Որոնել

Սուրբ Երկրի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը Սուրբ Երկրի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը 

Սուրբ Երկրի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը. «Ծնունդ է թող վերջ գտնեն բռնութիւնները»

Յիսուսի Ծնունդի տօնին առիթով հրապարակած սուրբ Երկրի եկեղեցապետերը պատգամի մը մէջ նշեցին, թէ Քրիստոսի Ծնունդը աստուածային յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամ մըն է՝ տառապանքին մէջ անոնք ապա դատապարտեցին պատերազմներու պատճառաւ տեղի ունեցող բոլոր բռնութիւնները ու տառապանքները ու հրաւիրեցին աշխատելու արդար եւ յարատեւ խաղաղութեան ի սպաս։

Վազգէն Աբարդեան - Վատիկան

Ունկնդրէ լուրը

Յիսուսի Ծննդեան տօնին առիթով, Սուրբ Երկրի պատրիարքներն ու եկեղեցապետերը հրապարակեցին պատգամ մը, որուն սկիզբը մէջբերեցին Եսայի մարգարէի գիրքէն քաղուած հատուած մը, «Մեզի համար ծնաւ մանուկ մը, մեզի տրուեցաւ որդի մը, պետութիւնը պիտի կանգնի անոր կողքին եւ Անոր անունը պիտի ըլլայ «Հրաշալի խորհրդատու, Ամենակալ Աստուած, Յաւիտենական Հայր, խաղաղութեան Իշխան»։

Եկեղեցապետերը ապա պատգամին մէջ Յիսուսի Սուրբ Ծննդեան շնորհաւորութիւնները փոխանցեցին աշխարհի բոլոր հաւատացեալներուն, Յիսուսի Քրիստոսի, խաղաղութեան իշխանին անունով, որ Ծնաւ Բեթղեհէմի մէջ աւելի քան 2000 տարի առաջ» գրուած է ուղերձին մէջ։

Շնորհաւորութիւններուն կողքին եկեղեցապետերը նշած են թէ իրենք գիտակից են թէ այդ շնորհաւորութիւնները կը փոխանցեն Տիրոջ երկրի մէջ տեղի ունեցող մեծ աղէտի ժամանակաշրջանին, որ վերջին երկու ամիսներուն, պատերազմներու բռնութիւնը պատճառ դարձաւ աներեւակայելի տառապանքներուն միլիոնաւոր անձերու։

Պատգամին մէջ Սուրբ Երկրի պատրիարքները նշեցին, թէ առաջին Սուրբ Ծնունդի ժամանակաշրջանի իրավիճակը այսօրուընէ տարբերէ չէր։ Սուրբ Կոյս Մարիամն ու Սուրբ Յովսէփը ունեցան միեւնոյն դժուարութիւնները գտնելու համար տեղ մը իրենց Որդիին ծնունդին համար։ Սուրբ ընտանիքը գաղթի ճամբան բռնեց «դուրսը ոչ մէկ առիթ կար տօնախմբելու, եթէ ոչ միայն Յիսուսի Սուրբ Ծնունդը» նշած են պատգամին մէջ եկեղեցապետերը աւելցնելով, որ Քրիստոսի մարդկայնացումով, Ամենակալը մեր մօտ եկաւ, որպէս Էմմանուէլ, «Աստուած մեր հետ», մեզ փրկելու եւ փոխակերպելու համար ու այս ձեւով իրականացաւ Եսայի մարգարէին խօսքը, «Տէրը զիս օծեց, բարի լուրը տանելու համար ընկճուածներուն»։ «Սա է աստուածային յոյսի եւ խաղաղութեան պատգամը որ Քրիստոսի ծնունդը մեզ կը ներշնչէ, նաեւ տառապանքին մէջ», նշած եպ Սուրբ Երկրի եկեղեցապետերը իրենց պատգամին մէջ ։

Եկեղեցապետերըը պատգամը աւարտած են դատապարտելով տեղի ունեցող բռնութիւնները խնդրելով, որ վերջ գտնեն բոլոր հակամարտութիւնները, հրաւիրելով որոնել Աստուծոյ շնորհքը՝ սորվելու եւ քալելու համար մէկը միւսին հետ՝ միեւնոյն արդարութեան, ողորմութեան եւ խաղաղութեան ուղիներուն վրայ։

Եկեղեցապետերը Հրաւիրեցին բոլոր հաւատացեալները եւ բարի կամք ունեցող անձերը անխոնջ օրէն աշխատելու տառապեալներու հանգստութեան եւ մշտական եւ արդար խաղաղութեան համար այս երկրին մէջ, որ նոյնքան սուրբ է երեք միաստուածեան կրօններուն համար։
 

Շնորհակալութիւն յօդուածը ընթերցելուն համար։ Եթէ կը փափաքիս թարմ լուրեր ստանալ կը հրաւիրենք բաժանորդագրուիլ մեր լրաթերթին` սեղմելով այստեղ

23/12/2023, 07:30