Որոնել

Լիբանանի դրօշակը Լիբանանի դրօշակը  (AFP or licensors)

Հոգեւոր Տիրոջ խօսքը՝ Լիբանանի անկախութեան տօնին առիթով

Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի հայրապետական խօսքը ուղղուած հանրութեան
Ունկնդրէ լուրը

Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Ամենապատիւ եւ Գերերջանիկ Ռաֆայէլ-Պետրոս ԻԱ. Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքը, Լիբանանի Անկախութեան տօնին առիթով, հայրապետական իր խօսքը ուղղեց հանրութեան. «Անկախութեան այս տարուան տօնը եկաւ տխրութեամբ եւ դատարկութեան մէջ, զոր տակաւին կ’ապրինք անպատասխանատուութենէն եւ անտարբերութենէն բզկտուած ու վիրաւոր հայրենիքի մը մէջ։

Ուստի, կը խնդրենք Աստուծմէ, որ մեզի շնորհէ երկրի նախագահ ու կառավարութիւն մը, բարեփոխումներ յառաջացնող եւ դատարկութիւնը խոչընդոտող դատական համակարգ մը, ինչպէս նաեւ իշխանութիւն մը, որ կ’աշխատի փրկել խեղդուող ժողովուրդը, որ կը թփռտայ ագահութեան եւ անպատասխանատուութեան ալիքներուն մէջ։

Մեր հաւատացեալ զաւակներէն կը խնդրենք աղօթել մեր Հայրենիքին անվտանգութեան, ապահովութեան եւ խաղաղութեան համար, որպէսզի Լիբանանեան Մայրին շողշողայ Լիբանանի դրօշին վրայ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

21/11/2023, 08:00