Որոնել

2023.11.20 Visita del Superiore del Convento di Bzommar alla chiesa armena di Kessab

Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ կաթողիկէ եկեղեցին պատմական այցով հիւրընկալեց Զմմառու վանքին նորընտիր մեծաւորը

Փառաւոր ընդունելութեան արժանացաւ` Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան նորընտիր մեծաւոր` Գերյարգելի Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան` Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Կաթողիկէ Հայոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, համայնքի աւագանու եւ հօտին կողմէ։
Ունկնդրէ լուրը

Աննախադէպ օր էր, Շաբաթ, 18 Նոյեմբեր 2023-ը։ Արդարեւ առաւօտ` մինչ Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ կոչնակներու ղօղանջը կը թնդացնէր ողջ գիւղի տարածքը, եկեղեցւոյ շրջափակին մէջ համախմբուած Քեսապահայութիւնը` արժանավայել կերպով կը հիւրընկալէր Զմմառէն ժամանած մեծաւոր հայր Գերյարգելի Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան եւ Սուրբ Միքայէլ ընծայարանի եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան դպրեվանքի փոխտեսուչ` Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանը, որոնք  Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Կաթողիկէ Հայոց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի, համայնքի աւագանու եւ հօտին կողմէ առաջնորդուելով եկեղեցի Գոհաբանական աղօթք բարձրացուցին Առ Աստուած, ապա ուղղուեցան եկեղեցւոյ դահլիճը, ուր Զմմառու Վանքի Մեծաւորը` տեղւոյն ժողովուրդին հետ ծանօթանալէ ետք, մտերմիկ զրոյց մը ունեցաւ` ունկնդրելով անոնց յուզող հարցերն ու գաղութին դիմագրաւած դժուարութիւնները։

Ապա Գերյ. Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան, եկեղեցւոյ ժողովրդապետը եւ Հ.Պետրոսը` այցելեցին գիւղի այն տարեցներուն տուները, որոնք անկարող են եկեղեցի յաճախելու։ Մեծաւոր հայրն ու Հ. Նարեկը օրհնելով մամիկներն ու պապիկները` Սուրբ Հաղորդութիւնը բաշխեցին անոնց։

Կիրանօրեայ Սուրբ պատարագը
Կիրանօրեայ Սուրբ պատարագը

Իսկ Կիրակի, 19 Նոյեմբեր 2023-ի,առաւօտեան ժամը 11-ին, Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան եւ Սրբոց Հրեշտակապետաց զոյգ տօներուն առիթով` Սուրբ Միքայել Եկեղեցիէն ներս պատարագը մատոյց եւ քարոզեց` Զմմառու Միաբանութեան Պատրիարքական Փոխանորդ եւ Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր` Գերյ. Գէորգ Թ.Ծ. Վ. Նորատունկեանը, առընթերակայութեամբ` եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանի եւ փոխտեսուչ Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի։

Մեծաւոր հայրը իր քարոզին մէջ յուզմունքով անդրադարձաւ տեղւոյն հայութեան դիմագրաւած բազում-բազմապիսի տառապանքներուն, որոնք անոնք ապրեցան Սուրիոյ տագնապի օրերուն։

Մեծաւորը իր զօրակցութիւնը յայտնեց ու քաջալերական եւ խրախուսական խօսքեր շռայլելով` յորդորեց ներկաներուն` չընկրկիլ եւ անկոտրուն կամքով ու հայավայել կորովով յաղթահարել բոլոր դժուարութիւնները, որոնք ցցուած են եւ կը ծառանան Քեսապահայութեան դիմաց։

Այնուհետեւ Ան հաւատացեալները հրաւիրեց` կառչած եւ փարած մնալու իրենց պապենական հողին` Քեսապին,որ Կիլիկիան Հայաստանէն մնացած միակ տարածքն է, զոր Կարդինալ Գրիգոր-Պետրոս ԺԵ Աղաճանեանի ջանքերուն եւ միջամտութեան շնորհիւ կցուեցաւ ասպնջական Սուրիոյ տարածքին։

Մեծաւորը` մեծապէս գնահատեց եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր.Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեանը, որ իր անձնուրաց նուիրումով` նեցուկ եւ քաջալեր հանդիսացաւ Քեսապահայութեան, իրենց հետ ապրելով եւ կրելով միեւնոյն տառապանքներն ու դժուարութիւնները` պարզ այն պատճառով, որ պատմութենէն մեզի ժառանգուած հայկական այս տարածքը հայաթափումի չենթարկուի իր տեղաբնիկներէն եւ չամայանայ։

Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը
Կիրակնօրեայ Սուրբ Պատարագը

Մեծաւորը իր քարոզը եզրափակեց շնորհաւորելով եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տօնը։

Հոգեպարար արարողութենէ ետքը եկեղեցւոյ ժողովրդապետ` Գեր. Հ. Նարեկ վրդ. Լուիսեան,Մեծաւոր հօր անդրանիկ այցի եւ Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Մեծաւոր ընտրուելու ուրախ առթիւ, եկեղեցւոյ ժողովրդապետութեան անունով շնորհաւորեց եւ ժանեակագործութեամբ հիւսուած «Տէրունական աղօթք»ը նուիրեց` ի յիշատակ սոյն բարեբաստիկ օրուան։

Ապա, նշուեցաւ տասնըմէկ զոյգերու ամուսնութեան տարեդարձերը, որոնք պսակուած են Սուրբ Միքայէլ եկեղեցւոյ կամարներուն ներքոյ` զանազան թուականներու ընթացքին, սկսած տասնամեայ տարեդարձէն, հասնելով յիսունամեայ յոբելեաններու։

Զոյգերուն նուիրուեցաւ Աստուածաշունչ, որպէս օրհնութիւն` Աստուծոյ խօսքը իրենց բնակարաններուն մէջ։ Այնուհետեւ բոլոր ներկաները եկեղեցւոյ Աղաճանեան դահլիճին մէջ` իրենց շնորհաւորանքներն ու բարեմաղթանքները յայտնեցին նորընտիր մեծաւոր հօր, ուր տեղի ունեցաւ կոկիկ հիւրասիրութիւն։

Քեսապի Սուրբ Միքայէլ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին
Քեսապի Սուրբ Միքայէլ հայ կաթողիկէ Եկեղեցին

Հիւրերու շարքին էին` Սուրբ Աստուածածին եկեղեցւոյ թաղականութիւնը, գլխաւորութեամբ` Հոգեշնորհ Հ. Անդրանիկ Վրդ. Քիւրիւմեանի, Հայ Աւետարանական եկեղեցւոյ ժողովական անդամները, գլխաւորութեամբ` պատուելի Շանթ Ակիշեանի, կուսակցապետեր, Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան ներկայացուցիչները, թաղապետը, քաղաքապետը, ՍՕԽ-ի տիկնանց միութիւնը, այլ միութիւններու եւ կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներն ու Հայ Կաթողիկէ վարժարանի` ուսուցչակազմը։

Օրը իր լրումին հասաւ յիշատակ լուսանկարով, որ անմահացուց պատմական այս այցը։

Աղբիւրը Քեսապի Սուրբ Միքայէլ Հայ Կաթողիկէ ժողովրդապետութիւն

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

20/11/2023, 08:23