Որոնել

2019.04.23 San Giorgio, martire

«...Նահատակեալ եւ պսակեալ ընդ անմարմնոցն դասս»

«Ո'վ սուրբ Գէորգ պարծանք ազգի մարդկան. հրաշալի ճգնութեամբ ի յերկրի նահատակեալ եւ ի յերկինս պսակեալ ընդ անմարմնոցն դասս»: Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի խօսած քարոզը Լաւալի (Գանատա) Ս. Գէորգ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ մէջ, 27 սեպտեմբեր 2023

«Ո'վ սուրբ Գէորգ պարծանք ազգի մարդկան. հրաշալի ճգնութեամբ ի յերկրի նահատակեալ եւ ի յերկինս պսակեալ ընդ անմարմնոցն դասս»:

Հայ շարականագիրը սոյն բովանդակալից խօսքերով կը տաղերգէ տիպարը Ս. Գէորգի, որ նահատակուեցաւ 303 թուականին (Դ.դար):

Դիոկղետիանոս Կայսեր ժամանակ, իր բոլոր հպատակները ստիպողաբար կոչուած էին զոհ ընծայելու կայսրութեան չաստուածներուն:

Սոյն հրամանը ազդարարութիւն մըն էր յատկապէս զինուորականներուն՝ իբրեւ հաւաստիք իրենց հաւատարմութեան կայսերական հրահանգներուն:

Պաղեստինի Լիտտա քաղաքէն, ծագումով Կապադովկիացի սպայ մը՝ Գէորգ անունով՝ կը մերժէ: Եւ այս անհնազանդութեան պատճառով կը գլխատուի:

Ս. Գէորգի կեանքը թէպէտեւ դրասանգուած է բազմաթիւ աւանդազրոյցներով, այնուհանդերձ անհերքելի եւ անուրանալի իրողութիւն մըն է, որ ան նահատակուած է Քրիստոսի հաւատքին համար:

Շուրջ 325 թուին, Կոստանդին կայսրը եկեղեցի մը կը կառուցանէ Կոստանդնուպոլսոյ մէջ սուրբին ի պատիւ: Հարիւր տարի յետոյ, այլ քառասուն եկեղեցիներ կը կառուցուին Եգիպտոսի մէջ: Հետզհետէ կը բազմանան

անոր ի պատիւ բարձրացած սրբավայրերը գրեթէ ամէն երկրի մէջ: Այսօր, կարելի չէ ճշտել թիւը այդ եկեղեցիներուն, որոնք անոր անունը կը կրեն:

Ս. Գէորգ Անգլիոյ եւ Եթովպիայի պաշտպան սուրբն է:

Կռահելով, որ բաւականաչափ տեղեակ էք Ս. Գէորգի կենսագրութեան առնչուող դրուագներուն, պատշաճ նկատեցի խօսիլ ու անդրադառնալ քրիստոնէական նահատակութեան կամ մարտիրոսութեան մասին:

1-Ի՞նչ է քրիստոնէական նահատակութիւնը կամ մարտիրոսութիւնը եւ ո՞վ է նահատակը կամ մարտիրոսը

Ս. Աւետարանը Յիսուսի հետեւեալ խօսքերը մեզի կը հաղորդէ. « Ով որ կ'ուզէ ինծի

հետեւիլ, թող ուրանայ իր անձը, առնէ իր խաչը ամէն օր եւ ետեւէս գայ: Որովհետեւ ով որ ուզէ իր կեանքը փրկել, պիտի կորսնցնէ զայն. իսկ ով որ իր կեանքը կորսնցնէ ինծի համար, պիտի փրկէ զայն» (Ղուկաս 9, 23-24):

Մարտիրոսները այն քրիստոնեաներն են, որոնք իրենց կեանքը կը զոհեն հաւատարիմ մնալու համար Յիսուսի Քրիստոսի հանդէպ:

Յունարէն եզր մըն է «մարտիրոս» ու կը նշանակէ «վկայ»:

«Մարտիրոսութիւնը գերագոյն վկայութիւնն է մատուցուած հաւատքին ճշմարտութեան. ատիկա արտայայտութիւնն է ի գին մահուամբ կատարուած վկայութեան» (Քրիստոնէական Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ 2473):

