Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ եւ Հայ ժողովուրդի պարծանք Երանաշնորհ Կարդինալ Աղաճանեան. Հաղորդաշար (45)
ԽԵ. Հաղորդում
Այսօրուայ հաղորդումի ընթացքին պիտի անդրադառնանք Կարդինալ Աղաճանեանի օրոք Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի Հռոմ այցելութեան:
Ուրբաթ 8 Մայիս 1970-ին, կը զուգադիպի Ամենայն Հայոց Վազգէն Ա. Կաթողիկոսի պաշտօնական այցը Հռոմ՝ Պօղոս Զ. Պապին: Պօղոս Զ. Քահանայապետը քրիստոնեաներու միութեան եռանդէն մղուած հրաւիրած էր Էջմիածնի Վազգէն Ա. Կաթողիկոսը Հռոմ, մեկդի ձգելով նախապատուութեան ամէն նկատողութիւն: Այդ օրերուն, Քահանայապետը կ'աշխատէր ամէն գնով վառ պահել թափը, յառաջացնելու համար քրիստոնեաներու միութեան դժուարին գործը:
Հայոց Հայրապետի շքախումբին մաս կը կազմէին յատկապէս Պոլսոյ Ամեն. Շնորհք Պատրիարք Գալուստեան և Երուսաղէմի Եղիշէ Պատրիարք Տէրտէրեան: Իրաւամբ, Էջմիածնի Հայրապետի պատմական այցելութեամբ Հռոմ՝ Հայ Եկեղեցին մեծ շուքով ողջագուրուեցաւ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ հետ: Առաջին անգամն էր որ Հռոմի Պապը պատիւը և ուրախութիւնը կ'ունենայ ընդունելու Էջմիածնի Կաթողիկոսը, քանի երկար ժամանակէ մը ի վեր Ամենայն Հայոց Հայրապետ մը չէր այցելած Հռոմի Սրբազան Պապին:
Վատիկանի նշանաւոր Սիքստեան մատրան մէջ, որ զարդարուած էր Միքէլանճելոյի և այլ արուեստագէտ նկարիչներու գլուխ-գործոցներով, Հռոմի և Հայ Եկեղեցիներու Հովուապետները կը հանդիպէին իրարու, եղբայրական ողջագուրումով: Այդ պատմական հանդիպումին ներկայ էր նաեւ Կարդինալ Աղաճանեան, հակառակ իր կրած խոր ցաւերուն, եկած էր դիմաւորելու Հայոց Հայրապետը, և մինչ Պօղոս Զ. կ'ողջագուրուէր Երուսաղէմի և Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքներուն հետ, Գրիգոր Պետրոս ԺԵ. Աղաճանեան բարի գալուստ կը մաղթէր Ամենայն Հայոց Հայրապետին:
Ճշմարտացի էր Սաղմոսերգուին խօսքը թէ. «Որքա՜ն բարի է, որքա՜ն վայելուչ, որ եղբայրներ միասին բնակին»: Այս առթիւ՝ Պօղոս Զ. կը յիշատակէ Խորէն Ա. Կաթողիկոսին այցը, ակնարկելով հայոց հզօր հաւատքին, Մեծ Հայաստանը որուն փարումը՝ Քրիստոնէական հաւատքին հիացումով լեցուցած էր նախորդ Քահանայապետ՝ Գրիգոր ԺԳ. Պապը:
Տեղին է յիշել թէ՝ 1967-ի Մայիսին, Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Խորէն Ա. Կաթողիկոս եւս պաշտօնապէս այցելած էր Վատիկան Պօղոս Զ. Քահանայապետին (Աւետիք, 1970, թիւ 6-9, էջ 65): Արդ, Վազգէն Ամենայն Հայոց Կաթողիկոսի այցելութեամբ նոր հանգրուան մը կը սկսէր Հռոմի Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ և Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ միջեւ:
Կիլիկեան շրջանէն դարեր ետք, այս այցելութիւնը իրապէս անկիւնադարձ մը կ'ըլլայ Հռոմէական և Հայ Եկեղեցւոյ ժամանակակից պատմութեան մէջ, որուն իբր հետեւանք՝ յաճախակի եղան Հայ հոգեւոր Առաջնորդներու և պատգամաւորներու այցելութիւնները Հռոմայ Սրբազան Քահանայապետին: Յիշատակութեան արժանի է թէ Լեհահայ բազմահմուտ վարդապետ՝ Հ. Գրիգոր Բեդրովիչ երկար տարիներ Վատիկանի արշիւները ուսումնասիրելէ ետք յայտնաբերած է կարգ մը Հայ կաթողիկոսներու պատմական արժէք ունեցող նամակներ ուղղուած Հռոմի Պապերուն, ուր անոնք ստուգապէ՛ս Ս. Պետրոսի գլխաւորութեան իրենց հաւանութիւնը յայտնած են, փոխադարձ սիրոյ և յարգանքի: Այս մէկը ցոյց կու տայ թէ Հռոմի Կաթողիկէ և Հայ Եկեղեցւոյ յարաբերութեանց ուշ միջնադարու պատմութիւնը բանասէրներու կողմէ ուսումնասիրուելու կարիքն ունին: Կիրակի 10 Մայիսին, Քահանայապետական Պատարագի ընթացքին, Պօղոս Զ. Պապը հաւատացեալներու հոծ բազմութեան ներկայութեան՝ կը կատարէ անմոռանալի արարք մը, իջնելով իր գահէն, կը յառաջանայ դէպի Հայոց Կաթողիկոսը, կ'ողջագուրուի անոր հետ և իր սեփական մատանին կը փոխանակէ անոր մատանիին հետ, ի նշան մշտնջենաւոր եղբայրութեան և հաղորդութեան Կաթողիկէ և Հայաստանեայց Եկեղեցիներու միջեւ:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