Որոնել

2023.09.26 cardinale Matteo Zuppi e dell'apertura della sessione autunnale del Consiglio Permanente della Cei.

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հնագոյն քրիստոնէական ներկայութիւնը անհետանալու վտանգի տակ է․ Կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփի

Ասսիզի քաղաքի մէջ կայացած իտալացի եպիսկոպոսներու արտակարգ նստաշրջանի ընթացքին Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի Նախագահը խօսած է խաղաղութեան մասին, «որ չէ կարող երաշխաւորուիլ զէնքով»՝ անդրադառնալով աշխարհի մէջ ընթացող տարբեր պատերազմական իրավիճակներուն, ի մասնաւորի Լեռնային Ղարաբաղի, Ուքրանիայի, Իսրայէլ-Պաղեստին համատեքստներէն ներս
Ունկնդրէ լուրը

Մարիամ Երեմեան - Վատիկան

«Խաղաղութիւնը կը պահանջէ բոլորին ներդրումը: Անհրաժեշտ է ունենալ մեծ համառութիւն եւ համոզմունք առ այն, որ ճակատագիրը խաղաղութիւնն է, ոչ թէ պատերազմը կամ անարդարութիւնը»: Այս մասին յայտարարեց Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոս եւ Իտալիոյ եպիսկոպոսաց համահաւաք դասի (CEI) նախագահ կարդինալ Մաթթէօ Ծուփփին ՝ իտալացի եպիսկոպոսներու 78րդ արտահերթ Ընդհանուր Ժողովի բացումի ընթացքին, որ մեկնարկեց երեկ՝ 13 Նոյեմբերին Ասսիզի քաղաքին մէջ եւ պիտի աւարտի առաջիկայ հինգշաբթի՝ 16 Նոյեմբերին:

Խաղաղութիւնը՝ «խնդիրներու խնդիր».

Կարդինալն իր ելոյթի սկիզբը յիշեց բոլոր պատուաւոր դարձած եւ վերջին տարուայ ընթացքին մահացած եպիսկոպոսները։ Ան ապա անցաւ բուն նիւթին՝ պատերազմներուն կամ «մաս մաս Երրորդ համաշխարհային պատերազմին» որուն յաճախ կ’անդրադառնայ Ֆրանչիսկոս Պապը։ Դա յոռետեսութիւն չէ, «այլ իրատեսութիւն եւ պատասխանատուութիւն է»։ Խաղաղութիւնը «խնդիրներու խնդիրն է, ըսաւ CEIի նախագահը շարունակելով թէ՝ այն չէ կարող գոյութիւն ունենալ առանց անվտանգութեան, որ սակայն «կարելի չէ երաշխաւորել միայն զէնքով»։ Ուստի, ըստ Անոր, քաղաքականութեան խնդիրը պէտք է ըլլայ «հակամարտութիւններու կարգաւորման ընդհանուր եւ վեր ազգային գործիքներու մասին մտածելը»:

Կարդինալ Ծուփփին ապա կանգ առաւ աշխարհի մէջ ընթացող տարբեր հակամարտութիւններուն, մասնաւորապէս Ուքրանիոյ պատերազմին, Լեռնային Ղարաբաղի ներկայ իրավիճակին, ՀԱՄԱՍի ահաբեկչութեան եւ Իսրայէլի չարդարացուող բռնութեան։

Ուքրանիոյ մէջ բառերը համատեղել մարդասիրական գործողութիւններու հետ

Գործողութիւնը պէտք է զուգակցուի խօսքերու հետ, այնպէս ինչպէս ըրաւ Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը, երբ խօսելով խաղաղութեան եւ մարդասիրական նպատակներու մասին իր ներկայացուցիչը ուղարկեց Քիեւ: Որպէս Քահանայապետին ներկայացուցիչ «ես հնարաւորութիւնն ունեցայ խօսիլ կառավարիչներու հետ, այցելել ողբերգական վայրեր, աղօթել խաղաղութեան համար ուքրանացի եւ ռուս հաւատացեալներու համար նշանակալից սրբավայրերու մէջ», յիշեցուց CEIի Նախագահը, ընդգծելով խաղաղութեան նպատակով իր այցերը նաեւ Միացեալ Նահանգներ եւ Չինաստան։

Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վտանգուած է փոքր քրիստոնէական աշխարհի գոյութիւնը

Պոլոնիայի Արքեպիսկոպոսի միտքը ապա կանգ առաւ Լեռնային Ղարաբաղին վրայ։ 2023 թուականի սեպտեմբերին «Լեռնային Ղարաբաղի հայկական անկլավը գրաւուեցաւ ատրպէյճանական զօրքերու կողմէ» եւ պատճառ դարձաւ «այդ հողէն հայերու ողբերգական արտագաղթին, ուր վառ են անցեալ դարուն կրած ցաւերու յիշողութիւնը»։ «Այդքան հինաւուրց փոքրիկ քրիստոնէական աշխարհը կը վերջանայ», յարեց Կարդինալ Ծուփփին եւ ընդգծեց. «Մենք անտարբեր չենք ու կը զգանք տառապանքի վէրքը եւ բանակցային լուծումի ձախողումը»:

Նշենք թէ CEIի Նախագահը «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մտահոգիչ բռնութիւններուն» անդրադարձած էր նաեւ ընթացիկ տարուայ սեպտեմբերի վերջին՝ Եպիսկոպոսաց մշտական ​​խորհուրդի աշնանային նստաշրջանի բացումի ատեն իր ելոյթի մէջ։

Սուրբ Երկիրի մէջ ատելութիւնը չ’արդարացներ անմեղներու նկատմամբ բռնութիւնը

7 Հոկտեմբերին ՀԱՄԱՍի դաժան ահաբեկչութիւնը «ցաւալիօրէն եւ ստոր կերպով հարուածեց Իսրայէլը՝ պատճառելով բազմաթիւ անմեղ մահեր», շարունակեց այնուհետեւ Կարդինալը, կոչ ընելով, որպէսզի ահաբեկիչներու ձեռքին մէջ գտնուող պատանդները վերադարձուին իրենց ընտանիքներուն։

Ան միաժամանակ շեշտեց, որ Իսրայէլի ժողովուրդին ցնցած յարձակումը հանգեցուց Կազայի հատուածի վրայ ՀԱՄԱՍի դէմ ռազմական արձագանքին, որուն պատճառաւ «պաղեստինցի ժողովուրդի մեծ մասը դարձաւ փախստական եւ յառաջացուց հազարաւոր անմեղ զոհեր, որոնցմէ շատերը մանուկներ»:

CEIի Նախագահը ի վերջոյ հաստատեց թէ՝ պատերազմի մէջ «արցունքները բոլորն ալ նոյնն են» եւ, որ «ատելութիւնը երբեք պէտք չէ արդարացնէ բռնութիւնը անմեղներու նկատմամբ»։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

14/11/2023, 11:18