Մարտիրոսը վկան է խաչեալ եւ յարուցեալ Քրիստոսի, որուն ինք միացած է սիրով:

Վկան է նաեւ հաւատքի ճշմարտութեան եւ քրիստոնէական վարդապետութեան, ու կը դիմակալէ մահը արիութեան արարքով մը:

Ս. Իգնատիոս Անտիոքացին, որ 107 թուականին մարտիրոսացած էր, այսպէս կ'արտայայտուէր. «Թողէ'ք, որ գազաններուն կեր ըլլամ. անոնցմով պիտի տրուի ինծի հասնիլ Աստուծոյ » (Ք. Կ. Ե. 2473):

Ամենամեծ խնամքով Եկեղեցին հաւաքած է անոնց յիշատակները, ինչպէս յիշատակը Հայոց Ցեղասպանութեան նահատակներուն, որոնք ընթացան դէպի մահ, վկայելու համար իրենց հաւատքին, դասելով զանոնք սուրբերու շարքին:

 

2-Նահատակութիւնն ու սէրը

Վերջին Ընթրիքի գիշերը Յիսուս յայտարարեց. «Չկայ աւելի մեծ սէր, քան իր կեանքը զոհել բարեկամներուն համար» (Յովհաննէս 15, 13):

Ինքը՝ Քրիստոս, Աստուածորդին, յայտնեց Իր սէրը՝ իր կեանքը տալով Խաչին վրայ մեզի համար: Մարտիրոսները, իրենց կեանքը զոհելով, կը նմանին աստուածայինբՎարդապետին, որ ազատօրէն ընկալեց մահը աշխարհի փրկութեան համար:

Թէեւ նահատակութիւնը Աստուծոյ մէկ պարգեւն է որոշ անձերուն, բոլոր քրիստոնեաները կոչուած են Քրիստոսը խոստովանելու աշխարհի առջեւ եւ հետեւելու Անորխաչի ճանապարհին վրայ, հալածանքներու ճամբով:

Նահատակները, որոնք կոչուած են նման գերագոյն զոհողութեան, քալեցին Յիսուսի ետեւէն՝ Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ առաքինութիւնները ի գործ դնելով: Ասոր համար կրցան իրենց կեանքը զոհել Քրիստոսի համար. «Ով որ քիչին մէջ հաւատարիմ է, շատին մէջ ալ հաւատարիմ է» (Ղուկաս 16, 10):

Հաւատքի, Յոյսի եւ Սիրոյ աստուածային առաքինութիւններէն զատ, մարտիրոսները բնորոշող միւս առաքինութիւնները հետեւեալներն են.

-Արդարութիւնը, որովհետեւ չեն ուզեր ուրանալ ճշմարտութիւնը.

-Հոգեկան արիութիւնը, որով կը դիմադրեն ճշմարտութիւնը պաշտպանելու համար.

-Հոգւոյ վեհութիւնը, որովհետեւ իրենց հայեացքը քաջաբար կը սեւեռեն արգելքներէն անդին:

Այլապէս, նահատակները ապրեցան եւ մեռան «այն ապահով յոյսով, որ ոչինչ եւ ոչ ոք զիրենք կրնայ բաժնել Աստուծոյ սէրէն, որ մեզի տրուած է Յիսուս Քրիստոսով» (Հմմտ. Հռոմայեցիներուն 8, 38-39):

3-Ուսկի՞ց կու գայ նահատակութիւնը ընկալելու զօրութիւնը

Անիկա կու գայ Յիսուսի հետ խոր եւ սերտ միութենէն, որովհետեւ մարտիրոսութիւնը եւ կոչումը մարտիրոս ըլլալու, արդիւնքը չեն մարդկային ջանասիրութեան կամ վաստակին, այլ՝ անիկա պատասխան է Աստուծոյ կողմէ մեզի ուղղուած նախաձեռնութեան եւ կոչին:

Նահատակութիւնը շնորհք մըն է, որ մեզ ատակ կը դարձնէ մեր կեանքը զոհելու ի սէր Քրիստոսի, Եկեղեցւոյ եւ ի սէր ազգին ու մարդկութեան:

