Եկեղեցական գիտելիքներ Գ. Շաբաթ Յիսնակաց (3_10 Դեկտեմբեր 2023)
Յիսնակաց Երրորդ շաբաթը կը սկսինք ապաշխարութեան գաղափարով.
Արդարեւ կիրակի 3 Դեկտեմբերի աւետարանին մէջ` Յիսուս կը պահանջէ ապաշխարանքը բոլոր մարդոցմէ անխտիր, եւ կը յայտնէ նոյնիսկ սոսկալի հետեւանքը անոր որ չ՛ապաշխարեր.
«Եթէ չապաշխարէք, ամէնքդ ալ պիտի կորսուիք»։ Քրիստոսի խօսքերը ծանր կը թուին մեզի, սակայն կը յայտնեն իրականութիւն մը որ կապուած է անքակտելիօրէն աւետարանի քարոզութեան եւ Աստուծոյ արքայութեան հռչակումին աշխարհի վրայ։ Ապաշխարութիւնը առաջին հանգրուանն է մարդկային մասնակցութեանը Աստուծոյ հաստատելիք արքայութեան։ Ան ոչ միայն նախապայման է երկինք մուտքին այլ` ամենօրեայ մեր կեանքին ընկերացող ջանքն ու պարտականութիւնն է որ կ՛ընդելուզուի մեր վերելքին դէպի առաքինութեան կեանքը։
Երկուշաբթի 4 Դեկտեմբերին կը տօնենք երկու նահատակներ, մին՝ Իտալիայէն Սուրբ Գենարիոսը կղերական մը, իսկ միւսը` Փոքր Ասիայէն Սուրբ Մերկիւրիոսը որ զինուորական մըն էր։
- Սուրբ Գենարիոս Իտալիոյ Պենեվենթօ քաղաքի եպիսկոպոսն էր, որ քաջութեամբ դիմադրեց չարչարանքներուն եւ նահատակուեցաւ Դիոկղետիանոսի օրով. Իր արիւնը կը պահպանուի այժմ սրուակի մը մէջ, Իտալիոյ Նափօլի քաղաքը, որուն պաշպան սուրբն է, Սան Ճեննարօ անունով. Կ՛ըսուի թէ տարին անգամ մը, իր տօնին օրը, արիւնը կը սկսի եռալ։
- Սուրբ Մերկիւրիոս Հռովմէական բանակին մէջ ծառայող զօրավար մըն էր որ երթալով աստիճանի բարձրացում ունեցաւ, շնորհիւ իր քաջագոծութիւններուն. Սակայն իր ընկերակիցները, նախանձելով իր դիրքին, կայսրին մատնեցին զինք որպէս քրիստոնեայ. Շատ մը չարչարանքներէ ետք` գլխատուեցաւ Կեսարիոյ մէջ։
Երեքշաբթի 5 Դեկտեմբերին` կը տօնենք երկու աշխարհական վկաներ՝ Սուրբ Յակովիկ եւ Սուրբ Իրաւափառ.
- Սուրբ Յակովիկ. Քրիստոնեայ մըն էր որ պարսկական արքունիքին մէջ կը ծառայէր, եւ հաճելի դառնալու համար թագաւորին` ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Ասոր վրայ իր կինն ու զաւակները խոր սուգի մատնուեցան եւ սպառնացին ուրանալ զինք, որ ուրացած էր քրիստոնէութիւնը. Յակովիկ զղջաց եւ ապաշխարեց, յայտնելով թէ ինք կը վերադառնայ դէպի քրիստոնէութիւն. Այդ պատճառով ալ անդամահատ եղաւ եւ նահատակուեցաւ սոսկալի չարչարանքներու մէջ։
- Սուրբ Իրաւափառ, կամ Թեմիսթոքլէս, սուրբ հովիւ մըն էր որ մեժեց յայտնել թաքստոցը լեռներու մէջ ապաւինած քրիստոնեաներու. Այդ պատճառաւ` 253 թուին, ան նահատակուեցաւ։
Հինգշաբթի 7 Դեկտեմբերին տօնն է Եգիպտոսի Ս. Հայրեր՝ Պօղոսի, Պողիի, Մակարի, Եւագրի, Յովհաննէս Գբեզւոյ, Յովհաննէս Կարճահասակի, Նեղոսի, Արսէնի, Սիսիանի, Դանիէլի, Սրապիոնի, Մակարիոսի, Պիմէնի եւ այլ Սուրբ Հայրերուն...
Ուրբաթ 8 Դեկտեմբերին, լատին եկեղեցին կը յիշատակէ Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան տօնը։
Շաբաթ 9 Դեկտեմբերին Հայ տօնացոյցի համաձայն՝ տօնն է Սուրբ Կոյս Մարիամ Աստուածածնի Անարատ Յղութեան . Նոյն օրը տօնն է նաեւ Անարատ Յղութեան Հայ Քոյրերու Միաբանութեան։
Կիրակի 10 Դեկտեմբերը՝ Յիսնակաց Դ. Կիրակին է:
Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