Որոնել

Ռաֆայէլ  Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Քահանայական Ձեռնադրութեան ոսկեայ Ծ. ամեակը Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Քահանայական Ձեռնադրութեան ոսկեայ Ծ. ամեակը 

Ռաֆայէլ Պետրոս ԻԱ. Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկէ Հայոց Կաթողիկոս Պատրիարքին Քահանայական Ձեռնադրութեան ոսկեայ Ծ. ամեակը մեծ շուքով տօնակատարեցինք։

Ս. Պատարագի շարականներու երգեցողութիւնը կատարելագործեց Պատրիարքական միացեալ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գեր. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի։ Իսկ Ս. Խորանի ծառայութիւնը կատարեցին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու նորընծաները, արարողապետութեամբ` Գեր. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի:

Կիրակի, 10 Դեկտեմբեր 2023-ի, առաւօտեան ժամը 11-ին, Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ-Ս. Եղիա Աթոռանիստ եկեղեցւոյ մէջ, Ս. եւ անմահ Պատարագ մատուցեց Նորին Ամենապատուութիւնը, առընթերակայութեամբ Զմմառու Դպրեվանքի Փոխ տեսուչ` Գեր. Պետրոս Վրդ. Մարաշլեանի եւ Ս. Խաչ եկեղեցւոյ փոխ ժողովրդապետ` Գեր. Կարապետ Վրդ. Գըլնճեանի:

Ս. Պատարագի շարականներու երգեցողութիւնը կատարելագործեց Պատրիարքական միացեալ երգչախումբը, ղեկավարութեամբ` Գեր. Արամ Վրդ. Աբրահամեանի։ Իսկ Ս. Խորանի ծառայութիւնը կատարեցին Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Ս. Միքայէլ եւ Երանելի Իգնատիոս Մալոյեան Դպրեվանքի ժառանգաւորներն ու նորընծաները, արարողապետութեամբ` Գեր. Սահակ Վրդ. Քէշիշեանի:

Օրուան պատգամը փոխանցեց Պէյրութի Թեմին Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդը` Գերպծռ. Գաբրիէլ Թ.Ծ.Վ. Մուրատեան:

Ս. Զոհի աւարտին, Զմմառու Պատրիարքական Կղերի Միաբանութեան Փոխանորդն ու Վանքի Մեծաւոր` Գերպծռ. Գէորգ Թ.Ծ.Վ. Նորատունկեան ամփոփ կերպով դրուատեց Կաթողիկոս Պատրիարք Հօր առաքինութիւնները։ Սրտի խօսքին յաջորդեց գեղարուեստական հակիրճ յայտագիր մը։ Աւարտին, Գերպծռ. Մուրատեանը համայնքի կղերական դասին անունով, ոսկեայ Պանակէ նուիրեց Նուիրապետութեանս Պետին:

Այնուհետեւ, ամենապատիւ եւ գերերջանիկ Հոգեւոր Տէրը, հայերէն եւ արաբերէն լեզուներով պատգամ մը ուղղեց։ Իր պատգամին մէջ, Հոգեւոր Տէրը կեդրոնացաւ ծառայութեան իմաստին վրայ։ Ան ընդհանուր գիծերով պարզեց անցնող 50 տարիներուն, թէ ինչպէս միշտ փորձած է Քրիստոսի վարդապետութեան հաւատարիմ ըլլալ իր ծառայական կեանքին մէջ։ Իր պատգամին աւարտին, Հոգեւոր Տէրը ներկաներուն վստահեցուց, որ վերանորոգ հաւատքով, եւ ամենայն հաւատարմութեամբ պիտի շարունակէ իր համեստ ծառայութիւնը բերել ի սպաս Հայ եկեղեցւոյ եւ հայ Կաթողիկէ վերելքի ու բարօրութեան համար։

Աւարտին, ներկաները իրենց շնորհաւորութիւնները յայտնեցին հայրապետին:

Ի սրտէ կը շնորհաւորենք մեր սիրելի Հայրապետին քահանայական ձեռնադրութեան 50-ամեակը, անոր մաղթելով` արեւշատութիւն, առողջութիւն եւ երկար կեանք։

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

13/12/2023, 07:49