Որոնել

2022.12.15 Nativita, Gesu, Betlemme, Maria

Երբ Աստուածորդին Կը Խոնարհի Երկինքէն... Գերյ. Գէորգ վրդ. Զապարեանի մտորումներէն

Աստուծոյ մարդացումն է Բեթղեհէմի մէջ ծնող մանուկը. այն հրաշալի դէպքը, որ հանգամանօրէն պատմուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ, ուր նախ կը տեսնենք, թէ ինչպէս երկինքի հրեշտակները հովիւներուն կ'աւետեն. «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի համար Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2, 11). աւետիս, որ հետագային իր ընդգրկուն լրումը պիտի զգենու Յովհաննէս Աւետարանիչի յունահրէական ու իմաստասիրական հետեւեալ մեկնութեամբ. «Բանը (Յիսուս) Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր...Ան մարդ եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ....
Ունկնդրէ խորհրդածութիւնը

«Այսօր Հօր անպարագրելի Բանը՝ ամէնուն Տէրը, Անբաններուն մսուրին մէջ կը բազմի» (Կանոն Աստուածայայտնութեան 5-րդ օր):

Ա'յս է շարականը յանկուցիչ, որ մաքրակենցաղ մեր Հայրերը երգեցին ու թողուցին իբրեւ հրիտակ բոլոր աշխարհին՝ «ի մարդիկ հաճութիւն» (Ղուկաս 1, 14):

Հետեւաբար, Յիսուս ասուպ մը չէ, որուն վար իյնալը երկինքէն աննշմար անցած ըլլայ: Ընդհակառակը, մեզմէ իւրաքանչիւրի նման, Ան մտաւ իր պատմութեամբ հպարտ ժողովուրդի մը կեանքին մէջ. եկաւ մանուկի մը հանգունակ, ինչպէս շատոնց մարգարէները գրած էին, որով՝ վաղուց սպասուած:

Աստուծոյ մարդացումն է Բեթղեհէմի մէջ ծնող մանուկը. այն հրաշալի դէպքը, որ հանգամանօրէն պատմուած է Ղուկասի Աւետարանին մէջ, ուր նախ կը տեսնենք, թէ ինչպէս երկինքի հրեշտակները հովիւներուն կ'աւետեն. «Այսօր, Դաւիթի քաղաքին մէջ ձեզի համար Փրկիչ մը ծնաւ, որ Օծեալ Տէրն է» (Ղուկաս 2, 11). աւետիս, որ հետագային իր ընդգրկուն լրումը պիտի զգենու Յովհաննէս Աւետարանիչի յունահրէական ու իմաստասիրական հետեւեալ մեկնութեամբ. «Բանը (Յիսուս) Աստուծոյ հետ էր եւ Բանը Աստուած էր...Ան մարդ եղաւ եւ բնակեցաւ մեր մէջ, եւ մենք տեսանք անոր փառքը, փառքը Միածինին, որ Հօրմէն եկաւ շնորհքով եւ ճշմարտութեամբ լեցուն» (Յովհաննէս 1,1 եւ 1-4):

Ստուգիւ, Ս. Կոյս Մարիամի ծոցէն ծնած այդ Մանուկի անձին մէջ Աստուած է, որ կը մարդեղանայ:

Ա'յս է, նաեւ, հայ հոգեւորականութեան երկնած շարականներուն արտայայտած հաւատքը. «Այսօր Քրիստոս (Օծեալը) Բեթղեհէմի քարայրին մէջ ծնաւ եւ երկինքի հրեշտակները սոսկումով զարմացած էին, որովհետեւ Աստուած Բանը մարմնով ծնած տեսան»:

Եկէ'ք, մենք ալ, լիացած այդ նոյն հաւատքով եւ ցնծութեան զգացումներով ընդունինք Ս. Ծննդեան աւետիսը, որ մեր սահմանափակ բանականութեան համար մնալով հանդերձ «Խորհուրդ Մեծ»՝ կ'աւետէ աշխարհին. «Այսօր Աստուծոյ Որդին՝ Քրիստոս՝ քարայրին մէջ դրուեցաւ, եւ հրեղէններու բազմութիւններ երկինքէն երկիր իջան»:

Բեթղեհէմի պատկերը երկու նկատառումներ կը թելադրէ մեզի.

1-Մանկացեալ Աստուածորդին, որուն Ծննդեան տարեդարձը կը նշենք, անցեալի պատկանող անձնաւորութիւն մը չէ', ո'չ առասպել եւ ոչ ալ՝ յիշատակ մը վաղեմի. այլ՝ այդ Մանուկը «Էմմանուէլ» կը կոչուի, որ կը նշանակէ «Աստուած մեզի հետ»:

2-Տիրոջ Ս. Ծնունդը կարելի չէ պատմուճանել լոկ պարզ տօնակարութեամբ...այսինքն՝

- Սարքելով խնջոյքներ,

- Զարդարելով փողոցներն ու տուները գունագեղ եւ պլպլացող լոյսերով,

- Ու փոխանակելով սրտալի շնորհաւորութիւններ ու նուէրներ:

Ճշմարիտ ու իրական Ծնունդը պէտք է մնայ ա'յն աննախընթաց Դէպքը, որ մարդկութեան առջեւ բացաւ փրկութեան դռները ընդարձակ:

Այդ Օրը, Քրիստոս իսկապէս աշխարհ եկաւ՝ մեզ մեղաւորներս փրկելու համար:

Ս. Գիրքը կը պատգամէ. «Ով որ Անոր (Յիսուսի) հաւատայ ամօթով պիտի չմնայ» (Հռոմայեցիներ 10,11):

Նշեալ «Ով որ» խօսքերը ե'ս եմ, դո'ւք էք, մեզմէ իւրաքանչիւրն է:

Ուստի,

1-Անսանք Եկեղեցւոյ կողմէ Առաքեալներու բերնով մեզի ուղղուած կոչին. «Ապաշխարեցէ'ք եւ Աստուծոյ դարձէ'ք, որպէսզի Ան ձեր մեղքերը ջնջէ եւ առիթ տայ, որ վերանորոգուիք Յիսուս Քրիստոսով» (Առաքեալներու Գործեր 3, 19).

2-Ձայնակցինք նաեւ մեր շարականագիրին. «Օրհնենք Հօրմէն ղրկուածը, որ մեզի համար խանձարուրով փաթթուեցաւ եւ մեզ Ադամին անէծքէն ազատեց».

3-Ու Ս. Ներսէս Շնորհալի Հայրապետին նման մեր աղօթքը բարձրացնենք.

«Որդի՜ Աստուծոյ, Աստուա՜ծ ճշմարիտ,

Որ խոնարհեցար հայրական ծոցէն

Ու մարմին առիր Սուրբ Կոյս Մարիամէն՝

Մեր փրկութեան համար,

Յիշէ' զիս ալ...

Երբ գալու ըլլաս քու արքայութեամբդ» (Հաւատով խոստովանիմ):

 

Քրիստոս Ծնաւ եւ Յայտնեցաւ

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

24/12/2023, 07:24