Որոնել

Հատորի կողքը Հատորի կողքը 

Իտալերէն լեզուով նոր հատոր նուիրուած Կարդինալ Աղաճանեանին

«Եկեղեցի եւ առաքելութիւն անզանազանելի են» վերնագիրով հատորը ձօնուած է այն ծիրանաւորին որ աշխատեցաւ պատրաստելու համար Վատիկանեան Տիեզերական Բ ժողովը եւ 1960 թուականին նշանակուեցաւ Հաւատքի Տարածման ժողովի Վարիչ։ «Աստուած գիտէ չարին զօրութիւնը հակակշռել բարիին կշիռքով», ըսած է ծիրանաւորը։

Վազգէն Աբարդեան- Անքա Մարթինաս - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Լատերանի Սուրբ Յովհաննէս տաճարին մէջ, Աստուծոյ ծառայ Գրիգոր Աղաճանեանի երանացման եւ սրբադասման դատին վերաբերեալ թեմական քննութեան բացման արարողութենէն ճիշտ մէկ տարի յետոյ, 2023ի հոկտեմբեր 28ին լոյս տեսաւ «Եկեղեցի եւ Առաքելութիւն անզանազանելի են» վերնագիրով Ալեսանտրա Սքոթթոյի ստորագրութիւնը կրող հատորը որուն յառաջաբանը ստորագրած է Կարդինալ Ֆերնանտօ Ֆիլոնին իսկ վերջաբանը Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Կաթողիկոս Պատրիարք Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեանը։

Վատիկանի Տիեզերական Բ ժողովին առաջատար գործիչ, կարդինալ Աղաճանեանը (1895-1971) եղած է ժողովի այն վարիչներէն մէկը, զոր ընտրուած է Պօղոս Զ Պապին կողմէ, եւ անորմէ առաջ Յովհաննէս ԻԳ-ի կողմէ՝ Վատիկանեան Տիեզերական Բ Ժողովը ձեւաւորելու եւ աշխատանքները պատրաստելու համար, մասնաւորաբար միսիոնարական գործունէութեան ուղղութեամբ, հաշուի առնելով անոր մեծ դերը` 1960էն 1970 տարիներուն, որպէս հաւատոյ տարածման Ժողովի վարիչ։

Քրիստոսի հանդէպ բուռն սէր ունեցող, այս առաքեալին միսիոնարական գործունէութեան առնչուող լուսանկարներով, մտորումներով եւ վկայութիւններով լի հատորը ընթերցողին կը ներկայացնէ հոգիներու հոգեւոր հովիւի օրինակը, որ թոյլ տուաւ իր կեանքը սպառել Աւետարանի Սիրոյ հուրով, Քրիստոսի եւ մերձաւորին համար։

Հատորը ոչ միայն թանկարժէք փաստաթուղթերու հաւաքածոյ է, որ յիշողութեան մէջ կը վերականգնէ հովիւի մը մարդկային, հոգեւոր եւ միսիոներական դիմագիծը, որ ապրեցաւ ու ծառայեց հարազատ սրբութեան հոգիով, այլ նաեւ կը սատարէ հասկնալու համար աշխարհին մէջ աստուածային միջամտութիւնը, ինչպէս նոյնինքն Կարդինալը ըսած է , «Աստուած գիտէ չարի զօրութիւնը բարիի կշիռքով հակակշռել»։

Կարդինալ Աղաճանեան հասկցաւ, որ 1915ի Մեծ Եղեռնէն յետոյ, մոլորուած ժողովուրդը վերամիաւորելու համար անհրաժեշտ էր կառուցել եկեղեցիներ, վանքեր, որոնց շուրջ համախմբել տեղահանուած հայերը։

Նոյն Հոգիով է` որ Տանն Կիլիկիոյ Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Կաթողիկոս պատրիարք` Գերերջանիկ Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ Մինասեան այսօր կոչ կ՛ուղղէ պաշտպանելու Միջին Արեւելքի եւ Կովկասի տարածաշրջանէն ներս հայկական վանքերն ու աղօթատեղիները պահանջելով, որ անոնք յարգուին ու պաշտպանուին։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

12/12/2023, 11:09