Իր հիանալի քարոզներուն համար` ան կոչուած է Ոսկեբերան։ Կ. Պոլիսէն, ուր հասած էր իր համբաւը, կայսրը զինուորներ կ՛ուղարկէ որպէսզի յափշտակեն զինք եւ բերեն կայսերական քաղաք ուր կը կարգեն զինք պատրիարք Կ.Պոլսոյ։ Կը բարեկարգէ տեղւոյն կղերը եւ կը բանայ հիւանդանոցներ ու ծերանոցներ, մեծ խնամք տանելով աղքատներուն. Հակառակած ըլլալով կսյսրուհիի չարաբարոյ կամքին, բազմիցս կ՛աքսորուի եւ իր վերջին աքսորի ընթացքին, Կովկասի մէջ, կը վախճանի 407 թուին։

Հինգշաբթի ՝ 16 Նոյեմբերին` կը տօնենք հետեւեալ սուրբերը.

- Սուրբ Գուրիաս, Սամոնաս եւ Աբիբաս երեք Եդեսիացի նահատակները Դիոկղետիանոս կայսեր օրով, 299 թուին։

- Սուրբ Ռոմանոս Միայնակեաց անտիոքացի աբեղան, որ դարձեալ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոսի օրով, յետ բազմազան չարչարանքներու։ Անոր հետ մարտիրոսացաւ Բարուլա անունով քրիստոնեայ մանուկ մըն ալ, որ խոստովանած էր թէ քրիստոնէութիւնն էր միակ ճշմարիտ կրօնը։

- Կը տօնենք նաեւ՝ Սուրբ Հիւսիքոս հռովմայեցի զինուորականը, որ իր հաւատքին համար խեղդամոյն եղաւ Որոնդէս գետին մէջ։

Շաբաթ 18 Նոյեմբերին` տօնն է երկու առաքեալներու, Սուրբ Անդրէասի, որ եղբայրն էր Պետրոս առաքեալին, եւ որ խաչամահ մեռաւ, եւ Սուրբ Փիլիպպոս առաքեալին, որ դարձի բերաւ եւ մկրտեց Եւթոպիոյ թագուհիին աւագ ներքինին։

Կիրակի 19 Նոյեմբերը՝  Յիսնակաց առաջին Կիրակին է: 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/11/2023, 09:24