Երբ կարդալու ըլլանք նահատակներուն կենսագրութիւնը՝ կը հիանանք ի տես անոնց անդորրութեան եւ արիութեան՝ չարչարանքի եւ մահուան դիմաց:

Կարեւոր է սակայն ստորագծել, որ շնորհքը չի' ջնջեր եւ չի' խոչընդոտեր նահատակութիւնը դիմակալող անձին ազատութիւնը, այլ՝ ընդհակառակը, այդ ազատութիւնը աւելի կը ճոխանայ եւ կ'իմաստաւորուի:

Նահատակը ազատօրէն կը զոհէ իր կեանքը ամբողջովին միանալու համար Խաչին վրայ գամուած Քրիստոսի զոհաբերութեան:

4- Նահատակներ կա՞ն մեր օրերուն

Մեր օրերուն եւս, բազմաթիւ վայրերու մէջ, կան հալածուած քրիստոնեաներ (Արցախի հայ ժողովուրդը), որոնք կը հալածուին, որովհետեւ քրիստոնեայ են ու կը սպաննուին իրենց հաւատքին համար:

Միշտ ալ նահատակներ պիտի ըլլան եւ Եկեղեցին անոնց կարիքն ունի:

Ինչպէս Յիսուս ազդարարած էր, նահատակութիւնը չի' պատկանիր անցեալին. «Եթէ աշխարհը ձեզ ատէ, գիտցէք, որ նախ զիս ատեց: Եթէ ըլլայիք այս աշխարհէն, աշխարհը անշուշտ պիտի սիրէր իրենները: Բայց դուք աշխարհէն չէք, քանի որ ես ձեզ ընտրեցի եւ զատեցի աշխարհէն, ասոր համար աշխարհը ձեզ կ'ատէ» (Յովհաննէս 15, 18-19):

Նահատակը կրնայ նկատուիլ իբրեւ հերոս, սակայն նահատակին հիմնական յատկանիշը ա'յն է, որ ինք «փրկուած է»: Աստուծոյ շնորհքն է եւ ոչ թէ իր քաջագործութիւնը, որ զինք նահատակ կը դարձնէ:

Այսօր, ինչպէս մատնանշեցի, Եկեղեցին կարիքն ունի նահատակներու, մարտիրոսներու, վկաներու, այսինքն՝ ամէն օրուայ սուրբերուն:

Որո՞նք են են ամէն օրուայ սուրբերը.

-Անոնք են, որոնք յանձն կ'առնեն լռութեամբ տանիլ իրենց նեղութիւնները.

-Անոնք են, որոնք սիրով կը կատարեն իրենց ամէնօրեայ պարտականութիւնները.

-Անոնք են, որոնք հաւատարմութեամբ կ'ապրին իրենց վիճակը.

-Անոնք են, որոնք իրենց կեանքը կը վարեն իրենց մկրտութեան ուխտերուն համաձայն.

-Անոնք են, որոնք Աստուծոյ պատուիրաններուն համաձայն կ'ընթանան:

Օրինակի համար.

Այն մայրերը, այն հայրերը, այն երիտասարդներն ու տարեցները, որոնք անձուիրումով կը կատարեն վիճակի պարտականութիւնները, Աստուծոյ կը նուիրեն իրենց յոգնութիւնը, կը ներեն իրենց դէմ յանցանք գործողին, իրենց կեանքով կը վկայեն Աստուծոյ գոյութեան, եւ կը գործնականացնեն իրենց հաւատքը: Յիսուս կ'ըսէ. «Թող մարդիկ տեսնեն ձեր բարի գործերը եւ փառք տան Աստուծոյ» (Մատթէոս 5, 16):

Աղօթենք, որ Աստուած Սուրբ Գէորգի եւ մեր բոլոր նահատակներուն բաեխօսութեամբ, մեզի ոյժը տայ իր վկաները ըլլալու:

Թող մեզի պարգեւէ ապրելու քրիստոնէական յոյսը, յատկապէս թաքուն եւ անտեսանելի ամէնօրեայ նահատակութեամբ եւ սիրով: Ամէն:

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

01/11/2023, 07:55